Հրաչեայ Սեդրակեան
Հրաչեայ Սեդրակեան | |
---|---|
Ծնած է | 1916 |
Ծննդավայր | Եոզկաթ, Թուրքիա |
Մահացած է | 1997 |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Հրաչեայ Սեդրակեան (1916, Եոզկաթ, Թուրքիա - 1997, Պէյրութ, Լիբանան), հայ ազգային-հասարակական գործիչ, յօդուածագիր։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Եոզկաթ: Հայրը՝ Խոսրով էֆէնտին, եղած է Օսմանեան բանակի սպայ, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի օրերուն հաստատուած է Լիբանան, մինչ ընտանիքը մնացած է Եոզղատ:
Երկու տարեկանին Սեդրակեան համաճարակի հետեւանքով կորսնցուցած է իր մայրը եւ մեծցած է մեծ մօր գուրգուրանքին տակ: 1926 թուականին ընտանօեք վերջնականապէս փոխադրուած են Լիբանան: Պէյրութի մէջ ուսումը ստացած է ժեզուիթներու Սեն Կրեկուար ճեմարանէն, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Սեն Ժոզէֆ համալսարանէն, մասնագիտանալով իրաւաբանութեան ճիւղին մէջ, զոր պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտած է 1941 թուականին, վկայուելով իբրեւ փաստաբան:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սեդրակեան կանուխ տարիքէն նետուած է ազգային-հասարակական կեանքին մէջ եւ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Ան կարեւոր դեր ունեցած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան հիմնադրման մէջ, որ կեանքի կոչուած է 1940-ին: 1940-1943 թուականներուն վարած է միութեան ատենապետութիւնը, ատկէ ետք ալ կարեւոր պաշտօններ վարելով ՀԲԸՄ եւ ՀԵԸ կառոյցներէն ներս[1]:
Կանուխէն անդամակցած է ՌԱԿ-ին: 1946-ին գլխաւորած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի Ներգաղթի կեդրոնական կոմիտէն: Հայ մշակոյթը պահպանելու եւ տարածելու միտումով, 1947-ին եղած է հիմնադիրներէն ՌԱԿ մշակութային թեւին՝ Թէքէեան մշակութային միութեան, իսկ 1951-ին՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին, միաժամանակ ըլլալով վարժարանին արտօնատէրը:
Երկար տարիներ ատենապետած է ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, իսկ 1982-ին՝ ընտրուած ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ:
Շքանշաններ եւ կոչումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1988-ին, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Ալեք Մանուկեանի որոշումով դարձած է ՀԲԸՄ-ի պատուոյ անդամ: Նոյն տարին Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սեդրակեանը պարգեւատրած է «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով։
1991-ին հռչակուած է ՌԱԿ-ի պատուոյ նախագահ: Արժանացած է Ամենայն Հայոց Վեհափառի սրբատառ կոնդակին, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի Արժանեաց շքանշանին[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Մահուան 20-Րդ Տարելիցին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-17
- ↑ «ՀՐԱՉԵԱՅ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՐԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-17