Jump to content

Հրանդ Ալեանաք

Հրանդ Ալեանաք
Ծնած է 1880[1][2]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է Դեկտեմբեր 1938
Մահուան վայր Փարիզ[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ֆրանսա
Կրթութիւն Միմար Սինանի անվան գեղարվեստի համալսարան?
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ
Պարգեւներ Ակադեմիկական արմավենիների շքանշանի սպա?
Հրանդ Ալեանաք Ուիքիդարանում
Hrand Alyanak Ուիքիպահեստում

Հրանդ Ալեանաք (1880[1][2], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - Դեկտեմբեր 1938, Փարիզ[1][2]), 19-րդ դարու հայ գեղանկարիչ[3]։

Հրանդ Ալեանաք ծնած է 1880 թուականին, Կ. Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է քաղաքի հայկական դպրոցէն ներս, ուր եւս սկսած է նուիրուիլ նկարչութեան։ Նախակրթական դպրոցն աւարտելէ ետք կ'ընդունուի Պոլսոյ նկարչական վարժարան։ Կ'ենթադրուի, որ ան այդ վարժարանին մէջ սորված է 1893-1895 թուականներուն, որովհետեւ Սուլթան Համիտի կազմակերպած կոտորածներէն փախչելու համար, կը հեռանայ Պոլիսէն։ Ապա քանի մը տարի ապրած է Կովկաս, ետքը՝ Պուլկարիոյ մէջ։ 1896 թուականին կը հեռանայ Թուրքիայէն, կ'անցնի Պուլկարիա, ապա՝ Անդրկովկաս։ Ստեղծագործական առաջին քայլերը կատարած է Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ։

1905 թուականին կը մեկնի Փարիզ, ուսումը շարունակելու։ Սակայն բարձրագոյն կրթութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն յայտնի չէ։ Ալեանաքն աւելի շատ զբաղուած է ինքնակրթութեամբ։ Քսանհինգ տարի ապրած է Փարիզ։ Այդ ժամանակ ընդունուած է «Անկախ նկարիչներու ընկերութեան» անդամ եւ մասնակցած է ցուցահանդէսներու։ Մահացած է 1938 թուականին։

Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալեանաքի ստեղծագործութիւնները բազմաժանր են՝ բնանկար, դիմանկար, կենցաղային ժանրեր։ Ան ռիալիստական դպրոցի հետեւորդ է եւ կապուած է 19-րդ դարու եւրոպական, ռուսական ու հայկական ընդհանուր հոսանքին։ Ոճով կը նմանի աւելի շատ հայկական արուեստին՝ Հարութիւն Շամշինեանի, Գ. Գաբրիէլեանի, Խ. Տէր-Մինասեանի, Վ. Սուրէնեանի կենցաղային ժանրի ստեղծագործութիւններուն[4]։

Մեծ ազդեցութիւն ձգած են իր կեանքի անցեալի յիշողութիւնները։ Ան տրամադրութեամբ ղեկավարուող նկարիչ էր։ Անոր բնանկարները կը ներկայացնեն Պոլսոյ եւ Փարիզի շրջակայքի բնութեան տեսարանները։ Յայտնի կտաւներէն են «Կէս Գիշեր», «Լճակի Վրայ», «Ցոլքեր», «Գարնանային Ժպիտ»։ Գաղթականներուն նուիրուած ամբողջ շարք մը ունի՝ «Գաղթականներ» անունով, ինչպէս նաեւ «Փախստականները Հայաստանէն» կտաւը։

Հ. Ալեանաք գրող եղած է, միանգամայն եւ արուեստի քննադատ: Իր այս ձիրքեիը ազատութիւն տուած են իրեն օտար լրագիրներու մէջ, Ֆրանսական արուեստին ծառայելու: Իր նկարներուն մէջ միշտ դրոշմուած գեղեցիկ թռիչքով ու խորունկ եւ ապրուած կեանքով կը տիրապետեն բանաստեղծութիւնը եւ հայրենաբաղձութիւնը։ Ան աշխատակցած է նաեւ այլեւայլ հանդէսներու եւ օրաթերթերու, գրական-գեղարուեստական յօդուածներով:

Պետական պարգեւներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1925 թուականին Ֆրանսական կառավարութիւնը զինք պարգեւատրած է «Palmas Academique» արծաթէ մետալով
  • 1927 թուականին «Palmas Academique» ոսկի մետալով եւ «Հանրային կրթութեան սպայ» տիտղոսով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։