Հովը
Հովին ծագումը ուղղակիօրէն կապուած է արեւուն հետ: Արեւն է, որ կը տաքցնէ ծովերը, գետինը եւ հետեւաբար` անոնց վրայ գտնուող օդը: Այս տաք օդին հանդիպումը աւելի բարձր մակարդակներու վրայ գտնուող աւելի պաղ օդին հետ կը ստեղծէ հովը[1]:
Հովուն առաւելութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հովը մեծ առաւելութիւններ ունի: Ան անհրաժեշտ է հունտերուն, որպէսզի անոնք կարենան թռչիլ, սփռուիլ չորս կողմ, բուսնիլ եւ պտուղներ տալ:
Ան կարելիութիւնը կու տայ նաեւ ելեկտրականութիւն արտադրելու:
Սակայն նոյնպէս ան կրնայ ահարկու ըլլալ:
Պոքորի սանդղակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պոքորի սանդղակը կարելիութիւն կու տայ հովուն միջին արագութիւնը չափելու 10 վայրկեանուան վրայ: Ան 0-12 աստիճան կը պարունակէ: 0-ն կը համապատասխանէ օդի բացակայութեան (ժամական նուազ քան` 1 քմ), իսկ 12-ը մրրիկի նշան է (ժամական աւելի քան`118 քմ):
Ցամաքին վրայ արձանագրուած ամէնէն բարձր արագութիւնը ժամական 408 քմ է: Ասիկա պատահած է Օլիվիա արեւադարձային փոթորիկի ընթացքին, 10 Ապրիլ 1996-ին, Աւստրալիոյ Պարոու կղզիին վրայ: Ասիկա պզտիկ զեփիւռ մը կը սեպուի, երբ զայն բաղդատենք WASP-76b էքզօ մոլորակին վրայ նշմարուած հովերուն ժամական 18.000 քմ արագութեան (Էքզօ մոլորակ կը կոչուի , որ արեգակնային դրութենէն դուրս գտնուող մոլորակ մըն է):
Հովերու տեսակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հովերը տարբեր, գլխաւորաբար երեք խումբերու կը բաժնուին.
- տեւական հովեր,
- եղանակային հովեր,
- տեղական հովեր[2]:
Այս տարբեր հովերը կրնան ունենալ իրենց յատուկ անունը: Ինչպէս, օրինակ, Հնդկաստանի մոնսուն հովերը, որոնք կը փչեն արեւադարձային շրջաններէն դէպի հասարակաց` ամառը ովկիանոսէն, իսկ ձմեռը` ցամաքէն. այս հովերը իրենց հետ կը փոխադրեն նաեւ խոնաւ օդի ծաւալներ, մինչ Ֆրանսայի` Միջերկրականին մօտակայ շրջաններուն մէջ կը փչէ Միսթրալը, որ տեղական հով մըն է: Ուրիշ շրջաններու մէջ ան կը կոչուի Պորա: Ան շատ պաղ եւ շատ զօրաւոր հով մըն է, որուն արագութիւնը կ'անցնի ժամական 66 քմ-ը, ան կործանարար կրնայ ըլլալ:
Գարնան եւ ամրան ան շատ չոր կ'ըլլայ եւ մեծ վնաս կը հասցնէ երկրագործութեան: