Jump to content

Հայկաշէն Ուզունեան

Հայկաշէն Ուզունեան
Ծնած է 20 Հոկտեմբեր 1920(1920-10-20) (104 տարեկան)
Մասնագիտութիւն ճարտարապետ

Հայկաշէն Ուզունեան (20 Հոկտեմբեր 1920(1920-10-20)), հրապարակագիր, մշակութային-հասարակական գործիչ, հիմնադիր՝ իր անունը կրող գրական մրցանակին:

Մրցանակին Գնահատիչ Յանձնախումբը 1971 թուականի մրցանակը կը յատկացնէ Շահան Շահնուրի եւ Անթիլիասի Դպրեվանքի ուսուցչապետ Բիւզանդ Եղիայեանի, այս վերջնոյն Հայ Յարանուանութեանց Բաժանումը երկասիրութեան համար:

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ատանա։ Նախնական կրթութիւնը ստանալէ վերջ, Լաթաքիոյ մէջ, մեկնած է Կիպրոս, ուր աւարտած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վարժապետանոցը՝ 1938ին։ Տարի մը աշակերտելէ վերջ, Պէյրութի Լիսէ Ֆրանսէին ստացած է պաքալորիա Բ․ բարթին։

Ժամանակ մը ձգած է դպրոցը ու պաշտօնավարած է Հ.Բ Ը. Միութեան Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Բարձր․ Վարժարանին, ինչպէս եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ որպէս գիտութեան եւ մաթեմաթիկի ուսուցիչ։

1944-ին ներկայացած է Պէյրութի Ֆրանսական Համալսարանի Երկրաչափական Բաժնի մուտքի մրցումին եւ ընդունուած է Համալսարան: Չորս տարի հետեւած է համալսարանի դասընթացքներուն, որպէս սան Գահիրէաբնակ Ընկեր եւ Ընկերուհի է. Կականեանի․ 1947-ին աւարտած է համայսարանը։

Պէյրութի մէջ իր համախոհ ռամկավար ընկերներուն հետ, 1947 թուականին, հիմնադրած է Թէքէեան մշակութային միութիւնը:

1953 թուականին ընտանիքով` կնոջ եւ դստեր՝ Թալինի հետ տեղափոխուած է Ատիս Ապեպա[1]։

Հայկաշէն Ուզունեան սփիւռքահայ ականաւոր հասարակական-քաղաքական գործիչ եղած է, հարիւրաւոր յօդուածներու եւ շարք մը գիրքերու հեղինակ։

Շնորհիւ իր նկարագրի ազնիւ գիծերուն, իրեն վստահուած են կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ զորս վարած Է ձեռնհասութեամբ:

ԱՆ անդամ եղած է Ռ. Ա. Կուսակցութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Ներգաղթի կեդրոնական Կոմիտէին։

Պարգեւներ եւ մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արժանացած է․

  • Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի, Ս․ «Գրիգոր Լուսավորիչ» Պատուոյ շքանշանի,
  • «Ալեք Մանուկեան» պատուաւոր մրցանակի,
  • 2006 թուականկն, Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան բարձրագոյն պարգեւին՝ «Ադամանդակուռ Արարատ» (շքանշան)[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]