Հաղարջ

Հաղարջը, (Currant), կենսանիւթերով եւ ածխանիւթերով հարուստ հատապտուղ:

Տեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաղարջի զանազան տեսակներ գոյութիւն ունին` սեւը, կարմիրը եւ ճերմակը: Հաղարջը կը բուսնի Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ:

Կարմիր ու ճերմակ հաղարջը աւելի քաղցր է, քան սեւ հաղարջը, սակայն սեւը աւելի հարուստ է սննդական տարրերով: Անիկա կրկնակի անգամ կը պարունակէ կենսանիւթ Ա. եւ հինգ անգամ աւելի կենսանիւթ Սէ.: Իսկ հաղարջի բոլոր տեսակները կը պարունակեն կարգ մը հանքային աղեր, ինչպէս` կրածին, ֆոսֆոր եւ փոթասիոմ:

Հաղարջի երեք տեսակներն ալ կ'իյնան սննդարար պտուղներու ցանկին մէջ, որովհետեւ բուժիչ յատկութիւններով օժտուած են:

Բժիշկներ կը յայտնեն, որ ի մասնաւորի սեւ հաղարջը մարմինին գեղձերը կը մաքրէ, ուժ կու տայ լեարդին եւ փայծաղին, որպէսզի լաւ ձեւով գործեն: Ան նաեւ օգտակար է մարմինէն դուրս վանելու համար թոյները` քրտինքի միջոցով:

Գիտնականներ ի յայտ բերած են նաեւ, որ սեւ հաղարջը բուժիչ դեղ է փորհարութեան եւ կ'օգնէ կոկորդի եւ նշագեղձերու բորբոքումի մեղմացումին:

Կարելի է սեւ, թարմ հաղարջի հատիկները ծամել, կամ անոր տերեւները զետեղել թէյի մէջ` յօդացաւը, յօդատապը (rheumatism) եւ երիկամներու հարցերը բուժելու համար: Սեւ հաղարջը կ'օգնէ նաեւ ձերբազատելու մարմնին մէջ գտնուող աւելորդ միզային թթուէն: Ան կ'օգնէ նաեւ թեթեւցնելու կնոջ դաշտանի ցաւերը:

Իսկ կարմիր հաղարջը, որ իր մէջ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ շաքար, միզաբեր է եւ կը բուժէ մարսողական ու յօդացաւի հարցերը:

Իսկ հարբուխի, բորբոքումի եւ այլ ժահրերու ազդեցութիւնը թեթեւցնելու եւ բուժելու համար կարելի է խմել կարմիր հաղարջի հիւթը` անոր վրայ աւելցնելով նոյն քանակութեամբ ջուր: Այս հիւթը կ'օգնէ նաեւ պաշտպանելու լինտն ու ակռաները:

Հաղարջը սպառելու թելադրանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Նախընտրելի է թարմ հաղարջը սպառել իր եղանակին եւ զայն աւելցնել ուտելիքներու վրայ:
  • Հաղարջը եփելու պարագային կը կորսնցնէ իր մէջ գտնուող կենսանիւթ Սէ.-ին մեծ մասը:
  • Հաղարջի հատիկները կարելի է սպառել` զայն աւելցնելով պտուղի աղցանի, մեղրի կամ անուշեղէններու վրայ:
  • Հաղարջը կարելի է նաեւ պտուղի վրայ աւելցնելով եփել եւ ստանալ համեղ փուտինկ:
  • Հաղարջը կարելի է աւելցնել կարկանդակին կամ թարթին վրայ եւ զայն հրամցնել:
  • Կարելի է նաեւ հաղարջի անուշ պատրաստել եւ զայն ընտանիքի անդամներուն նուիրել[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]