Jump to content

Նշագեղձ

Նշագեղձերը կամ Նշիկները կը գտնուին կոկորդի երկու կողմերը եւ իրենց մէկ մասով փակած են լեզուի յետամասի ծայրամասերուն: Բնական եւ առողջ պայմաններու մէջ, նշիկները արգելք կը հանդիսանան բազմաթիւ մանրէներու մարմին ներթափանցման եւ կը պաշտպանեն զայն: Բնական պայմաններու մէջ, երբ ակռաներուն, բերանին, լինտերուն, կոկորդին, ականջներուն եւ դէմքի խոռոչներուն մէջի որոշ մանրէներ կը տարածուին զանազան ուղղութիւններով՝ նշագեղձերը կ՛արգիլեն մանրէներուն տարածումը եւ զանոնք կը պահեն իրեց աւշային հիւսկէններուն (lymphoid tissue) մէջ: Յաճախ, նշագեղձերը ի ծնէ կ՛ունենան մեծ չափեր եւ կը կոչուին համբուրող նշիկներ, որոնք շնչարգելութիւն եւ կլլելու դժուարութիւն կը պատճառեն երեխային:

Նշագեղձ

Նշագեղձերու Բորբոքում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նշագեղձերը յաճախակ տարբեր պատճառներով կը բորբոքին ձմրան ցուրտ օրերուն: Նշիկներու բորբոքումին պատճառը կրնայ ըլլալ ցպկային (bacterial) եւ կամ ժահրային (viral) եւ հազուադէպօրէն սնկային (fungal): Նշիկներու բորբոքումը երեխային կը պատճառեն հետեւեալներ անհանգստութիւնները.

  • ջերմութիւն
  • կոկորդի ցաւ
  • կլլելու դժուարութիւն
  • փսխունք
  • գլխացաւ
  • ականջացաւ
  • յոգնութիւն
  • մարմնային տկարութիւն

Բորբոքած նշիկները կ՛ըլլան կարմիր, խոշոր եւ թարախոտ: Եթէ ենթական լրջօրէն հետեւի բժիշկին թելադրանքներուն՝ ան կը վերադառնայ իր բնական վիճակին մօտ 4-5 օրերու ընթացքին:

Առողջ եւ հիւանդ նշիկներ

Նշիկներու յաճախակի բորբոքում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նշիկներու յաճախակի բորբոքումները պատճառ կը դառնան երեխայի տկարակազմութեան: Այս երեխաները յաճախակի կը բացակային իրենց դպրոցէն ու դասերէն: Նշագեղձերու բորբոքումին հետ եւ կամ անկէ ետք կրնան հետեւեալները պատահիլ. ռումաթիզմախտային ջերմութիւն, յօդացաւ, երիկամային բորբոքումներ, մորթի բորբոքումներ եւ երբեմն սրտի որոմ հիւանդութիւններ: Բորբոքումի ընթացքին, արեան որոշ քննութիւններու վրայ հիմնուելով՝ կարելի է զանազան մանրէասպան դեղերով բուժում ստանալ: Այս ձեւի դարմանութեան ձախողութեան պարագային, վիրաբուժական գործողութիւնը ստիպողական կը դառնայ:

Նշկահատում կատարելու պայմաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նշկահատում կը կատարենք եթէ՝

  • Տարուան ընթացքին նշիկները 3-4 անգամ կամ աւելի բորբոքի:
  • Նշագեղձերը ի ծնէ մեծ են եւ կամ յաճախակի բորբոքումներու պատճառով մեծցած են:
  • Նշիկներու բորբոքումին հետ եւ կամ անկէ ետք հիւանդը կը տառապի յօդացաւէ, երիկամային բորբոքումէ եւ սրտի որոշ հիւանդութիւններէ:
  • Մշիկներու բորբոքումը կը ձեւափոխուի թարախակոյտի
  • Նշիկներու բորբոքում եւ լսողական խանգարումներ տեղի կ՛ունենան:

Նշկահատումը կը կատարուի այն ժամանակ երբ հիւանդը չի տարապիր նշիկներու սուր բորբոքումներէ եւ կամ այլ տեսակի բորբոքումներէ, ջերմութենէ, արիւնահոսութենէ, թոքային հիւանդութենէ եւ կամ մանկական անդամալուծութենէ: Նշկահատում կը կատարուի որեւէ եղանակի եւ որեւէ տարիքի, սակայն յանձնարարելի չէ չորս տարեկանէն առաջ:

Նշկահատումէ ետք հոգատարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նշկահատումէ ետք, հիւանդը 2-3 օր հեղուկներով կը կերակրուի, եւ կապաքինուի 7-10 օրերու ընթացքին: Այս ժամանակամիջոցին մէչ հեւանդը կը մնայ տան մէջ եւ կը զգուշանայ կարծր ճաշեր ուտելէ:

Նշհակատումէն ետք դժուարութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թէեւ նշկահատութիւնը պարզ գործողութիւն մըն է, սակայն դժուարութիւններ կրնան պատահիլ գործողութեան ընթացքին եւ անկէ ետք:Գործողութենէն ետք կոկորդի արիւնահոսում կրնայ պատահիլ, սակայն արագօրէն կարելի է դարմանել բժշկական աչալուրջ հսկողութեան տակ:

Նշկահատումի մասին փաստեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիւանդին եւ անոր ընտանիքին պարտ է շեշտել հետեւեալ կէտերը՝

  • Նշկահատումը չի կանխեր Ռումաթիզմախտային ջերմութիւնը, այսինքն նշկահատումէն ետք հեգանդը կրնայ Ռումաթիզմախտային ջերմութիւն ունենալ սակայն աւելի նուազ հաճախականութեամբ:
  • Նշիկները ոչ մէկ կապ ունին երեխային ընդհանուր աճման հետ, սակայն ճաճախակի բորբոքումները պատճառ կը դառնան որ երեխան ախորժակը կորսնսնէ, ֆիզիքապէս տկարանայ եւ ընդհանուր մարմնային դիմադրողականութիւնը կորսնցնէ:
  • Նշագեղձերը եւ նշկահատումը ոչ մէկ կապ ունին հիւանդին սեռին ու սեռային կարողութեան հետ:
  • «Բժիշկին Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, էջ 3-7։