Jump to content

Կուսթաւ Ե.

Կուսթաւ Ե.
շուէտ.՝ Gustaf V
Ծննդեան անուն շուէտ.՝ Oscar Gustav Adolf Bernadotte
Ծնած է 16 Յունիս 1858(1858-06-16)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Դրոտտինգհոլմ, Էկերյո, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1][4]
Մահացած է 29 Հոկտեմբեր 1950(1950-10-29)[1][2][3][…] (92 տարեկանին)
Մահուան վայր Դրոտտինգհոլմ, Էկերյո, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1]
Քաղաքացիութիւն  Շուէտ
Մայրենի լեզու շուէտերէն
Կրօնք Լուտերականութիւն
Ուսումնավայր Ուփսալայի Համալսարան
Մասնագիտութիւն միապետ, ազնուական և թենիսիստ
Վարած պաշտօններ Monarch of Sweden?, Կրոնպրինց? և heir apparent?
Անդամութիւն Շուէտի գիտութիւններու արքայական կաճառ, Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա[5] և Շուէտի բանահիւսութեան, պատմութեան եւ հնավաճառութեան արքայական կաճառ
Ամուսին Victoria of Baden?
Ծնողներ հայր՝ Օսկար III?, մայր՝ Սոֆիա Նասուացի?
Երեխաներ Գուստաֆ VI Ադոլֆ?, Էրիկ, Վաստմանլանդի դուքս? և Վիլհելմ, Սյոդերմանլանդի դուքս?
Ստորագրութիւն

Կուսթաւ Ե. (շուէտ.՝ Gustaf V, Օսքար Կուսթաւ Ատոլֆ, 16 Յունիս 1858(1858-06-16)[1][2][3][…], Դրոտտինգհոլմ, Էկերյո, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1][4] - 29 Հոկտեմբեր 1950(1950-10-29)[1][2][3][…], Դրոտտինգհոլմ, Էկերյո, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1]), Շուէտ թագաւոր Օսքար Բ. եւ Նորվեկիոյ Թագուհի Սոֆիա Նասսաւցիին աւագ որդին է: 1907 թուականին թագաւորած է մինչեւ իր մահը: Գահակալելով իր հօր՝ Օսքար Բ.-ի մահէն (1907) մինչեւ իր մահը՝ շուրջ 43 տարի ետք, ան Շուէտի ամենատարեց միապետի տիտղոսակիրն է (մահացած է 92 տարեկանին): Կուսթաւ ունեցած է նաեւ Շուէտի միապետներու երրորդ ամենաերկար գահակալութիւնը՝ Մանեւս Դ.-էն (1319–1364) եւ իր ծոռնէն՝ Քարլ ԺԶ. Կուսթաւէն (1973–մինչ օրս) ետք: Ան նաեւ շուէտացի վերջին միապետն էր, որ գործադրեց իր արքայական արտօնութիւնները, որոնք մեծ մասամբ վերացան իր մահով, թէեւ պաշտօնապէս չեղարկուեցան միայն 1974-ին՝ Շուէտի սահմանադրութեան բարեփոխումով: Ան Բարձր Միջնադարէն ի վեր Շուէտի առաջին թագաւորն էր, որ չունեցաւ թագադրութեան արարողութիւն եւ հետեւաբար երբեք չկրեց թագաւորական թագը. սովորոյթ մը, որ շարունակուեցաւ անկէ ետք:

Կուսթաւի գահակալութեան աջին տարիներուն Շուէտի մէջ վերելք ապրեց խորհրդարանական աշխատակարգը, թէեւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին ան պաշտօնանկ ըրաւ Ռամկավար (Լիպերալ) վարչապետ Քարլ Սթաաֆը 1914-ին՝ պատերազմի մեծ մասին ընթացքին զայն փոխարինելով իր դրածոյով՝ Հեալմար Համարշէօլտով (Դակ Համարշէօլտի հայրը): Սակայն, երբ Ռամկավարներն ու Սոցիալ-դեմոկրատները խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահովեցին Սթաաֆի յաջորդին՝ Նիլս Էտէնի գլխաւորութեամբ, ան թոյլ տուաւ Էտէնին կազմել նոր կառավարութիւն, որ ըստ էութեան միապետութիւնը զրկեց գրեթէ բոլոր իշխանութիւններէն եւ մինչեւ 1919 ընդունեց համընդհանուր ու հաւասար ընտրական իրաւունք՝ ներառեալ կանանց համար: Խոնարհելով խորհրդարանական ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն առջեւ՝ ան մնաց սիրուած խորհրդանիշ իր իշխանութեան մնացեալ 31 տարիներուն, թէեւ ոչ ամբողջովին առանց ազդեցութեան: Կուսթաւ Ե. ունէր գերմանամէտ եւ հակահամայնավար կեցուածքներ, որոնք արտաքնապէս արտայայտուեցան Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի եւ Ռուսական Քաղաքացիական Պատերազմի ընթացքին: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ատեն, ըստ տեղեկութիւններու, ան պնդած է, որ Փէր Ալպին Հանսոնի կոալիցիոն կառավարութիւնը ընդունի Նացիական Գերմանիոյ լոժիսթիք աջակցութեան հայցերը՝ պատճառաբանելով, որ մերժումը կրնայ հրահրել ներխուժում. միջամտութիւն մը, որ մինչ օրս վիճելի կը մնայ: Թէեւ ան համակրանք ունէր Խորհրդային Միութեան դէմ ռազմական գործողութիւններու հանդէպ, ան անձամբ ճնշում գործադրեց Միկլոշ Հորթիի վրայ՝ կասեցնելու հրեաներու տեղահանութիւնները 1944-ի ամռան եւ աջակցեցաւ Ռաուլ Վալենպերկի ջանքերուն:

Իբրեւ մոլի որսորդ եւ մարզիկ՝ Կուսթաւ ղեկավարեց 1912-ի Ողիմպիական Խաղերը եւ նախագահեց Շուէտի Մարզական Ընկերակցութիւնը 1897-էն 1907: Հատկանշական է, որ ան ներկայացուցած է Շուէտը (ծածկանունով՝ Պրն. Կ.) իբրեւ թենիսի մրցունակ խաղացող՝ շարունակելով մրցակցային թենիս խաղալ մինչեւ իր ութսունական թուականները, երբ անոր տեսողութիւնը արագօրէն վատթարացաւ: Անոր յաջորդեց իր որդին՝ Կուսթաւ Զ. Ատոլֆ:[6]

Շուէտ կառավարութեան հետ ուղղակի զբաղած վերջին թագաւորը եղած է: 1916 թուականին կառավարութեան հետ ռազմային պաշտպանութեան պիւտճէի մասին տարաձայնութիւններ ապրած է:

Թագաւորը չափաւոր մէկն էր, ժողովրդական շարժումներու եւ թէ գործառուներու ամսականներու սահմաններու մասին օժանդակութիւն ցոյց կու տար: Թագաւորը, նոյն ժամանակ ըլլալով գլխաւոր հրամանատար, վերջին Շուէտ թագաւորն է (1907-1939):

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի միջոցին Գերմանիոյ աւելի մօտ եղած է: Գերմանական ծագում ունեցող թագաւորին կինը, թագաւորին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի միջոցին ցուցաբերած քաղաքականութեամբ ազդեցիկ եղած է: 18 Դեկտեմբեր 1904-ին Սկանտինաւեան թագաւորի հետ միանալու համար ժողով մը գումարած են: Թագաւորը Սկանտինաւիայի հետ դաշնակից ըլլալու եւ Գերմանիոյ կողքին պատերազմի մտնել կ'ուզէր, բայց նոյն ժամանակ ալ ուշադրութիւնները վրան գրաւել չէր ուզեր: Նախարար Հանսոնը կը խորհէր, որ եթէ կառավարութիւնը Գերմանիոյ պահանջները մերժէր, թագաւորը կառավարութեան հրաժարումին մասին շատ մեծ ճնշում մը պիտի ընէր (Գերմանիան հիւսիսային Ֆինլանտայի եւ Նորվեկիայի հողերուն վրայ եղող ռազմական պազաներու նման պազաներ կը պահանջէր): 1947-ին այս գիտելիքին ճշդութիւնը քննարկուեցաւ: Նախարար Հանսոնի յայտարարութեան համեմատ թագաւորը Գերմանիոյ հետ կարելիութիւն ունեցող որեւէ պայքարէ հեռու մնալ կը փափաքէր: Էրնըսդ Վիկտորս, Կուսթաւ Ե. եւ Իշխան Կուսթաւը Շուէտի մէջ դաշնակիցներու (Գերմանիոյ) համար զինուոր եւ ռազմային կառք ունենալը առաջարկեցին Շուէտի կառավարութեան, բայց վերջինս այս առաջարկը մերժեց, որովհետեւ Գերմանիոյ պատճառով առնուելիք կարելի պատիժները գուշակած էր:

Կուսթաւ Ե. 29 Հոկտեմբեր 1950-ին վախճանած է եւ իր տեղը մեծ մանչը Կուսթաւ Զ. Ատոլֆ-ը անցած է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 5 6 7 8 Collins B. The Bud Collins History of Tennis: An Authoritative Encyclopedia and Record Book — 2 — NYC: New Chapter Press, 2010. — P. 585. — ISBN 978-0-942257-70-0
  2. 1 2 3 4 Gustav V — 1917.
  3. 1 2 3 4 Encyclopædia Britannica
  4. 1 2 Hovförsamlingens kyrkoarkiv, Födelse- och dopböcker, SE/SSA/0007/C I/5 (1819-1860), bildid: C0054453_00286
  5. ↑ Летопись Российской академии наук. Т. VII. 1946—1953 — М.: Архив Российской академии наук, 2022. — С. 669. — 896 с. — ISBN 978-5-6046932-6-1
  6. ↑ (անգլերեն) Gustaf V, 2026-08-12, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Gustaf_V&oldid=1369071770, վերցված է 2026-09-13