Կեանք Եւ Գիր
Արտաքին տեսք
Կեանք Եւ Գիր, եգիպտահայկական գրական-գեղարուեստական ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1944-1950-ին, Գահիրէի մէջ։ Խմբագիր՝ Դ. Շահլամեան։ Նպատակ ունեցած է համախմբել սփիւռքահայ (յատկապէս եգիպտահայ) գրողներուն ու գրասէր երիտասարդութիւնը։
Մեծ տեղ յատկացուցած է Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի, գիտութեան եւ արդիւնաբերութեան մասին նիւթերուն։ Տպագրած է Աւետիք Իսահակեանի, Դերենիկ Դեմիրճեանի, Ստեփան Զօրեանի, Նայիրի Զարեանի, Գուրգէն Մահարիի, Դ. Մարեանի, Շիրազի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները։
Արձագանգած է արաբական եւ համաշխարհային գրականութեան։ Աշխատակցած են Վահան Թէքէեանը, Ա. Տատրեանը, Ե. Պարսամեանը, Հ. Ժամկոչեանը, Օ. Աւետիսեանը եւ այլք։ Յաջորդած է «Զարթօնք» գրական-գեղարուեստական ժողովածուին (1939-1940)։