Կարտեսական Մտախոհութիւններ (Հօսարլ)
Կարտեսական Մտախոհութիւններ կամ Տէքարթական Մտորումներ կամ երբեմն ալ Գարդէսիական Խորհրդածութիւններ ամբողջական անուանումով Կարտեսական Մտախոհութիւններ՝ Երեւութապաշտութեան* Ներածութիւն (Ֆրանսերէն՝ Méditations cartésiennes: Introduction à la phénoménologie)։ Գիրք մըն է Աւստրիացի իմաստասէր՝ «Էթմունտ Հօսարլ»-ի (Գերմաներէն՝ Edmund Husserl, Գերմաներէնէ զատ լեզուներէն թարգմանուած ատեն, տառադարձութիւնը կրնայ ուրիշ ձեւով կատարուիլ) գրիչով գրուած, հիմնուած Սորպոնի Համալսարանի Տեքարթի անունը կրող աստիճանաւոր սրահին մէջ, 1929-ի Փետրուարի 23-ին եւ 25-ին անոր մատուցած չորս դասախօսութիւններուն վրան։ Դասախօսութեանց յաջորդած երկու տարիներու ընթացքին «Հօսարլ»-ը՝ իր օգնական՝«Այկըն Ֆինք»-ին (Eugen Fink) հետ միասին անոնց բնագիրը մշակեց ու ընդարձակեց։ Այս ընդլայնուած դասախօսութիւնները առաջին անգամ հրատարակուեցան 1931 թուականին, ֆրանսերէն թարգմանութեամբ («Հօսարլ»-ի բնագիրը Գերմաներէնով էր)։

- {Նայած համաբնագիրին, «Phénoménologie» եզրոյթը, բացի «Երեւութապաշտութիւն» թարգմանութենէն, կրնայ «բներեւութապաշտութիւն» կամ «Երեւութաբանութիւն» ալ թարգմանուիլ}։
Կարտեսական Մտախոհութիւնները Գերմաներէնի թարգմանուեցան միայն «Հօսարլ»-ի մահանալէն ետք։ Այս մէկը կարգ մը մեկնաբաններուն մղեց, որ եզրակացնեն թէ՝ «Հօսարլ»-ը դժգոհ էր այս աշխատութենէն, իր նպատակին չծառայելու համար որպէս «Վերանցական Երեւութապաշտութեան Ներածութիւն»։ Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ «Հօսարլ»-ի վերանցական երեւութապաշտութեան գլխաւոր յատկութիւնները: Չորրորդ խորհրդածութեան մէջ, «Հօսարլ»-ը կ'առարկէ թէ Վերանցական Երեւութապաշտութիւնը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ Վերանցական Գաղափարապաշտութիւնը (իտէալապաշտութիւն, երբեմն ալ կը կոչուի գաղափարականութիւն)։
«Կարտեսական Մտախոհութիւններ» անուանումը կը վերաբերի «Ռընէ Տէքարթ»-ի «Մտախոհութիւններ Առաջին Փիլիսոփայութեան Մասին» գիրքին, արդ «Հօսարլ»-ը կ'ըսէ․
Ֆրանսայի մեծագոյն մտածող՝ «Ռընէ Տէքարթ»-ը, վերանցական երեւութապաշտութեան նոր թափ մը տուաւ իր «Մտախոհութիւններ»ուն միջոցաւ, անոնց ուսումնասիրութիւնը ուղղակի ազդեցութիւն ունեցաւ արդէն զարգացող բներեւութապաշտութեան փոխակերպութեան վրայ, վերանցական իմաստասիրութեան նոր տեսակի մը։ Էթմունտ Հօսարլ[1]
Բովանդակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս գործը կը բաժնուի հինգ մտախոհութիւններու (խորհրդածութիւններու)․
- Առաջին Մտախոհութիւնը՝ Ճանապարհ դեպի վերանցական (Ֆրանսերէն՝ Transcendantale) անձնականութիւն (Անգլերէն՝ Ego)։
- Երկրորդ Մտախոհութիւնը՝ Վերանցական (Անգլերէն՝ Transcendental) փորձառութեան դաշտը եւ ատոր ընդհանուր շինուածքը։
- Երրորդ Մտախոհութիւնը՝ Կազմական (կառուցուածքային, hիմնարար) խնդիրները․ ճշմարտութիւն եւ իրականութիւն։
- Չորորդ Մտախոհութիւնը՝ Վերանցական անձնականութեան վերաբերող կազմական խնդիրներ
- Հինգերորդ Մտախոհութիւնը՝ Վերանցական էութիւնը որպէս մենատարրական միջենթակայականութիւն։ Կամ ֆրանսերէն բնագրէն թարգմանուած․ Վերանցական դաշտին սահմանումը որպէս մենատարրական միջենթակայականութիւն»։[2]
Տե՛ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Կարտեսական Մտախոհութիւններ, Համացանցի Արխիւ (Անգլերէն՝ Internet Archive)
- ↑ Edmund Husserl (trad. Mlle Gabrielle Peiffer, Emmanuel Levinas), «Méditations cartésiennes : Introduction à la phénoménologie» [archive], sur KUPDF, J.VRIN, 1986 (ISBN 2-7116-0388-1).
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տըրմօթ Մօրա՛ն, Րօտնի Ք․ Պ․ Փարքըր, Վաղ Երեւութապաշտութիւն, (Dermot Moran, Rodney K. B. Parker (eds.). 2016. Studia Phaenomenologica: Vol. XV / 2015. Early Phenomenology. Zeta Books. p. 150.)։