Զոյգ (Իմաստասիրութիւն)
Զոյգ կամ Տիատ (Հին Յունարէն՝ Δυάδα, Δυάς), (Անգլերէն՝ Dyad), իմաստասիրութեան (փիլիսոփայութեան) մէջ, երկու տարրերէ կազմուած էութիւնն է։ Այս անուանումը կը գործածուի Պիւթագորականներուն (Փիւթակորականներուն) կողմէն թիւ «Երկու»-ին համար, ներկայացնելով «երկակիութեան» կամ «այլութեան» սկզբունքը, որ կը հակադրուի «Մենատարր»-ին հետ։[1]
Նումէնիոս Ապամեացին (յուն․՝ Νουμήνιος ὁ ἐξ Ἀπαμείας), Բ Դարու Նորպիւթագորեան իմաստասէրը, կ՛ըսէ թէ Պիւթագորասը Միատարր (Յունարէն՝ Մօնատ, Μονάδα) անունը տուաւ Աստուծոյ, իսկ Զոյգ անունը՝ նիւթին։[2]
Նորպղատոնականներն ու գաղափարապաշտները (ֆրանսերէն՝ Idéalistes, երբեմն ալ Տեսլապաշտ կը թարգմանուի) որոնցմէ էր «Պղոտին»-ը (Լատիներէն՝ Plotinus), «Զոյգ»-ը կը համարէին «Երկրորդ Պատճառ» (նաեւ կը կոչուի «Տիմուրկոս», Յունարէն՝ δημιουργός, ի սկզբանէ, հին Յունարէնով կը նշանակէր «արհեստաւոր», բայց ժամանակի ընթացքին կրեց «ծնող» ի վերջոյ «ստեղծող» իմաստը, բայց «Միաստուածական» կրօններու «Ստեղծարար Աստուած»-էն տարբեր է իմաստասիրութեան այս համաբնագիրին մէջ)։
Տե՛ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մենատարր (Մօնատ)։