Jump to content

Կատարոյ վանք (Կատարավանք)

Կատարոյ վանք

Կատարոյ վանք, հոգեւոր կառոյց Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի մէջ, ծովու մակերեւոյթէն 2400 մեթր բարձրութեան վրայ՝ Դիզափայտ լերան (2478) գագաթին։ Ինչպէս Արցախի միւս շրջանները, Հադրութը եւս հարուստ պատմամշակութային ժառանգութիւն ունի, հոս կը գտնուին 400-է աւելի պատմաճարտարապետական յուշարձաններ, որոնցմէ շատերը մինչեւ օրս չեն ուսումնասիրուած։

Կատարավանքը Արցախի տարածքին գտնուող բարձրադիր կառոյցներէն մէկն է, ունի ուղղանկիւն յատակագիծ մը՝ երկթեք ծածկոյթով (չափերը՝ 11,7 x 6,7մ)։ Միանաւ պազիլիքով՝ կառուցուած կիսամշակ տեղական կրաքարով։ Միակ մուտքը կը բացուի արեւմուտքէն, պատուհանները՝ արեւելեան եւ հարաւային կողմերէն։ Ըստ դրան շրջանակին վերի սեմին վրայի արձանագրութեան Ս. տաճարը կը վերաբերի Յակոբին եւ վերաշինուած է ԺԹ. դարուն։ Բուն յուշարձանը, մեկնելով հոն պահպանուած խաչքարերու մնացորդներէն, կը վերաբերին ԺԷ. դարուն։

Եկեղեցւոյ հարաւի կից շինութեան (չափերը՝ 9,8 x 3,8մ) ստորին լեռնալանջին կը պահպանուին շարք մը շինութիւններու մնացորդներ:

Քոշի աղբիւրէն մինչեւ Կատարոյ վանք՝ ճամբան կ'անցնի լերան ուղղագիծ լանջերով, Դիզափայտի «Յայսմաւուրք»ին մէջ յիշուող Աստղաբլուրին քովէն, ապա կը թեքի դէպի արեւմուտք՝ Արջի աղբիւր, յետոյ դարձեալ օձագալար կը բարձրանայ վեր եւ կը հասնի լերան կատարը։ Դիզափայտին Կատարոյ վանք կոչուող այս կոթողը Ղարաբաղի տարածքին գտնուող ամենաբարձր յուշարձանն է։ Կատարոյ վանքին եկեղեցւոյ կտուրէն դիտողին աչքին առջեւ կը բացուի համայնապատկեր մը, որուն մէջ ինկած են Արաքս գետը, Ղարատաղի լեռները, Արցախի դաշտը, Զանգեզուրի լեռները, Մեծ Մռաւի կատարները։

Ըստ աւանդութեան, լերան գագաթին, Կատարոյ վանքին տեղը, 330-ականներուն նահատակուած են մազքութներու արքայ Սանեսանի զաւակները՝ Դանիէլը, Եղիան եւ Մովսէսը ու բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնց դարձի բերած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին թոռը՝ Արցախ աշխարհի առաջին եպիսկոպոս Ս. Գրիգորիսը։ Դարձի եկող քրիստոնեաները փայտի նման դիզած եւ այրած են (այս դրուագէն ալ յառաջացած է լերան անունը)[1]: Ի պատիւ նահատակներուն` Վաչական թագաւորը 343-ին կառուցել տուած է եկեղեցին:

Վկայութիւններ եւ Աւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, Դիզափայտը, ինչպէս եւ Մռաւն ու Քիրսը, կը համարուին արցախահայութեան սրբացած վայրերէն: Հոս ուխտի կու գային ոչ միայն Դիզափայտի ստորոտի գիւղերէն, այլեւ Շուշիէն, Մարտակերտէն եւ Արցախի հեռաւոր վայրերէն: Մարդիկ կը հաւատային անոր զօրութեան: Դիզափայտի մասին առաջին յիշատակութիւնը տուած է Փաւստոս Բիւզանդ, որ կը վերաբերի 335-ին՝ Սանեսան թագաւորին հայաստանեան արշաւանքներուն հետ կապուած: Աւելի հանգամանօրէն անդրադարձած է նաեւ Մովսէս Կաղանկատուացին: Դիզափայտի նահատակներու վարքը տեղ գտած է հայոց միջնադարեան մատենագրութեան մէջ Մովսէս Կաղանկատուացիի շնորհիւ:

Ըստ ուսումնասիրողներու՝ վաղ միջնադարուն Կատարոյ վանքը եղած է գաւառի առաջնորդանիստ կեդրոնը եւ հոս նստած է եպիսկոպոսը: Կաղանկատուացի կը նշէ նաեւ, որ թշնամիները յարձակած եւ աւերած են վանական համալիրին մատուռ վկայարանները եւ փաստօրէն՝ Կատարոյ վանքն է միակ վկան: Հայ Առաքելական եկեղեցին, ի պատիւ Դիզափայտի նահատակներուն, յատուկ պատարագի օր ունէր:

Դիզափայտը սուրբ լեռ համարած են նաեւ արաբները իրենց յիշատակութիւններուն մէջ եւ պատահական չէ, որ անոնք զայն կոչած են «Զիարաթ», այսինքն՝ սրբավայր:

Տարեց կիներ կը պատմեն, որ Կատարոյ վանքին հարաւային պատին ճեղք մը կայ, ուր ժամանակին հող, ցորեն եւ գարի կը լեցնէին: Նորապսակ կիներ հոնկէ բուռ մը հող կը վերցնէին եւ եթէ հողին մէջ ցորեն գտնէին, ատիկա նշան էր, որ տղայ զաւակ պիտի ունենային, իսկ եթէ գարի գտնէին, ուրեմն՝ աղջիկ պիտի ունենային:

Կը պատմուի նաեւ, որ անոնք որոնք զաւակ չէին ունենար, կը բարձրանային Կատարոյ վանք, երբեմն ալ օրերով հոն կը մնային: Մինչեւ այսօր մարդիկ կը հաւատան ու կու գան` ապաւինելու Կատարոյ վանքին` զաւակ պարգեւելու զօրութեան[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • The Epic Histories: Attributed to P'awstos Buzand. Columbia University Press, Department of Near Eastern Languages and Civilizations, 1989
  • Movses Kalankatuatsi. History of the Land of Aluank, translated from Old Armenian by Sh. V. Smbatian. Yerevan: Matenadaran (Institute of Ancient Manuscripts), 1984, Book I, chapter 14, in Russian.