Դիզափայտ լեռ
Դիզափայտ, լեռ Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի մէջ: Ծովու մակերեսէն 2478 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուի[1]: Լերան երկրորդ անուանումը Զիարաթ է։ Դիզափայտի գագաթին հիմնուած Կատարոյ վանքը: Լեռնագագաթը Արցախի գլխաւոր ու պատմական սրբավայրերէն է։ Լեռնագագաթէն կ'երեւին Մուղանի դաշտավայրը, Իրանի սահմանը՝ Արաքսի հովիտը, Զանգեզուրի լեռնաշխարհը, Մռովի կատարները, իսկ աւելի մօտէն՝ հիւսիսային կողմէն՝ Հարոս լեռնաշղթան է։ Սիւնեաց աշխարհին դիմաց Մեծ քար լեռն է, որու ստորոտը կը գտնուին Քարինք, Սպիտակաշէն եւ Փարաջանց գիւղերը։ Անոնցմէ հարաւ՝ Զինգիանակապ գետին ձախ ափին, խոյացած է հսկայ Ամու կոչուող տեղամասը, որու կողերուն փռուած են Արեւշատ, Թեզխարապ եւ Պետրոսաշէն բնակավայրերը։ Բարձունքէն կ'երեւին նաեւ Տումի, Մոխրենես, Հին Թաղեր, Խանձաձոր, Ծամձոր, Քարագլուխ, Սարինշէն, Բանաձոր, Առաքել, Ցոր, Սարալանջ, Ջրաբերդ եւ Կարմրակուճ գիւղերը[2]:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ աւանդութեան, լերան գագաթին, հին Կատարոյ վանքին տեղը, 330-ականներուն նահատակուած են մազքութներու արքայ Սանեսանի զաւակներն ու բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնց դարձի բերած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին թոռը՝ Արցախ աշխարհի առաջին եպիսկոպոս Ս. Գրիգորիսը։ Դարձի եկողները փայտի պէս դիզած եւ այրած են (հոսկէ ալ յառաջացած է լերան անունը)։ Նահատակներուն մասին հիւսուած են նաեւ այլ աւանդազրոյցներ։ Հայաստան ներխուժած արաբները լեռը անուանած են Զիարաթ, որ արաբերէն կը նշանակէ «սրբավայր» (սրբատեղի, ուխտավայր)։ Դ.- Ե. դարերուն լերան կատարին կառուցուած է Կատարավանքը (Կատարոյ վանք)։ Պատմական աղբիւրներու վկայութեամբ, ժայռը սրբացած է շատ հին ատեն, իսկ ուխտագնացութեան մասին յիշատակութիւնները կը վերաբերին արաբական, թերեւս ալ աւելի հին ժամանակներու:
Դիզափայտի յուշարձանները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դիզափայտ նշանաւոր է իր լայն բացուածք ունեցող անձաւներով, սառնորակ աղբիւրներով եւ վայրի սննդաբոյսերով։ Այս հանգամանքը զգալիօրէն ազդած է լեռնածերպերուն վրայ գտնուող բնական եւ ձեռակերտ ամրոցներու պաշտպանութեան համակարգին վրայ։ Հողը կլանուած է բլուրներու, սարերու, անդնդախոր կիրճերու, անտառներու, խիստ թեքադիր ձորալանջերու միջեւ ինկած քարակուտակ թփակալած տարածքներէ եւ այդ իսկ պատճառով Դիզափայտի հարաւ արեւմտեան, մասամբ նաեւ արեւելեան լանջերը, ուր կը գտնուին շրջանին 82 բնակավայրերը, ընդարձակ հողատարածքներ չունին։ Դարերու ընթացքին հողազուրկ շինականը զբաղած է դարաւանդային հողագործութեամբ։ Աճեցուցած են միրգ, բանջարեղէն եւ հացահատիկ։ Բացի «Կատարոյ վանք» եկեղեցիէն, հոս կը պահպանուին կից շինութիւններու, պարսպապատերու աւերակները, որոնք աւելի մեծ կարեւորութիւն կու տան այդ նշանաւոր սրբավայր - ուխտատեղիին դերը տարածաշրջանին մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Արցախ՝ երկիր դրախտավայր. Դիզափայտ ու Կատարավանք»։ արտագրուած է՝ 2020-10-20
- ↑ «Նարէ Աթոյեան: Դիզափայտ լերան գագաթի հրաշքը` Կատարոյ վանք, Արցախ»։ արտագրուած է՝ 2020-10-20