Jump to content

Յայսմաւուրք

Յայսմաւուրք (ԺԳ․ դարէն կիրառուող այս անունը կը բխի գրաբարեան «Յայսմ աւուր»` «այս օրը» բառակապակցութենէն, որով կը սկսի սուրբերու պատմութիւնը), ծիսամատեան, որ կը պարունակէ սուրբերու կեանքի (վարքի) եւ նահատակութեան (վկայութեան) պատմութիւնները։

Սուրբերու պատմութիւնները առաջին անգամ հաւաքուած ու գրի առնուած են Դ․ դարուն Եւսեբիոս Կեսարացիի կողմէ։ «Հաւաքումն պատմութեան մարտիրոսաց հնոց» խորագիրը կրող այդ ժողովածուն կորսուած է Զ․ դարուն, անհրաժեշտ դարձնելով վերստին հաւաքել եւ նոր ժողովածուներ կազմել ծիսական նպատակներով։ Ի տարբերութիւն սուրբերու յիշատակի կատարման համար Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու որդեգրած արեգակնային, ամսաթուային կարգին, որ անշարժ է, Հայոց եկեղեցին կ՚ընդունի եօթնեկական դրութիւնը, որ շարժական է։ Սակայն, հայոց մէջ կը կիրարկուի նաեւ սուրբերու յիշատակման ուրիմ եղանակ մը , համաձայն անուններու այբբենական կարգին։

Յայսմաւուրքի կազմաւորում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց Յայսմաւուրքը կը կազմաւորուի Ե.–ԺԵ. դարերու ընթացքին։ Մատենագրական աղբիւրները Յայսմաւուրքի կազմաւորումը կը կապեն Սողոմոն Մաքենացիի, Գագիկ վարդապետի (Թ.–Ժ. դարեր) եւ Ատոմ եպիսկոպոսի (Ժ. դար) անուններուն հետ։ Յայսմաւուրքի կազմաւորման զգալիօրէն նպաստած է յունարէն Յայսմաւուրքի հայերէն թարգմանութիւնը (991) Յովսէփ Կոստանդնուպոլսեցիի կողմէ։ Յատկապէս կարեւոր կ'ըլլայ Գրիգոր Բ. Վկայասէր կաթողիկոսի կազմած Յայսմաւուրքը, որ, ենթարկուելով զանազան փոփոխութիւններու, ժամանակի ընթացքին ձեռք բերած է կայուն նկարագիր, ծիսամատեանի տարբեր խմբագրումներու հիմքը դառնալով։

Յայսմաւուրքի խմբագրութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յայսմաւուրքը չորս խմբագրութիւն ունի. Իսրայէլ Խաչենցի (մահ. 1249), Կիրակոս Գանձակեցիի, Գրիգոր Է. Անաւարզեցի կաթողիկոսի եւ Գրիգոր Խլաթեցիի։ Տէր Իսրայէլ Խաչենցի իր Յայսմաւուրքը կազմած է Վանական Վարդապետի (XIII դ.) եւ Հասան-Ջալալ Դոլա իշխանի պատուէրով։ Ան ճշդած է Գրիգոր Բ. Վկայասէրի սահմանած հայ նահատակներու վկայութեան օրերը եւ զանոնք կը տեղադրէ Յովսէփ Կոստանդնուպոլսեցիի թարգմանած յունական Յայսմաւուրքին մէջ, առաջնութիւնը տալով հայոց տօնակարգին։ Ի տարբերութիւն թէ՛ Տէր Իսրայէլի, որ տարուան տօնաշարը կը սկսի Յունուար 1-ին (Բարսեղ Կեսարացիի վարքով), եւ թէ՛ Յովսէփ Կոստանդնուպոլսեցիի թարգմանած ժողովածուին, ուր տարին կը սկսի Սեպտեմբերին (Սիմէոն Սիւնակեացի վարքով), Կիրակոս Գանձակեցի իր Յայսմաւուրքին համար կ՛ընտրէ հայկական ամսակարգը՝ Գրիգոր Բ. Վկայասէրի օրինակով տօնաշարը սկսելով Նաւասարդի 1-էն, որ օգոստոս 11-ն է (կը սկսի Յովհաննէս Մկրտիչի տօնով), անոր տալով ազգային կերպարանք։ Գանձակեցիի կազմած Յայսմաւուրքի առաջին խմբագրութեան մէջ (1252) ներմուծուած են վկայաբանական նոր միաւորներ, իսկ 1269-ին ընդօրինակուած Յայսմաւուրքին մէջ ցոյց տրուած են 170 յաւելեալ միաւորներ։ Գրիգոր Է. Անաւարզեցիի կազմած Յայսմաւուրքը նախորդներէն կը տարբերի ոչ հայկական՝ լատինական տօնակարգով։ Յայսմաւուրքի լատինականացումը նպատակ ունէր նպաստելու Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու մերձեցման, ինչ որ ի յայտ կը բերէ Գրիգոր Է. Անաւարզեցիի քաղաքական կողմնորոշումը։ Այս Յայսմաւուրքը, որ հիմնուած էր Տէր Իսրայէլի Յայսմաւուրքին վրայ, Գրիգոր Փեշտիմալճեանի ձեռքով վերախմբագրուելէ ետք, 1834-ին թիւրիմացաբար հրատարակուած է իբրեւ Տէր Իսրայէլի խմբագրութիւն։ Գրիգոր Խլաթեցիի կազմած Յայսմաւուրքը զգալիօրէն կը տարբերի նախորդ խմբագրութիւններէն իր ծաւալով եւ ընդգրկած նիւթերու բազմազանութեամբ։ Անոր խմբագրութիւնը Կիրակոս Գանձակեցիի Յայսմաւուրքի ընդարձակ տարբերակն է, որ ունի աւելի քան 700 միաւոր։ Ան աչքի կը զարնէ իր ընդգրկած պատմական նիւթի հարստութեամբ։ Հեղինակը ո՛չ միայն հաւաքած է նախկինին շարադրած վարքերն ու վկայաբանութիւնները, այլեւ ներմուծած է նոր տուեալներ, որոնք ունին պատմագիտական արժէք։ Լեզուն փոխած է, մատչելի դարձնելով ժողովուրդին։ Գրիգոր Խլաթեցիի Յայսմաւուրքին մէջ բազմաթիւ տեղանուններու եւ անձնանուններու ժողովրդական ստուգաբանութեան օրինակներ կան։ Ան լայն տեղ յատկացուցած է ժողովրդական բարքերու, կենցաղի, նիստ ու կացի եւ սովորութիւններու նկարագրութեան։

  • Աւդալբեգեան Մ., «Յայսմաւուրք» ժողովածուները եւ անոնց պատմագրական արժէքը, Երեւան,1982։
  • Պողարեան Ն., Ծիսագիտութիւն, Նիւ Եորք, 1990, էջ 47–62։
  • Վարդանեան Ռ., Հայոց Տօնացոյցը (4–18-րդ դարեր), Երեւան, 1999։
  • Մաթեւոսեան Ա., Մարաբեան Ս., Գրիգոր Ծերենց Խլաթեցի, Երեւան, 2000, էջ 95–106։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։