Խաչատուր Լազարեան
Խաչատուր Լազարեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1 Յունիս 1789 կամ 1 (12) Յուլիս 1789 |
Ծննդավայր | Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 10 Հոկտեմբեր 1871 (82 տարեկանին) կամ 9 (21) Դեկտեմբեր 1871 (82 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Ռուսական Կայսրութիւն |
Ուսումնավայր | Գլխավոր մանկավարժական ինստիտուտ? |
Մասնագիտութիւն | գիտնական |
Ամուսին | Եկատերինա Լազարևա? |
Ծնողներ | հայրը՝ Յովհաննէս Լազարեան |
Երեխաներ | Մարիա Նիրոտ?, Իվան Լազարև? եւ Եղիսաբեթ Աբամելիք-Լազարյան? |
Խաչատուր Հովակիմի Լազարեան (1 Յունիս 1789 կամ 1 (12) Յուլիս 1789, Ռուսական Կայսրութիւն - 10 Հոկտեմբեր 1871 կամ 9 (21) Դեկտեմբեր 1871, Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն), հայ ազգային-ազատագրական շարժման եւ մշակութային գործիչ, ռուսական պետական խորհրդական, Լազարեան ճեմարանի հոգաբարձու[1], մեծ դեր կատարած Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միացնելու գործին մէջ։ Կազմած եւ ռուս կառավարութեան ներկայացուցած է «Շարք մը առաջարկներ Վրաստանի եւ հարակից երկրամասերու մասին» ծրագիրը՝ առաջարկելով Ռուսական կայսրութեան ենթակայ Հայաստանի տարածքին մէջ ստեղծել ինքնավար Հայոց թագաւորութիւն։ Մեծ ջանքեր գործադրած է ռուսահայ գաղութներու երբեմնի արտոնութիւններն ու առանձնաշնորհումները պահպանելու համար։ Անոր շնորհիւ 1849 թուականին Լազարեան ճեմարանը ճանաչցուած է Արեւելեան լեզուներու հիմնարկ։ Նպաստած է ճեմարանի տպարանի բարելաւմանը։ Անոր հանձնարարութեամբ 1833-1838 թուականներուն կազմուած է եւ Մոսկուայի մէջ ռուսերէն հրատարակուած է «Հայ ժողովուրդի պատմութեան տեսութեան վերաբերող դիրքերու ժողովածու»-ն, որ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու յարաբերութիւններու պատմութեան կարեւոր աղբիւր է։
Կենսագրութիւն եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լազարեաններու տոհմը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լազարեանները շուրջ մէկուկէսդարեայ իրենց գործունէութեամբ մնայուն հետք կը ձգեն հայոց նոր շրջանի պատմութեան տարեգրութեան մէջ։ Յովհաննէս Լազարեանը Պարսկաստանէն Ռուսաստան (Աստրախան, ապա Մոսկուա) տեղափոխուած Աղազար կամ Եղիազար Լազարեանի աւագ որդին էր։ Հանգրուանելով Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ՝ Բեթերսպուրկի մէջ, ան յաջողեցաւ զուգակցել պետական հետաքրքրութիւնները եւ ազգային շահերը։ Յովհաննէս Լազարեանի մահէն ետք այդ գերդաստանի լայնածաւալ գործունէութիւնը շարունակուեցաւ աւելի քան մէկ դար։ Լազարեաններու ուղենշած ազգային գործունէութիւնը շարունակեցին եւ այդ տոհմի տեղը հայոց պատմութեան մէջ ապահովեցին Յովհաննէս Լազարեանի մերձաւոր հետնորդները։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ, ներդրում կատարեց։
Մասնակցութիւնը Հայաստանի ազատագրմանը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խաչատուր Լազարեանը [[Ռուս-պարսկական պատերազմ (1826-1828)|1826–1828 թուականներու ռուս–պարսկական պատերազմի]] ժամանակ՝ մանաւանդ պատերազմի վերջին փուլին մէջ, իրադարձութիւններուն աշխոյժ մասնակից Ներսէս Աշտարակեցիէն տեղեկութիւններ կը ստանար ռազմական գործողութիւններու եւ տեղին տիրող ընդհանուր դրութեան մասին[2]: Խաչատուր Լազարեանը իշխան Կոստանդին Արղութեանի եւ բանասեր Ալեքսանտր Խուդաբաշեանի մասնակցութեամբ կազմած էր Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միացնելէն ետք Հայաստանի ինքնավար կարգավիճակը սահմանող նախագիծ՝ «Շարք մը առաջարկներ Վրաստանի եւ հարակից երկրամասերու մասին» անուանուող ծրագիրը, որ կը նախատեսէր Ռուսաստանի կազմին մէջ Հայաստանի լայն ինքնավարութիւն[3]: Անոնք կ՛առաջարկէին վերականգնել հայկական թագաւորութիւնը եւ Նիքոլայ I-ի տիտղոսներուն աւելացնել «Հայոց թագաւոր» տիտղոսը։
Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ անցնող Արեւելեան Հայաստանի մէջ բնակչութիւնը ստուարացնելու նպատակով նախագիծին մէջ կը նախատեսուէր Պարսկաստանէն կազմակերպել հայ բնակչութեան ներգաղթ: Լաւատեղեակ ըլլալով Հայաստանի ներքին դրութեան մասին՝ անոնք կը ցանկանային ներգաղթ կազմակերպել: Անոնց միացաւ նաեւ Խաչատուր Լազարեանի եղբայր՝ գնդապետ Եղիազար Լազարեանը, որ եռանդուն գործունէութիւն ծաւալեց: Խաչատուր Լազարեանը կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի սահմաններու հարցի բարեյաջող լուծմանը: Ներսէս արքեպիսկոպոսը կը ջանար Պարսկաստանի եւ Հայաստանի սահմանագիծ դարձնել ոչ թէ Արաքս գետը, այլ Արարատեան լեռնաշղթայն: Անոր հետ մակուի գաւառը եւս կը միացուէր Հայաստանին եւ իր լեռներով ու կիրճերով կը դառնար բնական պատուար: ներսէս Աշտարակեցին քանզիցս կը դիմէ Խաչատուր Լազարեանին՝ բարձրագոյն իշխանութիւններու միջոցով իրականացնելու այդ ծրագիրը: Սակայն անոր ջանքերը ապարդիւն կ՛ըլլան, որովհետեւ այդ տեսակէտները չբաժանող Իւան Պասկեւիչը անդրդուելի կը մնար: Նախագծի հեղինակները կարեւոր նշանակութիւն էին տալիս բնակչութեան իրաւական պաշտպանուածութեան հարցերուն: Բնակչութեան իրաւունքները պէտք է ամրագրուած ըլլան օրէնքներով, իսկ կալուածատէրերու իրաւասութիւնները տարածուին միայն իրենց հողատարածութիւններու վրայ։ Հայ հայրենասէրները դէմ կ՛արտայայտէին ճորտատիրութեանը, քանի որ անկէ անընդհատ կը տուժէին բնակչութեան ստորին շերտերը: Անոնք կ՛առաջարկէին Վրաստանի մէջ վերացնել կամ գոնէ խիստ սահմանափակել ճորտութիւնը: Ճորտութիւնը վերացնելու առաջարկով նախագծի հեղինակները կը կանգնէին ժամանակի առաջադիմական գաղափարներու պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ:
Նախագիծը դրական ընթացք չստացաւ, մերժուեցաւ, բայց էական նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանի անունով առանձին վարչական միաւոր՝ Հայկական մարզ ստեղծելու գործին մէջ։ Մէկ իրողութիւն, որ չկատարուեցաւ Վրաստանի պարագային: Ռուս–թրքական 1828–1829 թուականներու պատերազմի ժամանակ տեղի հայ բնակչութեան հետ աշխատանք տանելու նպատակով կայսրի յանձնարարութեամբ Լազարեան կը մեկնի գործող բանակ: Ան կը ջանայ Դանուբեան երկիրներու հայութեան հոգսերը թեթեւացնել: Անոր միջնորդութեամբ կը վերափոխուի ու կը բարեկարգուին Մոլդովայի Սբ. Աստուածածին եւ Վալախիայի Սբ. Գէւորգ եկեղեցիները: Ան մեծ օգնութիւն կը կազմակերպէ Բշւքրեշի դպրոցին, եկեղեցիին, բնակչութեան եւ հայերուն կը յորդորէ միասնական ըլլալ: մոլդովահայերը չեն մոռանար Լազարեանի ունեցած վերաբերմունքը եւ մէկ տասնամեակ ետք՝ 1839 թուականին կրկին կը հայցեն անոր օգնութիւնը՝ դիմելու կաթողիկոսին տեղի իշխանաւորներու ապօրինութիւններու, ճնշումներու հարցին մէջ։ Ան բնակիչներուն կը յայտնէ, որ իրենց խնդրանքը փոխանցած է կաթողիկոսին, իսկ տեղական իշխանութիւններուն սաստելու համար դիմած է մեծ հեղինակութիւն ունեցող կոմս ԱՅ. Բենկենդորֆին[4]: Ան երբ երիտասարդական տարիներուն ներքաշուեցաւ աշխոյժ եւ պատասխանատու կեանքի ոլորտ։ 1806–1812 թուականներուն ռուս–թրքական պատերազմին գործին մէջ մասնակցութիւն ունեցաւ ճանչցուած հայ գործիչ Մանուկ Բեյը, որուն պալատին մէջ կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր։ Պատերազմի տարիներուն անոր հետ առեւտրական կապերու մէջ էր Յովհաննէս Լազարեանի եղբայր Հովակիմը։ Այդտեղ էր նաեւ Հովակիմի կրտսեր որդին՝ Խաչատուրը, որ 1819 թուականին կ՛ամուսնանայ Մանուկ Բեյի դստեր՝ Կատարինէի հետ[5]:
Լազարեան ճեմարան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճեմարանի հիմնադրում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լազարեաններու, յատկապէս Խաչատուր Լազարեանի գործունէութեան առանցքը կազմած է իրենց անունը կրող ճեմարանը: Յայտնի է, որ Յովհաննէս Լազարեանը մտահոգ ըլլալով հայ մանուկներու ուսման խնդրում, մահէն առաջ 200 հազար ռուպլի կը կտակէ ուսումնարան հիմնելու համար եւ կտակարար կը նշանակէ կրտսեր եղբօրը՝ Հովակիմին: Ճեմարանի բացումը կը կատարուի 1815 թուականին, Մոսկուայի մէջ։ Ուսումնարանը սկզբնական շրջանին բազում դժուարութիւններու կը հանդիպի: Լուսաւորութեան նախարարներ ԱՅ. Գոլիցինը, Կ. Լիւենը, ԱՅ. Ուվարովը, Մոսկուայի գեներալ նահանգապետ ԱՅ. Տորմասովը տարբեր առիթներով կը խոչընդոտէին ճեմարանի բնականոն աշխատանքները: Յարուցուող արգելքները վերացնելու նպատակով բարձր ատեաններուն ուղղուած դիմումները անհետեւանք կը մնային: Ի վերջոյ Լազարեանները խնդրի կարգաւորման անսպասելի, նախադէպը չունեցող եղանակ կը գտնեն: Օգտագործելով բարձրաստիճան գործիչներու հետ ունեցած իրենց կապերը՝ Հովակիմ Լազարեանը 1824 թուականին նախարարներու կոմիտէի անդամակցութեան կը դիմէ ԱՅ. Արակչեւին, որ համաձայնութիւն տայ ճեմարանը լուսաւորութեան նախարարութեան ենթակայութենէն հանելու եւ իր գլխաւոր ենթակայութեան տակ դնելու: Ստանալով անոր համաձայնութիւնը՝ Եփրեմ կաթողիկոսի միջոցով ալեքսանտր I-ին կը դիմեն: Կայսրը յատուկ հրամանագրով կը թոյլատրէ կատարել նման վերափոխութիւն[6][Ն 1]: Գլխաւոր պետերու հովանաւորութեան շնորհիւ ուսումնարը կը կարողանար յաղթահարել ծառացած դժվարութիւնները եւ արգելքները։ Վերադաս ատեաններու հանձնարարութեամբ 1828 թուականին ուսումնական հաստատութիւններբւ կոմիտէի անդամներ արեւելագետներ Ադելունգի եւ Ֆրենի հետ Յովհաննէս եւ Խաչատուր եղբայրները կազմեցին ճեմարանի կանոնադրութիւնը, որ պաշտօնապէս ընդունուեցաւ։ Ճեմարանը անուանուեցաւ «Արեւելեան լեզուներու Լազարեան հիմնարկ»[7]: Ամրագրուեցաւ նաեւ այն հանգամանքը, որ հիմնարկը ապադասակարգային ուսումնական հաստատութիւն է, ուր կարող են ուսանիլ տարբեր դասակարգերու ու խաւերու ընտանիքներու զաւակները։
Ճեմարանի յետագայ զարգացում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միացնելէ ետք ռուսական կառավարութիւնը ձեռնարկեց, պետութեան շահերուն համապատասխան՝ Բեթերսպուրկի մէջ ստեղծուեցաւ բարեփոխումներ մշակող յանձնաժողով, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ ԱՅ. Բենկենդորֆը եւ Խ. Լազարեանը: Մշակուած նախագիծը, որ յայտնի է «պոլոժենիէ» անունով, 1 մարտ 1836-ին հաստատեց Նիքոլայ I-ը: Նոր կանոնադրութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէր բարեփոխումներ իրականացնել նաեւ բոլոր հայկական գաղութներու հոգեւոր կեանքին մէջ։ Ռուսաստանի մայրաքաղաքներու զոյգ գաղութներուն մէջ ստեղծուած էր բարդ իրավիճակ: Լազարեան հիմնարկի եկամուտները բաւարար չէին օրէցօր աճող ծախսերուն: Պակասող գումարը Լազարեանները կը լրացնէին՝ իրենց անձնական միջոցներով: Մոսկուայի եկեղեցիներու եկամուտները փոքր էին, իսկ Բեթերսպուրկինը՝ անհամեմատ մեծ:
«պոլոժենիէի» համաձայն՝ թեմական դպրոցներ հիմնելու համար առաջացած էր գրագէտ հոգեւորականներու մեծ պահանջ: Լազարեանը, ըլլաով բոլոր այդ իրադարձութիւններու կեդրոնին մէջ, խիստ մտահոգ էր եւ ստեղծուած դժուարին իրավիճակէն դուրս գալու ելք կը բնտրէր: Ի վերջոյ ան մշակեց այդ խնդիրները լուծելու հիմնաւոր տարբերակ եւ սեպտեմբեր 1837-ին յանձնեց ԱՅ. Բենկենդորֆին՝ բարձրագոյն ատեաններու իրաւասութեանը ներկայացնելու համար: Ան կ՛առաջարկէր մայրաքաղաքներու 5 եկեղեցիները միաւորել Լազարեան ճեմարանի հետ, ստեղծել տնտեսական ընդհանուր վարչութիւն մը, ուր մէկուն տնտեսական միջոցներուն պակասը կը լրացուի միւսի կողմէն: Կրթուած հոգեւորականներ պատրաստելու համար նախագծի հեղինակը կ՛առաջարկէր Լազարեան հիմնարկին մէջ բանալ հոգեւոր բաժին[8]: ԱՅ. Բենկենդորֆը, իր հիմնաւորումները յաւելելով, նախագիծը կը ներկայացնէ ներքին գործերու նախարար Տմիդրի Բլուդովին: Վերջինս մշակած առաջարկը կը համարէ նպատակայարմար եւ արդարացուած: Նոր կանոնադրութեան պահանջով անհրաժեշտ էր հարցը համաձայնեցնել ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հետ: Առանց էական լրացումներ կատարելու, նախագծին հաւանութիւն կու տան եւ կը վավերացնեն Յովհաննէս Կարբեցի կաթողիկոսն ու սինոդի անդամները[9]: Կայսրը յունուար 1841-ին հաւանութիւն կու տայ ներկայացուած վերափոխումներուն, իսկ սենատը կը հաստատէ զայն: Խաչատուր Լազարեանի մշակած ծրագրի իրաւական ուժ ստանալը էական դրական նշանակութիւն ունեցաւ ինչպէս հիմնարկի, այնպէս ալ մայրաքաղաքներու համայնքներու համար:
1844 թուականին վախճանեցաւ ԱՅ. Բենկենդորֆը: Լազարեան եղբայրներու խնդրանքով հիմնարկի գլխաւոր պետ նշանակուեցաւ կոմս Ալեքսեյ Օրլովը: Վերջինս կը գտնէր, որ հիմնարկը կարիք ունի արմատական բարեփոխումներու: Ներկայացուած եւ 1848 թուականին կայսեր կողմէն հաստատուած ծրագրի համաձայն՝ Լազարեան հիմնարկը կը հաւասարեցնէ առաջին կարգի լիսէննեուն: Անոր կը տրուի Դէմիդովի, Բեզբորոդկոյի, Ռիշելյէի լիսէններուն կարգավիճակ: Վեցամեայ ուսուցումը կը դառնայ ութամեայ[10]:
Մահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խաչատուր Լազարեան մահացած է 1871 թուականին։ Ռուսահայերը, նկատի առնելով անոր ծառայութիւնները, կը դիմեն իշխանություններուն թոյլ տալու հանգանակութիւն կազմակերպել եւ Լազարեան յիմնարկին մէջ դնել անոր կիսանդրին։ Հանգանակած գումարով կը քանդակուի եւ ճեմարանի դահլիճին մէջ կը դրուի անոր մարմարէ կիսանդրին։
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նշումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Արակչեևը կարճ ժամանակէ ետք կը հրաժարի այդ պաշտօնէն: Հովակիմի զաւակներու, հատկապէս Խաչատուրի խնդրանքով ճեմարանի գլխաւոր պետ կը նշանկուի ոստիկանութեան երրորդ բաժանմունքի պետ Ա. Բենկենդորֆը (1828-1844), անոր մահէն ետք՝ պետական խորհուրդի նախագահ Ա. Օրլովը (1860-1870): Այնուհետեւ այդ պաշտօնը լուսաւորութեան կը վարէ նախարար Դ. Տոլստոյը (1870-1872)
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ ՀՍՀ գլխավոր խմբագրություն, Հայկական Սովետական Հանրագիտարան (խմբ. Վիկտոր Համբարձումյան), Երեւան 470, էջեր 470 — 470 էջ։
- ↑ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, Լազարեաններու արխիւ էջ 106, գ. 51, վավ.13, 30, 53, 69, 153։
- ↑ Վ․ Պարսամեան, Գրիբոյեդովը եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, Երեւան էջ 245–261։
- ↑ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, Լազարեաններու արխիւ էջ 106, գ. 51, վավ. 162։
- ↑ Յակոբ Սիրունի, Նիւթեր Ռումեն երկրներու հայոց անցեալէն էջ 165։
- ↑ Собрание актов к обозрению истории армянского народа, հ. III, Մոսկուա։
- ↑ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, Լազարեաններու արխիւ էջ թղթ. 119, գ․ 56, վավ. 94, թ. 55։
- ↑ Մ. Մսերյանց, Յիշատակարան կենաց և գործոյ մեծանուն պայազատաց Լազարեան տոհմի, Մոսկուա էջ 102։
- ↑ Մաշտոցի անվան Մատենադարան, Լազարյանների արխիվ էջ թղթ. 118, վ. 19։
- ↑ А. Хаханов, Тридцатилетие специальных классов Лазаревского института восточных языков, Մոսկուա։
|