Խաչատուր Աբովեանի Յուշարձան (Երեւան, Քանաքեռ)


Խաչատուր Աբովեանի Յուշաձան կը գտնուի Երեւանի քանաքեռ թաղամասին մէջ, Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանին մօտ: Տեղադրուած է 1933 թուականին դէպի Աբովեանի փողոց եւ ապա քանի մը անգամ ալ տեղափոխուած է։ Ներկայ վայր տեղափոխուած է 1964Սեպտեմբերին: Ներառուած է Երեւանի Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակույթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Հեղինակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տուեալներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուշարձանը կառուցուած է պրոնզէ եւ կրանիթէ։ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի երկու յուշարձաններէն առաջինն է։ Երկրորդը կը գտնուի Կեդրոնի Աբովեան փոքր անտառին մէջ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գաղափար եւ հանգանակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1908 թուականին նշուած էր Խաչատուր Աբովեանի մահուան 60-րդ ամեակը եւ խումբ մը հայ գրողներ առաջարկած են կառուցել անոր յուշարձանը։ Սակայն պետութիւնը չ'արտօնէր, որովհետեւ Հայաստանի համար այդպիսի ազգային-հայրենասիրական ձեռնարկումի մը իրականացումը մեծ դժուարութիւններու դուռ պիտի բանար։ Իշխանութիւնը թոյլ չէր տար իր տիրապետութեան տակ գտնուող փոքր ազգերուն իրենց գործիչներուն յուշարձանները կառուցել քաղաքին հրապարակներուն մէջ։ Ժողովուրդին եւ հասարակական կարծիքին ճնշման տակ գտնուող Կովկասի փոխարքայութիւնը մեծ դժուարութեամբ համաձայնութիւն տուաւ, որպէսզի հայերուն թոյլ տան յուշարձան կառուցելու Երեւանի մէջ, բայց բոլորը ենթադրեցին թէ յուշարձանը պիտի չ'իրականանայ, որովհետեւ մեծ ծախսեր կ'ենթադրէր։

Աբովեանի յուշարձանի կառուցման գործը ստանձնած էր Պաքուի Հայոց Կուլտուրական Միութիւնը, որ 1908 թուականին իր ժողովներէն մէկուն որոշումն էր գրաւել բոլոր գործիչներուն։ Ալեքսանդր Շիրուանզադէն, Հովհաննես Թումանեանը, Գեւորգ Բաշինջաղեանը յօդուածներուն մէջէն կանչ կ'ուտային բոլորին մասնակցելու այդ համաժողովրդական ձեռնարկին։ 1908 թուականին, Սեպտեմբեր 14-ին որոշուեցաւ Աբովեանի յուշարձանը կ'անգնեցնել Երեւանի հրապարակներուն մէջ յայտարարելով մրցում, 1-ին մրցանակ՝ 500 ռուբլի, 2-րդ մրցանակ՝ 300 ռուբլի, 3-րդ՝ 100 ռուբլի։ Յուշարձանը կ'անգնեցնելու համար անպայման պէտք է 12 հազար ռուբլի, որը պիտի հաւաքուի համերգներ կազմակերպելով։

Սակայն 1908-1909 թուականին հանգականութիւնը շատ կամաց կընթանար։ Երկու տարի միայն հաւաքեցին 2000 ռուբլի։ Ետքը, նկատուեցաւ թէ, սկիզբը նախատեսուած 12000 ռուբլին շատ քիչ էր, եւ ամէնէն առնուազն պէտք ունին 18000 ռուբլիի։ Արձանը շինելու համար, համերգներ կազմակերպուեցաւ Թիֆլիսի, Երեւանի, Բանթումի, Մոսկուայի եւ Սանկտ Պետէրբուրգի մէջ։

Բաքուի Հայոց կուլտուրական միութիւնը պաշտօնական նամակներով կը դիմէր տարբեր երկիրներու մէջ ապրող վեց յայտնի քանդակագործներուն՝ Միքայել Միքայելեանին (Թիֆլիս), Անդրէաս Տեր-Մարուքեանին (Փարիզ), Հայկ Բատիկեանին (Բոստօն), Յակոբ Արապեանին (Կ.Պոլիս), օրիորդ Ե. Ռուզան-Մուրացանին (գրող Մուրացանի դուստրը) (Բեռլին) եւ Յակոբ Գիւրջեանին (Փարիզ)` հրաւիրելով մասնակցելու յուշարձանի մրցոյթին։

Մրցոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վեց քանդակագործներնալ մասնակցեցան մրցումին եւ ներկայացուցին 8 նախագիծ, եւ Անդրէաս Տեր-Մարուքեանի եւ Յակոբ Գիւրջեանի ուշադրութիւնը արժանացաւ: Ժիւրին ընդունեց Տեր-Մարուքեանի երկրորդ նախագիծը եւ հրամայեց քանդակագործին արձանը պատրաստել պրոնզէ, նկատի առնելով դիտողութիւները: Անդրէաս Տեր-Մարուքեանի նախագիծը կ'ուղարկուի Պետէրբուրգի գեղարուեստի ակադէմիայ՝ հաստատման: Միութեան խնդրանքով Երեւանի քաղաքային դուման 1911 թուականին Յունիսին նկատի կ'առն է յուշարձանի կառուցման հարցը եւ կը որոշէ անոր համար տեղ յատկացնել քաղաքային կամ Անգլիական այգիի մուտքին մօտ: Նոյն թուականին Տեր-Մարուքեանը կարճ ժամանակով Փարիզէն կուգայ Երեւան, վերջնականապէս ճշտելու յուշարձանը կանգնեցնելու տեղը, կ'երթայ Քանաքեռ, կը մնայ Աբովեանի ապրած հնամեայ տունը, կը զրուցէ անոր շառաւիղներու հետ, կը դիտէ եւ կ'ուսամնասիրէ Աբովեանի դիմանկարները, եւ կը հաւաքէ լուսանկարներ Աբովեանի ժառանգորդներէն:

Արձանը քանդակելու աշխատանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արձանի քանդակագործման կազմումին վրայ, Անդրէաս Տեր-Մարուքեան, կ'աշխատի 3 տարի, 1910-1913 թուական, Փարիզէն ձուլել պրոնզ: Աբովեանի արձանի հետ ան կը պատրաստէ նաեւ պատուանդանի բարձրաքանդակները՝ դպրոցական հասակի մի պատանի՝ նստած դիրքով (գիրքը՝ ծունկերուն վրայ) կընթերցէ ու աղջիկ մը, կանգնած՝ ձեռքին ծաղկեփունջ, թիկունքով դէպի դիտողը, կը կարդայ պատուանդանի վրայ գրուած «Խաչատուր Աբովեան» բառերը։ Արձանը 2 մէտր 20 սանտիմէտր բարձրութիւն է։

Աբովեանի յուշարձանը ժամանակի հասարակութիւնը չտեսաւ։ Արձանը մի քանի տարի մնաց Փարիզի ձուլարանի մէջ, քանի որ հանգանակութեամբ հաւաքուած գումարը բաւարար չէր վճարելու անոր ծախսէրը եւ գործարանատէրը արձանը բաց չէր ձգեր։ 1913-ին Ա. Տեր-Մարուքեանը կրկին կը վերադառնայ Երեւան եւ կը զբաղուի արձանի եւ տեղի շինարարութեան հարցերով։ Ան իր միջոցներով փորել կ'ուտայ յուշարձանի տեղը եւ տախտակներով կը ցանկապատէ՝ յոյս ունենալով, որ հանգանակութեամբ հաւաքուող գումարով եւ հարուստներու առատաձեռնութեամբ կարողութիւնը կ'ունենայ վճարելու ծախսէրը եւ արձանը Փարիզէն տեղափոխել Երեւան։

Սակայն անհրաժեշտ գումարը չի հանգանակուիր։ Չկարողանալով ունենալ նմանօրինակ վերաբերմունք՝ Անդրէաս Տեր-Մարուքեանը շուտով իր ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Փարիզ։ Ապրուստի միջոցներ չունենալու պատճառով, թօքախտով հիւանդ քանդակագործը կարողութիւնը չունէր լուրջ բուժում ստանալ։ Ան իր ընտանիքին հետ երբեմն կիսաքաղց օրեր կ'անցնէր։ Անոր վիճակը աւելի կը վատանայ, երբ կը լսէ, որ Աբովեանի արձանի գործարանատէրը 4 տարի համբերատար սպասելէ յետոյ որոշածէ նետել արձանը եւ անոր պրոնզը ծախել։ Հիւանդ քանդակագործը ծանր վիճակով կ'անցնի գործարանատիրոջ մօտ, կը խնդրէ աւելի սպասել, մինչեւ որ Հայաստանին հասնի հանգանակութեան համար հաւաքուող նոր գումարներ։ Եւ շուտով հիւանդ եւ անօգնական Անդրէաս Տեր-Մարուքեանը կը մահուան ։

Արձանի տեղափոխումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1920-ական թուականներու սկիզբներուն Հայաստանի նորաստեղծ կառաւարութիւնը Փարիզ կը փոխանցէ անհրաժեշտ գումարը եւ կը գնէ Աբովեանի արձանը, պատուանդանի քանդակագործական կոմպոզիցիան, Ալիշանի եւ մի քանի բարձրաքանդակ, որոնք 1925փետրուարի 27-ին Փարիզէն ուղարկուած են Երեւան[1]։ Արձանի փաստաթղթերը կը հասնին Երեւան, իսկ արձանով եկած սնտուկը ճանապարհին կանյայտնուի։ Սարգիս Լուկաշինի միջամտութեամբ կը պարզուի որ Բաթումի նաւահանգիստը տեսնելով, որ երկար ժամանակ սնտուկը պահանջող չկայ, այն զգուշորէն կը բանան ենթադրելով, որ այդ եւրոպացի յեղափոխականի արձաննէ եւ թէ այն նուեր կ'ուղարկեն Վրաստանին, ու կը տեղադրեն քաղաքի կենտրոնական հրապարակին մէջ[2]։

1933Յուլիս 6-ին Երեւանի մէջ, «Մոսկուայ» կինոթատրոնի եւ «Երեւան» հիւրանոցի միջեւ գտնուող Աբովեանի անուան հրապարակի մէջ (ներկայիս՝ Շառլ Ազնաւուրի անուան) տեղի կ'ունենայ արձանի բացումը։ Խօսք կ'ըսեն Տ. Մուշեղեանը, գրող Ստեփան Զորեանը, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Եղիայ Չուբարը։

Արձանի շեղումները Երեւանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1950 թուականին, Աբովեան փողոցի վերակառուցման ժամանակ արձանը կը տեղահանւուի եւ կը դրուի Կրկէսի մօտ, նախկին կը դրուի երկաթգծի կայարանի դիմաց։ Քանդակագործներ Արշամ Շահինեանը եւ Խաչատուր Իսկանդարեանը 1953-ին կերպարուեստագէտների հարցը կ'արծարծեն եւ Աբովեանի արձանը կը որոշեն տեղափոխել արժանաւայել վայր մը։ Որոշ ժամանակ մը ետք արձանը կը յայտնւուի Ծիծեռնակաբերդի բլուրի վրայ, սակայն մարդիկ այդ մէկը չեն տեսներ։

1957 թուականին, կերպարուեստագէտներու յաջորդ ժողովին, դարձեալ նոյն քանդակագործները հարցը կ'առաջանորդեն եւ կը որոշեն արձանը բերել աւելի տեսանելի վայր։ Արշամ Շահինեանը կը լուսանկարէ արձանը եւ կը դիմէ ՀԿԿ Կենտկոմի մշակութային հարցերով պատասխանատուին, եւ անկէ յետոյ արձանը կը տեղադրւուի Աբովեանի անուան զբոսայգին մէջ՝ Մանկական երկաթուղու տարածքում, թունելների մօտ։

1964 թուականին սեպտեմբերի 14-21-ին Հայաստանի կայանալիք Էստօնիայի գրականութեան եւ արուեստին նուիրուած շաբաթուայ կապակցութեամբ, սեպտեմբերի 10-ին այլ միջոցառումներէ ետք, Աբովեանի արձանը կը տեղափոխւուի հայ մեծ լուսաւորչի տուն-թանգարանի մօտ, որտեղ սեպտեմբերի 20-կը բացուի նաեւ էստօնացի եւ հայ ժողւուրդներու բարեկամութեանը նուիրուած աղբիւր-յուշարձանը (ճարտարապետ՝ Ռաֆայել Իսրայելեան, քանդակագործ՝ Արայ Յարութիւնեան

1990-ականններու սկիզբը զինուած անյայտ մարդիկ պղծեցին արձանը՝ գլխիուն եւ ուսէրուն փամփուշտներ կրակելով[3]։

Գտնուելու վայրերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 1913-1925՝ Փարիզի ձուլարանի մէջ
  • 1925-1933՝ որոշ ժամանակ Վրաստանի մէջ, յետոյ՝ անյայտ է
  • 1933-1950՝ «Մոսկուայ» կինոթատրոնի մօտ
  • 1950-1953՝ կրկէսի մօտ
  • 1957՝ Ծիծեռնակաբերդի բլուրի վրայ
  • 1957-1964՝ մանկական երկաթուղու տարածքին, թունելներու մօտ
  • 1964-էն՝ Քանաքեռի մէջ, Աբովեանի տուն-թանգարանի մօտ

Բաց հարցեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մի քանի հարցեր բաց կը մնան։ Անյատ է՝

  • թէ որտեղ կը գտնուէր Աբովեանի արձանը 1925-1933 թուականներուն
  • թէ ուր անյետացան արձանի պատուանդանի մօտ դրուելու համար նախագծուածը եւ արձանի հետ ձուլուած պատանիներու ֆիգուրները։ «Խորհրդային Հայաստան» թերթին 1933 թուականին Յուլիս 8-ին տպագրուած լուսանկարէն կ'երեւի, որ Յուլիսի 6-ին տեղադրուած արձանի պատուանդանի մօտ կը բացակայոի վերեւէն յիշատակուած պատանիներու քանդակային կոմպոզիցիանին։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիուններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Խորհրդային Հայաստան», 1 մարտի, 1925
  2. Ա. Պատմագրյան. «Մի արձանի ոդիսական», «Սովետական արվեստ», 1967, N 7, էջ 35-39
  3. Հ. Երանյան. «Իրարամերժ զգացումներ Աբովյանի տուն-թանգարանում», «Երկիր», 3 ապրիլի, 2003