Խանասորայ Վարդան

Խանասորայ Վարդան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Սարգիս Մեհրաբյան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Խանասորի Վարդան
Ծնած է 1870
Ծննդավայր Ծաղկաշեն (Մարտակերտի շրջան), Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Մահացած է 1943
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, զինուորական
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Խանասորայ Վարդան (Սարգիս Մեհրապեան) (18701943), հայ քաղաքական, ռազմական գործիչ։

Խանասորի արշաւանքին հրամանատար, Ղարաբաղի 1905-ի ինքնապաշտպանութեան վարիչ եւ կամաւորական գունդերու հրամանատար Խանասորայ Վարդան, բուն անունով Սարգիս Մեհրապեան, ծնած է Ղարաբաղ 1870-ին։ Եղած է ռուսական բանակի զինուոր։ Կանուխէն միացած է Դաշնակցութեան՝ մօտիկ գործակիցը ըլլալով Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի եւ ուրիշներու։

Վանի եւ Կովկասի մէջ կը տանի կազմակերպչական աշխատանք. երիտասարդութիւնը կը հրաւիրէ յեղափոխական գործունէութեան, կը կազմակերպէ հայ գիւղացիութիւնը եւ կը մղէ զայն ինքնապաշտպանութեան։

1896–ի ամառը Վասպուրականի մէջ տեղի ունեցած ջարդերէն ետք, 1897–ին կը կազմակերպուի Խանասորի արշաւանքը, որուն ընդհանուր ղեկավարը ինք կը նշանակուի։ Խանասորի արշաւանքը քիւրտ Մազրիկ ցեղին դէմ մղուելով կրցաւ վերջ տալ քիւրտերուն անսահման գոռոզութեան եւ ճզմել անոնց բազուկը։

1904-ին կ'անցնի Պէյրութ ընկերակցելով Սիմոն Զաւարեանին՝ Կիլիկիա անոր ուղեւորութեան ընթացքին։

1905-1906–ի հայ-թաթարական կռիւներուն Վարդան կը ստանձնէ Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութիւնը, իր հետ ունենալով Խեչօն, Սեւքարեցի Սագօն եւ ուրիշներ, ուր արիւնալի կռիւներ կը մղեն, եւ թաթարները կը ստանան ուժգին հակահարուած։

Օսմանեան սահմանադրութեան ժամանակ Վարդան կը մնայ Մաղնիսա (Իզմիրի շրջան)։ 1915–ի գարնան Քեռիի, Դրոյի եւ Համազասպի կամաւորական գունդերը կը միացուին Արարատեան գունդին, որուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը կը ստանձնէ Վարդան։

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին կը քաշուի հանրային գործերէ։ Խորհրդայնացումէն ետք ոչ ոք լուր կ'ունենայ իրմէ։ 1943 Յունուար 2-ին կը մահանայ Երեւանի մէջ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]