Լեւոն Ժամկոչեան
Լեւոն ժամկոչեան | |
---|---|
Ծնած է | 1946 |
Ծննդավայր | Պէյրութ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ազգութիւն | հայ |
Ուսումնավայր |
Վենետիկի Գեղարուեստի Ակադեմիա Պրերա Գեղարուեստի Թանգարան |
Մասնագիտութիւն | նկարչութիւն |
Լեւոն Ժամկոչեան, (4 Դեկտեմբեր 1946, Պէյրութ): Հայ նկարիչ, քանդակագործ, եւ կաւագործ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փոքր տարիքէն հակում ցոյց տուած է նկարչութեան։ Տասնութ տարեկանին մեկնած է Իտալիա, ուր ուսանած է ծանօթ նկարիչներու եւ քանդակագործներու հսկողութեան տակ։ Իր արուեստը զարգացուցած է Վենետիկի եւ Միլանոյի ակադեմիաներուն մէջ աշխատակցելով փրոֆէսորներ Սանթամասոյի եւ Իւսելլինիի հետ։
Շրջանաւարտ է Միլանոյի «Պրետա» ակադեմիայէն ինչպէս նաեւ Վենետիկի արուեստից հաստատութենէն ստացած է սերամիքի արուեստի վկայական մը։
Կազմակերպած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ Պէյրութ, Միլանօ, Վենետիկ, Պոլիս, Երեւան, Հռոմ, Տիթրոյթ, Պոսթըն եւ այլուր։ Մասնակցած է հաւաքական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու։ Անոր գործերը կը գտնուին բազմաթիւ հայկական, ֆրանսական, յունական, իտալական, լիբանանեան, փորթուկալեան եւ զուիցերիական անհատական հաւաքածոներու մէջ։ Ինչպէս նաեւ երեք հատը կը գտնուին Երեւանի պետական պատկերասրահին մէջ։ Ան ոչ միայն Միջին Արեւելքի ուշադրութիւնը գրաւած է այլ նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու արուեստի քննադատներուն, որոնք իր մասին գրած են բազմաթիւ գնահատական յօդուածներ։ Նոյեմբեր 1968-ին մեկնած է Ամերիկա ցուցահանդէսներ տալու Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի առաջաւոր քաղաքներուն մէջ, սկսեալ Տիթրոյթէն, ուր հայկական բարեգործական միութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէր։
Լեւոն Ժամկոչեանի մասին «Զարթօնք»ի մէջ կը կարդանք հետեւեալը.
«Հազիւ քսան տարեկան երիտասարդ նկարիչ Լեւոն Ժամկոչեան իր գեղագիտական խառնուածքին ամենահարազատ միջավայրը գտաւ մեկնելով Իտալիա, Վենետիկեան դիւթական աշխարհը: Ժամկոչեանի ներաշխարհէն ժայթքող դիւթական փայլատակումները առ այժմ վճիտ արձագանգումներ են իր իսկ ձեւագծած գիւղերուն եւ գուլայ- գուլայ բարձրացող ամպերուն. ստեղծագործ երկունքը հինը հարուածող շանթերու եւ բարեբեր նոր անձրեւներու նախանշաններ ցոյց կու տայ:
Ցուցագրուած են 18 իւղաներկներու, 15 գծանկարներու եւ 10 արձաններու պատկառազդու թիւ մը: Նոր մարդու խանդավառութիւնը ակներեւ էր: Իսկ այս բոլորը ցոյց կու տային եւ կը վկայէին, թէ մտածումներու եւ յղացքի վարար գնացքը պատահական չէր հոն, ընդհակառակը պէտք է ըսել, թէ անոնք այդ մտածումները թաքնուած իմաստասիրական ճշմարտութեան մը եւ յանդուգն զսպուածութեան մը յանգած էին յաճախ: Ի դէպ այս բոլորին մէջ դասաւորում տեղ-տեղ յստակ, այլուր շփոթ վկայութիւն է զօրաւոր ինքնատիպութեան մը: Ոչ մէկ կասկած Լեւոն Ժամկոչեան (լէօն) ինքնավստահօրէն դէպի ապագան կը քալէ»:
Դարձեալ Լեւոն Ժամկոչեանի մասին «Զարթօնք» կը գրէ.
«Ուշագրաւ է Լեւոն ժամկոչեանի նկարներու թեքնիքը, որ գլխաւոր բանալին կը կազմէ իր յաջողութեան: Ակներեւ են վրձինի վստահ հարուածներ, նուրբ ճաշակ եւ թափանցիկ գոյներու վարպետ գործածութիւն՝ ինչպէս կը հաւաստիացնեն տիտղոսաւոր քննադատներ: Երիտասարդ արուեստագէտը յաջողած է ստեղծել անձնական ոճ մը եւ զայն դրոշմել իր ստեղծագործութիւններուն վրայ»[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 274։