Jump to content

Լեւոն Ա․ Ռուբինեան

Լեւոն Ա․ Ռուբինեան
Ծնած է 11-րդ դար
Մահացած է 14 Փետրուար 1140
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Բիւզանդական Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն միապետ
Ծնողներ հայր՝ Կոստանդին Ա?
Երեխաներ Մլեհ, Թորոս Բ?, Ռուբեն Ռուբինյան? և Ստեփան Ռուբինյան?

Լեւոն Ա Ռուբինեան (ծն.թ. անյայտ–1139), (11-րդ դար - Փետրուար 14, 1140, Կոստանդնուպոլիս, Բիւզանդական կայսրութիւն), Կիլիկիայի Հայոց գահակալ իշխան (1129-1137)։ Կոստանդին Ա -ի որդին, Ռուբինեաններու իշխանական տոհմէն։

Ան յաջորդեց եղբօրը՝ Թորոս Ա. իշխանին, որուն գահակիցն ու զօրավարն էր։ Ռազմական տաղանդի, քաջութեան համար ժողովուրդը Լեւոնին անուանած է Նոր Աժդահակ։ Լեւոնի գահակալման առաջին տարին, Թորոս Ա–ի մահէն անմիջապէս յետոյ, Կիլիկիոյ վրայ յարձակեցան հիւսիս–արեւելքէն սելճուկ թուրքերը, հարաւ–արեւելքէն՝ խաչակիր ասպետները։ Խելամտօրէն օգտագործելով սելճուկ թուրքերու ու խաչակիրներու միջեւ եղած թշնամանքը, Լեւոնը առանձին–առանձին ջախջախեց ու վտարեց զանոնք Կիլիկիայէն։ 1132–ին Լեւոնը բիւզանդական տիրապետութենէն ազատագրեց Կիլիկիոյ ծովեզերեայ հայաբնակ շրջանները։

Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն, 1135

Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն, 1135

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այնուհետեւ Լեւոնը, դաշնակցելով Եդեսիոյ կառավարիչ Ճոսլինին եւ Հալէպի Զանգի ամիրային հետ, 1135–36–ին յաջողութեամբ կռիւներ մղեց Անտիոքի դքսութեան ու Երուսաղէմի թագաւորութեան դէմ, ընդարձակեց իշխանութեան սահմանները դէպի հարաւ–արեւելք։ Անտիոքի դուքս Ռայմոնտը Մարաշի դուքս Բաղդինի աջակցութեամբ 1136–ին խարդախաբար ձերբակալեց Լեւոնը, որ ազատ արձակուեցաւ Մամեստիա, Ատանա, Սարուանդիքար քաղաքները Թայմոնդին զիջելէն եւ 6000 դուկատ փրկագին վճարելէն յետոյ։ Նոյն թուականին Լեւոնը պարտութեան մատնեց Ռայմոնտը եւ վերստին գրաւեց յիշեալ քաղաքները։ Բիւզանդիայի յարձակման սպառնալիքին պատճառով, շուտով Լեւոնը եւ Ռայմոնտը հաշտուեցան։ Լեւոնը հերոսական դիմադրութիւն կազմակերպեց 1137–ի Յուլիսին Կիլիկիա ներխուժած բիւզանդական մեծաթիւ ուժերուն դէմ։ Սակայն շրջապատման մէջ իյնալով, անձնատուր եղաւ Յովհաննէս Կոմնենոս կայսրին։ Վերջինս Լեւոնը, անոր կինը եւ երկու որդիները՝ Ռայմոնտն ու Թորոսը շղթայակապ ուղարկեց Կոստանդնուպոլիս։ Այստեղ, 1138–ին սպաննեցին գահաժառանգ Ռայմոնդը։ Վիշտէն վախճանեցաւ նաեւ Լեւոնը։ Իսկ Թորոսը (Թորոս Բ.) 1143–ին կարողացաւ փախչիլ գերութենէն եւ վերականգնել հայոց ընդհատուած պետականութիւնը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։