Jump to content

Իսքէնտէր Աբգարեան

Իսքէնտէր Աբգարեան
Ծնած է 1826[1]
Ծննդավայր Պէյրութ, Սիդոնի Էլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 1885[1]
Մահուան վայր Պէյրութ, Սուրիոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրականագէտ, պատմաբան
Ծնողներ հայր՝ Յակոբ Աբգարեան

Իսքէնտէր Աբգարեան, (1826[1], Պէյրութ, Սիդոնի Էլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 1885[1], Պէյրութ, Սուրիոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), ո՞ր լիբանանցի, սուրիացի, եգիպտացի, կամ աւելի արդար ըլլալու համար՝ արաբական աշխարհի ընթերցասէրը չի ճանչնար նշանաւոր բանաստեղծ-պատմաբան Իսքէնտէր Աբգարիոսը, որ յաջողած է հասնիլ արաբական դրականութեան մէջ այնպիսի բարձունքի մը, որ պատիւ կը բերէ ո՛չ թէ լոկ իրեն, այլ իրեն պատկանած երկրին՝ Լիբանանի եւ ազգին՝ հայութեան։ Իսքէնտէր կը դասուի արաբական արդի գրականութեան ռահվիրաներու շարքին, Պուսթանիներու եւ Եազիճիներու ժամանակակից եւ համբաւով ու կարողութեամբ անոնց հաւասար։ Եազիճի, Պուսթանի եւ Աբգարիոս կը կազմեն արաբական արդի գրականութեան երրորդութիւնը։

Այս չէ լոկ։ Իր հիանալի յատկութիւնները հոս չեն վերջանար։ Հանճարեղ գրագէտ մը ըլլալով հանդերձ, հմուտ փիլիսոփայ մը, խոհեմ քաղաքագէտ մըն էր Իսքէնտէր աղա Աբգարիոս պին Եաղուպ աղա պին Աբգար էլ Էրմէնի: Ահա այս է իր անունը։ Ինչպէս գիսաւոր մը լուսաճաճանչ՝ ժամանակի անջրպետին մէջէն կը սուրայ առանց շիջելու, իր մեծղի եւ փառահեղ իրանը յաղթականօրէն պտտցնելէն, նոյնպէս Իսքէնտէր Աբգարիոս իր դափնեզարդ անուան հետ կամաւոր տարած է նաեւ իր ցեղի՝ հայութեան անունը, մտցնելով զայն արաբական մատենագրութեան հոյակապ էջերէն ներս։ Պատիւ սեպած է իր հայու ծագում ունենալուն, պարագայ մը. զոր, ինչպէս պիտի տեսնենք, իր որդին Ուատի Աբգարիոս, հպարտութեամբ յայտնած է այս տողերը գրողին։ Նոյն գաղափարի տէր էր նաեւ իր որդին, որ դժբախտաբար քանի մը տարի առաջ վախճանեցաւ։ Կ'արժէ մասնաւոր ուշադրութեամբ կարդալ անոր հետեւեալ խօսքերը, զորս ինծի ըսաւ տարիներ առաջ. «Տղաս, մենք հայ ենք եւ այս մեզի համար պատիւ կը համարենք: Այս ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք ոչ թէ հիմա, այլ թուականէս 75 տարի առաջ հայրս իր հեղինակութիւններուն ճակատը հպարտութեամբ կը գրէր իր հայ ըլլալը»:

Իսքէնտէր առաջին մանչ զաւակն է կարգաթող Յակոբ Եպիտկոպոս Լիւստրացիին եւ ծնած՝ 1826-ին, այժմու Սբ. Նշան եկեղեցիին շրջափակին մէջ, որ ինչպէս նախապէս ըսինք, Յակոբ Աբգարեանի (Լիւստրացի) բնակարանն էր եւ որու մահէն յետոյ Երուսաղէմ գացող հայ ուխտաւորներու համար մատուռի վերածուեցաւ, Երուսաղէմի պատրիարքներէն Յովհաննէսի կողմէ։

Յակոբի կենսագրութեան մէջ ըսինք թէ ինչպէս իր Աբգարեան մականունը փոխուած է Աբգարիոսի։ Կու տանք ուրիշ կարծիք մը նաեւ Աբգարեանի Աբգարիոսի փոխուելուն մասին, որ շատ յատկանշական է եւ անգամ մը եւս կը փաստէ Իսքէնտէրի տաղանդաւոր բանաստեղծ մը ըլլալու պարագան։

Իսքէնտէր իր ժամանակի ամէնանշանաւոր բանաստեղծներէն էր եւ յայտնի գիտուններէն։ Եգիպտոսի Խտիվիներէն եւ մանաւանդ Լիբանանի իշխաններէն շատ լաւ ճանչցուած էր եւ սիրուած։ Անգամ մը Լիբանանի Էմիրներէն (ամերիկա) մին մրցում մը կը սարքէ ժամանակակից գրագէտներու միջեւ, ունենալու համար ամէնալաւ բանաստեղծութիւնը։ Երիտասարդ Իսքէնտէր եւս կը մասնակցի այդ գրական մրցումին ու կ'արժանանայ առաջնութեան պատիւին, շահելով մրցանակը։ Իր այդ գրութեան մէջ, Իսքէնտէր տեղ տեղ կը յիշէ իր անունը եւ այնպէս կը պատահի, որ իւրաքանչիւր տող կը վերջանայ իոսով։ Բանաստեղծը ներդաշնակութեան համար իր անունն ալ կը վերջացնէ իոսով եւ կ'ըլլայ Աբգարիոս։ Այս դէպքը պատճառ կ'ըլլայ որ Իսքէնտէր ճանչցուի որպէս Աբգարիոս։ Սակայն այս լոկ վարկած մըն է եւ բուն Աբգարեանի Աբգարիոսի փոխուելուն պատճառը մենք արդէն իսկ փաստացիօրէն տուինք։

Անշուշտ Իսքէնտէր՝ որդին ըլլալով այդ ժամանակուայ լուսաւորեալ եւ կրթուած մէկու մը, առիթը կ'ունենայ, բաղդատմամբ ուրիշներու, լաւ դաստիարակութիւն ստանալու։ Նկարագրին եւ կրթութեան հիմնաքարերը կը դրուին իր հօրը ձեռքով իսկ եւ անկէ յետոյ ինքնաշխատութեամբ ուսանելու բնածին հրայրքն է որ կը կերտէ այդ հոյակապ դէմքը։

Ինչպէս ըսինք, Իսքէնտէրի հայրը Նէապոլսոյ թագաւորութեան եւ Անգլիոյ կայսրութեան հիւպատոս էր Պէյրութի մէջ։ Իր այս բարձր դիրքը պատճառ կ'ըլլայ, որ զաւակները կրթուին այն ժամանակուայ Պէյրութի անգլիական հիւպատոսին զաւակներուն հետ։ Այսպիսով հոս նախնական ուսում մը ստանալէ յետոյ, անոնց հետ Անգլիա կ'ուղարկուի, ուր որոշ չափով կը կատարելագործէ իր ուսումը։

Շատ բան չենք գիտեր իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան շուրջ, բայց ինչ որ կը վերաբերի իր գրական գործունէութեան, սա որոշ է որ շատ կանուխէն սկսաւ գրել։ Քսան տարեկան էր, երբ հայրը կորսնցուց։ Նիւթական մեծ դժուարութեանց մատնուած ըլլալով հանդերձ, դարձեալ ամէնէն դժնդակ պայմաններու տակ իսկ չդադրեցաւ գրելէ։ Ընդհակառակը, ալ աւելի սաստկացուց իր թափը այս ուղղութեամբ։

Իսքէնտէր Աբգարիոս, որ ծառայած է արաբական գրականութեան մօտաւորապէս երեսուն տարի, հեղինակած է բազմաթիւ երկեր, զորս մի առ մի թուել անկարելի պիտի ըլլար, որովհետեւ անոնցմէ շատերը ժամանակին սպառած ըլլալով, հիմա կարելի չէ գտնել։ Դժբախտաբար ժամանակին իր կենսագրութիւնն ալ ընդարձակ կերպով գրուած չըլլալուն, իր հեղինակութիւններուն լրիւ ցանկը չունինք, սակայն մեր տուածը ցարդ գոյութիւն ունեցածներուն կատարելագոյնն է։ Հոս կ'արժէ շեշտել այն պարագան, թէ Իսքէնտէրի երկերէն շատերը սպառած են եւ իր գրութիւններէն շատերը ցիրուցան կը մնան հին թերթերու մէջ։ Իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է այն ժամանակուայ պարբերաթերթերուն, ամսագիրներուն եւ թերթերուն, որոնց մէջ ունի բազմաթիւ բանաստեղծական, պատմական, փիլիսոփայական, եւ զանազան ուսումնասիրական յօդուածներ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]