Jump to content

Ինքաներու քաղաքակրթութիւնը

Ինքա քաղաքակրթութիւնը կը ծնի ԺԳ. դարու սկիզբը, Քուսքոյի մէջ, Փերու:

Ինքա քաղաքակրթութիւնը կը տարածուի Խաղաղական ոսկիանոսի եւ Անտեան լեռներուն երկայնքին, Հարաւային Ամերիկայի արեւմուտքը, մէկ-մէկ իրենց իշխանութեան տակ առնելով միւս ցեղախումբերը:

Երբ ան կը հասնի իր գագաթնակէտին, Ինքաներու կայսրութիւնը կը համախմբէ մօտաւորապէս 10 միլիոն հոգի: Ան մաս կը կազմէ ԺԵ. դարուն եւրոպացիներուն նուաճումներէն առաջ գոյութիւն ունեցող երեք մեծ քաղաքակրթութիւններուն: Միւս երկու քաղաքակրթութիւնները` ալթեք  եւ մայա, կը գտնուին աւելի հարաւը:

Կայսրը կը կոչուէր «Ինքան», որ կը համարուէր արեւուն որդին. ան կենդանի աստուած մըն էր:

Սպանացի նուաճողները Փերու կը հասնին Ֆրանսիսքօ Փիզզարոյի ղեկավարութեան տակ: Հոն արդէն տեղի կ'ունենայ կայսրութիւնը քայքայող քաղաքացիական պատերազմ մը:

1532-ին Փիզզարօ կ'օգտուի Աթահուալփա կայսեր հետ իր հանդիպումէն եւ զայն կը ձերբակալէ: Ինքա կ'անդրադառնայ, որ սպանացիները շատ հետաքրքրուած են յարգի մետաղներով. հետեւաբար ան կ'առաջարկէ իր ազատ արձակումը աներեւակայելի փրկագինի փոխարէն: Իր հրամանին հետեւելով` իր հպատակները թոներով ոսկի եւ արծաթ կը բերեն կայսրութեան չորս կողմերէն: Տաճարները կը պարպուին:

Հակառակ այս մեծ հարստութեան նուիրատուութեան` Փիզզարօ զայն կը սպաննէ, 1533-ին:

Սպանացիները կ'ընդարձակեն իրենց գրաւած տարածքները` ինքաներուն պատճառելով փայլուն քաղաքակրթութեան մը անկումը[1]:

Էլտորատոյի առասպելը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սպանացի նուաճողները Հարաւային Ամերիկայի մէջ կը փնտռէին ոսկիով հարուստ առասպելական վայր մը` նշանաւոր «Էլտորատօ»ն (սպաներէնով` ոսկի): Այս առասպելը ներշնչուած էր Քոլոմպիա ապրող շիպշայ հնդիկներուն սովորութենէ մը: Անոնք սովորութիւն ունէին իրենց թագաւորը ծածկել ոսկիի փոշիով անոր թագադրութեան ընթացքին, եւ ապա անոնք նուիրատուութիւնները կը նետէին սուրբ լիճի մը մէջ, ուր ան կը լուացուէր:

Հարաւային Ամերիկայի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Թիթիքաքա լիճը

Փերուի մէջ, ԺԵ. դարուն, ինքաները շինած են Մաչու Փիչուի անուանուած քաղաքը Փաչաքութեք կայսեր համար:

Քաղաքը կը գտնուի 2430 մեթր բարձրութեան վրայ, գահավէժ ժայռերով նեղ բլուրի մը վրայ: 2007 թուականին էնքաներու հանճարին խորհրդանիշը ընդունուեցաւ  իբրեւ աշխարհի 7 նոր հրաշալիքներէն մէկը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ:

Աշխարհի ամէնէն բարձր բնակուած վայրը, Թիպէթէն ետք, Ալթիփլանոն է: Այս դաշտագետինը կը գտնուի Անտեան լեռներուն կեդրոնը` Արժանթինի, Փերուի, Չիլիի եւ յատկապէս Պոլիվիոյ մէջ:

Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն մեծ լիճը Թիթիքաքա լիճն է, որ աշխարհի ամէնէն բարձր լիճն է, ուր կարելի է նաւարկել: Անիկա կը գտնուի Անտեան լեռներուն վրայ եւ կը գծէ Պոլիվիօ եւ Փերուի միջեւ սահմանը` աւելի քան 3800 մեթր բարձրութեան վրայ: Անոր անունը եկած է «Թիթի խար՛քա»էն, որ կը նշանակէ` քարէ փուման (յովազ). ըստ հոն բնակող այմարա ժողովուրդի աւանդութեան, հոն խեղդուած յովազները քարէ արձաններու վերածուած են լիճին մէջ: Անոնք կազմած են 41 կղզի, ինչպէս` «Արեւու կղզին», որ սուրբ էր էնքաներուն համար: Ըստ անոնց, գանձ մը կը գտնուի լիճին յատակը, մօտաւորապէս 300 մեթր խորութեան վրայ:

Թիթիքաքայի լիճին վրայ այմատա եւ քեչուա ժողովուրդները կ'ապրին աշխարհին մէջ իւրայատուկ կղզիներու վրայ: Անոնք շինուած են ջերմիի փայտէ գերաններու վրայ: Ամբողջ մնացածը` գետինը, տուները, դպրոցները շինուած են ծփացող մորենիէ, որոնք նաեւ կ'ուտուին: Բնակիչները լիճին վրայ կը շրջին թոթորայով (հիւսուած եղէգներ) շինուած նաւակներով:

Ըստ առասպելին, լիճի կղզիներուն առաջին բնակիչները` ուրոսները, վեց մատներ ունէին: Ներկայիս անոնց որդիները կ'ապրին լամաներ պահելով, ինչպէս նաեւ` ձկնորսութեամբ եւ զբօսաշրջութեամբ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]