Ինթըրփօլ
Ինթըրփօլ, ամբողջ անուանումը՝ Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութիւն (ֆր.՝ Organisation Internationale de Police Criminelle, OIPC, անգլ.՝ International Criminal Police Organization, ICPO), միջազգային կազմակերպութիւն, որու հիմնական խնդիրն է միաւորել ազգային իրաւապահ մարմիններուն մասնակից երկիրներու յանցագործութիւնները յայտնաբերելու համընդհանուր պայքարի ընթացքին։ Ինթըրփօլի Սահմանադրութեան 3-րդ յօդուածի մասով Ինթըրփօլին կ'արգիլուի զբաղիլ քաղաքային, ռազմական, կրօնական կամ ռասսայական բնոյթի յանցագործութիւններու քննումով։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1914 թուականին Մոնաքոյի իշխան Ալպըրթ I-ի աշխոյժ մասնակցութեան ներքոյ կայացաւ միջազգային Քրէական ոստիկանութեան առաջին համաժողովը, որուն կը մասնակցէին 14 երկիրներու ոստիկանութեան ներկայացուցիչներ։ Համաժողովի ժամանակ յանձնաժողովը հաստատեց միջազգային Քրէական ոստիկանութիւն ստեղծելու նախաձեռնութիւնը, սակայն, այդ տեղի չունեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսելուն պատճառով։
- 1923 թուականին Վիեննայի մէջ, երկրորդ համաժողովի ժամանակ, յանձնաժողովը համակարգած է Քրէական ոստիկանութիւն ստեղծելու մասին նախագիծը։
Յանձնաժողովը ձեւականօրէն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ։
Ըստ կանոնագրութեան յանձնաժողովի նախագահը կը հանդիսանայ Աւստրիայի ոստիկանութեան պետը։
- 1938 թուականէն նախագահողը կը դառնայ Ֆաշիստական Գերմանիան, Ինթըրփօլի գլխաւոր գրասենեակը կը տեղափոխուի Պերլին, իսկ կազմակերպութեան նախագահները կը դառնան Ռայնիպդ Հեդրէ (1940-1942), Արտուրնէ Պեն (1942-1943) եւ Էռնեստ Կալտենբռուն (1943-1945) գեներալները[1] ։ Արդիւնքով պետութիւններու մեծամասնութիւնը կը դադրեցնէ իր մասնակցութիւնը եւ փաստօրէն Ինթըրփօլը, որպէս միջազգային կազմակերպութիւն գոյութիւն չ'ունէր։
- Ինթըրփօլի վերականգնումը տեղի ունեցաւ միայն 1946 թուականին եւ գլխաւոր գրասենեակը տեղափոխուեցաւ Փարիզ։
- Գործող կանոնադրութիւնը ընդունուած է 1956 թուականին, որով ալ հաստատուած է կազմակերպութեան նոր անուանումը՝ «Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութիւն»։
- Աւելի ուշ՝ 1989 թուականին Ինթըրփօլի գլխաւոր գրասենեակը կը տեղափոխուի Լիոն, միաժամանակ, այդ քաղաքին մէջ կը կազմակերպուի գլխաւոր քարտուղարութեան ժամանակակից կոմպլեքսի շինարարութիւնը։
- Ներկայիս Ինթըրփօլին կ'անդամակցի 190 պետութիւն։
Կառուցուածք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինթըրփօլի բարձրագոյն մարմնի նախագահը ընտրուած է տարեկան հանդիպման ընդհանուր ժողովի ժամանակ։ Ընտրուած են.՝
- 2008-2012 թթ. Սինկափուրի ներկայացուցիչը՝ Քյու Վենհուեյ
- 2012-2016 թթ. Ֆրանսայի ներկայացուցիչ՝ Միրեյ Բալեստրազ (Ինթըրփօլի առաջին կին նախագահը)
Երկրորդ մարմինը քարտուղարութիւնն է։ Գլխաւոր քարտուղարն է Ռոնալտ Նոպըլը, որ առաջին անգամ ընտրուած է 2000 թուականին, այնուհետեւ վերընտրուած՝ 2010 թուականին, 5 տարի ժամկէտով։
Ինթըրփօլի Գործադիր կոմիտէն խորհրդարանական մարմինն է, ունի 13 անդամ, որոնք կ'ընտրուին 3 տարին անգամ մը, ընդհանուր ժողովին կողմէ։ Գործադիր կոմիտէի հիմնական գործառոյթներն են՝
- Գլխաւոր քարտուղարի աշխատանքներու վերահսկումը
- Գլխաւոր Ժողովի որոշումներու կատարումը
1946 թուականէն ի վէր Ինթըրփօլի պաշտօնական մարմնի բաժինը կը դառնայ «International Criminal Police Review» ամսագիրը։
Ինթըրփօլի մարմիններու մշտական կեդրոնատեղին է Լիոն քաղաքը։
Խնդիրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինթըրփօլի հիմնական խնդիրն է համակարգել առանձին երկիրներու միասնական քաղաքականութիւնը համընդհանուր յանցագործութիւններու դէմ։ Հիմնական խնդիրներէն են.
- Միջազգային յետաքննութիւնը
- Պայքարը յանցագործութիւններու դէմ (մարդկանց առեւտուր, թմրանիւթերու վաճառք, կեղծ արժեթուղթերու վաճառք)
Պաշտօնական լեզուներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժամանակագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1914 – Մոնաքոյի մէջ կայացաւ քրէական ոստիկանութեան 1-ին համաժողովը, որուն մասնակցեցան 23 երկիրներ.
- 1923 – Վիեննայի մէջ Քրէական ոստիկանութեան միջազգային յանձնաժողովի ստեղծում.
- 1946 – Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք կազմակերպութեան վերականգնում՝ Փարիզի մէջ. Քարթային համակարգի ստեղծում եւ կարմիր անկիւնով առաջին քարթերու հրապարակում.
- 1956 – Կազմակերպութիւնը վերանուանուեցաւ՝ Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան - Ինթըրփօլ.
- 1971 – Ինթըրփօլը ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս միջկառավարական կազմակերպութիւն.
- 1989 – Գլխաւոր քարտուղարութիւնը Փարիզէն տեղափոխուեցաւ Լիոն.
- 1992 – Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը Ինթըրփօլին.
- 2004 – ՄԱԿ-ի մէջ Ինթըրփօլի ներկայացուցչութեան ստեղծում.
- 2008 – Եւրոպական միութեան կից Ինթըրփօլի ներկայացուցչութեան ստեղծում Պրիւքսէլի մէջ.