Jump to content

Ժոզեֆ Աբգարիոս

Ժոզեֆ Աբգարիոս
Ծնած է 1872
Մահացած է Մարտ 1950
Մահուան վայր Ֆրանսա
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Ծնողներ հայր՝ Ճան Աբգարիոս

Ժոզեֆ Աբգարիոս, (1872 - Մարտ 1950, Ֆրանսա), Լեզուագէտ, յօդուածագիր, բժիշկ եւ վիրաբոյժ:

Փոքր տարիքէն իսկ շատ հետաքրքիր եւ ուսումնատենչ տղայ մը եղած է: Իր հօր նման եւ անոր կարգադրութեամբ, Ժոզեֆ եւս իր նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Անգլիական հիւպատոսի զաւակներուն հետ։ Տասներկու տարեկանին ղրկուած է Անթուրայի Քոլէճը (Լիբանան), ուր ի մէջ այլոց սորված է լաւ Ֆրանսերէն եւ արաբերէն։ Լեզուագէտի բնածին կարողութիւնը հօրմէն ժառանգած ըլլալով՝ Ժոզեֆ եւս այդ մարզին մէջ փայլուն յաջողութիւն արձանագրած է։ Ուշիմ երիտասարդ մը ըլլալուն, Քոլէճի ութ տարուան դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտած է։

Հօր մահէն ետք, Տոքթ. Յովհաննէս Վարդապետի թելադրութեամբ, որ ճան Աբգարիոսի զաւակներուն հոգաբարձու նշանակուած էր, Ժոզեֆ կը յաճախէ Սուրիոյ բողոքական Քոլէճը (այժմու Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան), որու բարձրագոյն դասընթացքը կ'աւարտէ մէկ տարիէն եւ վիրաբոյժի վկայականը պատուոյ յիշատակութեամբ կը ստանայ երկու տարիէն։ Տոքթ.Փօսթ, համալսարանի տնօրէնը, ամավերջի հանդէսին, վկայկանը յանձնելու ատեն կ'ըսէ. «Վերջին չորս տարիներու ընթացքին այս պատուոյ վկայկանը ոեւէ մէկուն չէ տրուած: Ինծի համար հաճելի պարտականութիւն մըն է այս տարի սոյն վկայկանը տալ ժոզեֆ Աբգարիոսին, որ եզակի կարողութիւն արտաբերած է բժշկական մարզի վիրաբուժական ճիւղին մէջ։ Ես կը ծերանամ, բայց կը զգամ, թէ պիտի ապրիմ շնորհիւ իրեն»:

Ան այն ծանօթ վիրաբոյժ Տօքթ. Փօսթն է, որու անունով փողոց մը կայ ամերիկեան Համալսարանի նախկին ատամնաբուժական բաժնին կից, սանդուխներէն դէպի ծովեզերք իջնող զարիվարին, որ Րիւ Փօսթ կը կոչուի։

ժոզեֆ կը ղրկուի Անգլիա, ուր իր բացառիկ կարողութեան շնորհիւ «The Royal college of surgeons» միութեան անդամ կ'ընդունուի։ Կ'անցնի Պոլիս, ապա աշխատելու արտօնագիր ստանալով կը հաստատուի Պէյրութ: Սակայն իր եռուն կեանքը չ'ուզեր պարփակել սահմանափակ շրջանակի մէջ ու 1899-ին կ'երթայ Եգիպտոս: Հոն իր հանրային գործունէութեան առաջին օգուտը կ'ըլլայ Հէլուանի մէջ մալարիայի հիւանդութեան գիւտը ընելով։

իր ջանքերուն շնորհիւ եւ իր միջոցաւ, կառավարութիւնը խիստ միջոցներու կը դիմէ հիւանդութիւնը զսպելու համար։ Իր պաշտօնը այնքան եռանդով կը կատարէ, որ ժողովուրդը զինք «Տօքթ. Նամուսա», այսինքն «Մժեղ բժիշկ» կը կոչէ։ Իր 12 տարուան պաշտօնավարութեան ընթացքին մեծապէս կը սիրուի ժողովուրդէն։

Իր եռանդուն եւ հետաքրքիր հոգին դարձեալ չ'ուզեր սահմանափակուիլ Գահիրէի մէջ եւ կը սկսի շրջագայիլ։ Կ'երթայ Դամասկոս, Պաղտատ, Պոլիս եւ Երոպա ու կը հաստատուի Անգլիա: 1913-1936 մեծ յաջողութիւն կը գտնէ եւ հողատարածք մը կը գնէ վերջնականապէս Անգլիա հաստատուելու նպատակով։ Սակայն բախտը բոլորովին այլ բան տնօրինուած էր իրեն համար. կը Հանդիպի ֆրանսուհիի մը, որու հետ կ'ամուսնանայ։ Ի վերջոյ կինը զինք կը համոզէ, որ ա՛լ գործէ հրաժարի եւ հաստատուի Ֆրանսա: Այդպէս ալ կ'ըլլայ։ Ժոզեֆ 64 տարեկանին Հանգստեան կը կոչէ ինքզինք։ Երեք տարի ետք, Բ. Համաշխարհային պատերազմին պատճառաւ դարձեալ կը մտնէ անգլիական բանակ։ Կը ճաշակէ (The Blitz ) ի բոլոր դառնութիւնները, որովհետեւ Home Front-ի մէջ էր իբրեւ բժիշկ, եւ պատերազմէն ետք 67 տարեկանին կը վերադառնայ կնոջը եւ զաւկին քով։

Գրական մարզին մէջ Ժոզեֆ Աբգարիոս գրած է բազմաթիւ յօդուածներ։ Իր կարեւորագոյն գործն է հօրը անգլերէն-արաբերէն բառարանին ընդարձակումը, ինչպէս յիշուած է անոր վերջին տպագրութեան յառաջաբանին մէջ։

Կը մահանայ Ֆրանսա, Մարտ 1950-ին։[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։