Jump to content

Ժանէթ Գարամանուկեան

Ժանէթ Գարամանուկեան Ժանէթ Քասունի
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն մանկավարժութիւն՝ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս
Աշխատավայր Ուսուցիչ
Ամուսին Երուանդ Քասունի
Ծնողներ Մովսէս Գարամանուկեան

Ժանէթ Գարամանուկեան, յայտնի Ժանէթ Քասունի անունով, ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է տեղւոյն Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ։ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ հետեւած է մանկավարժութեան ճիւղին եւ ստացած՝ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսը, 1957-ին։

Ուսուցչական ասպարէզ մտած է 1958-ին, ու դասաւանդած՝ անգլերէն, հայերէն եւ հայոց պատմութիւն, Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ, Պէյրութ։

Դպրոցական գրասեղաններու վրայ սկսած է գրել եւ մասնակցիլ Հայ Աւետարանական Գոլէճի գրական ակումբին «Սիփան» թերթին։ Ապա պատմուածքներ տուած է «Գրական Կայծեր»-ուն, «Շիրակ»-ին, եւ «Երիտասարդ Հայուհի»-ին։ Այս վերջինին խմբագրական կազմին մասնակցած է 1963-1968 տարիներու ընթացքին։

1963-1988, «Պատանեկան Արձագանգ» ամսաթերթին խմբագրական մարմնին մաս կազմած ու գրած է մանկական պատմուածքներ եւ խմբագրականներ։

Ներկայիս Քալիֆորնիոյ մէջ կը շարունակէ ուսուցչութիւնը Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանի եւ Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի մէջ, նոյն ատեն մաս կազմելով «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագրութեան։

Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած գեղարուեստական մրցանքներուն, 1958-ին, ստացած է Բ. մրցանակը. իսկ 1965-ին յիշատակութեան արժանացած է Եղեռնի 50 ամեակին նուիրուած պատմուածքներուն համար։

Ժ. Քասունիի « Գաւաթ մը Գարեջուր» պատմուածքը 1991-ին արժանացած է Aliied Arts-ի Գրական բաժնի Ա. մրցանակին։

Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժանէթ Գարամանուկեան-Քասունի որպէս ծածկանուն կը գործածէ Հուրի[1]:

Հեղինակն է «Պէյրութի Երախաներ» մանկական պատմուածքներու հատորին, հրատարակուած Երեւանի մէջ,[2] եւ «Աբարի Աղաւնիներ»՝ դարձեալ մանկական պատմուածքներու հատորին, Պէյրութի մէջ, 1990-ին։

«Ուրիշ գիծ ունիմ» Հրատարակուած՝ Պէյրութ, 2006 թ. [3]

Հինգ ճուտիկները (Հեքիաթ) Հրատարակուած՝ Լոս Անճելըս, 2002 թ. [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]