Թորոս Ազատեան
Թորոս Ազատեան | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | 5 Մայիս 1898 |
Ծննդավայր | Ապուչեխ, Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] |
Մահացած է | 15 Նոյեմբեր 1955[1][2] (57 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա[2] |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, բանասէր, Խմբագիր, հասարակական գործիչ, գրագէտ |
Թորոս Ազատեան (5 Մայիս 1898, Ապուչեխ, Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 15 Նոյեմբեր 1955[1][2], Պոլիս, Թուրքիա[2]) բանասէր, խմբագիր, բանաստեղծ։
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծնած է Ակնի (Խարբերդ) Ապջուղայ (Ապուչեխ) գիւղը, 5 Մայիս 1898-ին։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ՝ Ակնի Նարեկեան եւ Չմշկածագի Միացեալ ընկերութեան վարժարաններուն մէջ։ Գրական հակումները ի յայտ եկած են վաղ հասակին՝ ներշնչուելով հայրենի բնութեան վառ պատկերներէն։ Պոլիս գալէն ետք, 1920-ին, կոչուած է Համազգայինի դիւանի օգնական քարտուղարի պաշտօնին։ Շուրջ 15 տարի վարած է պատրիարքարանի զանազան մարմիններուն քարտուղարութիւնը։ Եղած է ուսուցիչ Պէզէզեան վարժարանին մէջ։
Թորոս Ազատեանի առաջին երկն է Միսաք Մեծարենցի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած հատորը, որ հրատարակուած է 1922-ին։ Աշխատակցած է Պոլսոյ եւ արտասահմանի պարբերականներուն։ 1925-ին ստանձնած է Ս․ Փրկիչ ազգ․ հիւանդանոցի «Ընդարձակ տարեցոյց»ին խմբագրութիւնը։ Յաջորդաբար պատրաստած է վեց հատորներ։
1927-էն սկսեալ լոյս ընծայած է «Աղբիւր անմահութեան» բանաստեղծութիւններու երեք հատորներ։ Իսկ գաւառական կեանքի յուշեր, հէքիաթներ եւլն․ ամփոփուած են «Քառասնեակ» եւ «Զմռուխտի պատմուճան» հատորներուն մէջ։ 1931-ին հրատարակած է Կոմիտաս վարդապետի կեանքին ու երաժշտական գործունէութեան նուիրուած երկհատորեակը։
Բացի գրական երկերէ, գրի առած է շարք մը պատմական յիշատակարաններ (Պէզճեան Մայր վարժարանի 100-ամեակը, Ուսուցչական Օգնութեան սնտուկի երեսնամեակը, Բերայի Աղքատախնամի յիսնամեակը, «Ժամանակ»ի 40-ամեակը եւլն․)։
Խմբագրած է «Արեւելք» եւ «Զարթօնք» գրական շաբաթաթերթերը։
Մահացած է 15 Նոյեմբեր 1955-ին, Պոլիս։ Մարմինը կը հանգչի Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Հայ Հանրագիտակ, Հայր Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Հատոր Ա․, էջ 40։