Թթուասեր

Թթուասեր եւ այլ կաթնամթերք

Թթուասեր (հին սլաւոներէն՝sъmętana < sъmětati), կաթնաթթուային արտադրանք, որ կը ստանան սերուցքէն եւ մակարդէն[1]: Իւղայնութեան աստիճանը կը տատանի 10-էն մինչեւ 58%[2]: Թթուասերը իրմէ կը ներկայացնէ սերուցք՝ ենթարկուելով կաթնաթթուային խմորեցման: Ֆրանսական եւ սլաւոնական խոհանոցներու աւանդական արտադրանք։ Թթուասերը կ՛օգտագործեն ոչ միայն ուտեստներու մէջ, նաեւ դիմահարդարման համար։

Տարածումը եւ անուանակարգումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրեմ-ֆրեշ ելակի վրայ

Թթուասերը կը համարուի ռուսերու, ուքրանացիներու, պելառուսերու ազգային ուտեստը։ Այն նաեւ տարածուած է Արեւելեան Եւրոպայի մէջ՝ մերձպալթեան երկրներուն (Լիտուա, Լատուիա, Էսթոնիա), նախկին Արեւելեան Գերմանիայի, Հունկարիոյ, Ռումանիոյի եւ Մոլտովիոյ, նախկին Հարաւ սլաւիայի երկրներուն, նաեւ Ֆինլանտիայի մէջ։

Ֆրանսական սերուցքը կամ քրեմ-ֆրեշը նոյնպէս կը ստացուի պաստերիզացուած սերուցքէ։ Նորմանտիոյ մէջ յաճախ կ՛աւելացնեն թթուասերին քալուատոս եւ կը պատրաստեն ձկան սոուս։

Թթուասեր անուանումը կ՛օգտագործուի միայն Հայաստանի մէջ։ Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, Պելառուսիոյ կ՛օգտագործուի сметана անուանումը, Ֆինլանտիայի մէջ smetana եւ crème fraîche[3], Գերմանիոյ՝ schmand, սլաւոներէն՝ kisla smetana, Լեհաստանի մէջ՝ śmietana, Չեխիոյ մէջ՝ zakysaná smetana, Ռումանիոյ՝ smântână: Բացի վերոնշեալ երկիրներէն թթուասերը կ՛օգտագործեն նաեւ եւրոպական այլ երկրներու մէջ՝ Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ, Դանիոյ մէջ։ Հունկարիոյ մէջ թթուասերին կ՛անուանեն tejföl կամ tejfel, Էսթոնիայի մէջ՝ hapukoor, Լիտուայի մէջ՝ grietinė, Լատուիոյ մէջ՝ skābs krējums, Սերպիոյ մէջ՝ pavlaka կամ mileram, Պոսնիայի մէջ՝ povlaka, Խորուաթիոյ մէջ՝ kiselo vrhnje:

Թթուասերը խոհարարութեան մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թթուասերը արեւելաեւրոպական (Ռուսաստան, Ուքրանիա, Պելառուսիայ) խոհանոցին մէջ աւելի տարածուած է օգտագործել որպէս առաջին ուտեստ (Շի, բորշ, մածնաբրդոշ եւ այլն)։ Թթուասերրը մեծաւ մասամբ կ՛օգտագործուի Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ ԽՍՀՄ-ի ուրիշ երկիրներու մէջ։ Էսթոնական խոհանոցին մէջ աւելի ճանչցուած է Սելտի ձկան հետ աւելցուող կերակուր, թթուասերը կ՛օգտագործեն նաեւ աւանդական «չորպա» ապուրի մէջ, եւ նոյնպէս մսային ճաշատեսակ «մուսակայի» պատրաստման մէջ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]