Jump to content

Թէոդորոս Քռթենաւոր

Թէոդորոս Քռթենաւոր
Ծնած է ոչ ուշ քան 625
Մահացած է 680[1]
Մասնագիտութիւն հոգեւորական, մատենագիր

Թէոդորոս Քռթենաւոր (ծանօթէ նաեւ իբրեւ Թէոդորոս Ճգնաւոր, Է., ծնած ոչ ուշ քան 625 - 680[1]), հայ մատենագիր եւ աստուածաբան։ Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսին եղբօրորդին։

Ուսումը ստացած է Սիւնեաց վարդապետարանին մէջ: Ստացած է նաեւ յունական կրթութիւն։ Եղած է Արագածոտն գաւառի Ս. Աստուածածին վանքին վանահայրը, հիմնած է դպրոց։

Թէոդորոս Քռթենաւորին սաներէն են՝ Հայոց կաթողիկոսներ Յովհաննէս Գ. Օձնեցին եւ Սահակ Գ. Ձորոփորեցին։

Մաթուսաղա եպիսկոպոսին յանձնարարութեամբ, Թէոդորոս Քռթենաւորը մասնակցած է 633-ի Կարինի ժողովին։ Պայքարած է անապականութեան խնդիրին շուրջ յուլիանոսականներու վարդապետութեան եւ երեւութականութեան դէմ, իր հակառակորդին՝ Յովհան Մայրավանեցիին դէմ գրած է «Ընդդէմ Մայրագումացոյն» ճառը։ Հեղինակ է նաեւ «Ներբողեան ի սուրբ Խաչն» եւ «Գովեստ ի Ս. Աստուածածինն» ճառերուն։

  • Թէոդորոսի Քռթենատրի ճառք երեք, տես Յովհաննու Իմաստասիրի Անձնեցւոյ Մատենագրութիւնք, Վենետիկ, 1833։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]