Jump to content

Յովհաննէս Գ. Օձնեցի

Յովհաննէս Գ. Օձնեցի
Ծնած է անհայտ[1]
Ծննդավայր Օձուն, Հայաստան[1]
Մահացած է 728[1]
Մահուան վայր Օձուն, Հայաստան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Կանօն սուրբ Հայրապետին տիեզերալուր Հայոց Մեծաց Յօհաննու Օձնեցւոյն եւ այլ Սբ Հարանցն Հայոց և Ասորւոց?
Մասնագիտութիւն հոգեւորական, աստուածաբան
Վարած պաշտօններ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս[1]

Յովհաննէս Օձնեցի (անհայտ[1], Օձուն, Հայաստան[1] - 728[1], Օձուն, Հայաստան), Ամենայն հայոց կաթողիկոս 717 թուականէն մինչեւ 728 թ., աստուածաբան, իմաստասէր, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէն դասուած է սուրբերու շարքին։ Կաթողիկոսական գահին Յովհաննէս Գ. Օձնեցին նախորդած է Եղիա Ա Արճիշեցիին, յաջորդած՝ Դաւիթ Ա Արամոնեցին։

Ուսանած է Թէոդորոս Քռթենաւորի մօտ (Այրարատի Արագածոտն գաւառին մէջ), այնուհետեւ՝ Սիւնեաց դպրոցին մէջ։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք կարգուած է ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ Արագածոտն գաւառի, իսկ որոշ ուսումնասիրողներու կարծիքով՝ Գուգարաց նահանգի թեմերէն մէրկուն առաջնորդը։ Կաթողիկոս ընտրուելէն ետք՝ 719 թուականին կը մեկնի Արաբական խալիֆայութեան մայրաքաղաք՝ Դամասկոս, Օմար ամիրապետէն կը խնդրէ թեթեւցնել Հայ եկեղեցւոյ հարկային լուծը, բռնի կրօնափոխ չընել հօր եւ առաքելադաւաններուն, դադրեցնել հալածանքները։ Ամիրապետը կ' ընդառաջէ Յովհաննէս Օձնեցիի խնդրանքներուն, իսկ կաթողիկոսը իր հերթին կ'երաշխաւորէ արաբական լուծի նկատմամբ հայերու հնազանդութիւնը։ Կաթողիկոսը նաեւ կը յաջողի հասնիլ արաբական տիրապետութեան դէմ 8- րդ. դարու սկիզբը ապստամբած հայ նախարարներու համաներմանը։ Արտագաղթած հայ նախարաարներուն թոյլ տրուեցաւ վերադառնալ հայրենիք եւ վերատիրանալ իրենց վիճակներուն։ Յովհաննէս Օձնեցին

յաջողած է ապահովել նաեւ արաբական իշխանութիւններու աջակցութիւնը քաղկեդոնականութեան, պաւլիկեաններու դէմ Հայ եկեղեցւոյ պայքարին մէջ։

Կաթողիկոսը Հայաստան կը վերադառնայ արաբական զօրքի ուղեկցութեամբ, անոնց աջակցութեամբ ամէնուրեք կը վերականգնէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դիրքերը, կը մաքրէ երկիրը յոյն հոգեւորականներէն եւ բիւզանդական զօրամիաւորումներէն։ Յովհաննէս Օձնեցին բարեփոխած է Հայ եկեղեցւոյ արարողակարգը, ծիսակարգը, պայքարած է հերձուածներու ու աղանդներու (յատկապէս՝ երեւութականութեան եւ պաւլիկեաններու) դէմ։ Կաթողիկոսութեան օրով հրաւիրուած են երկու եկեղեցական ժողովներու՝ 720 թուականին Դուինի մէջ, որ կ'ընդունի 32 կանոն, եւ 726 թ. Մանազկերտի մէջ։ Երկրորդ ժողովի ընթացքին կ'ամրագրուի Հայ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը Քրիստոսի մարմնի անապականութեան խնդիրի վերաբերեալ, կ'ամբողջացնէ եւ վերջնական տեսքի կը բերէ Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանական սկզբունքները, քրիստոսաբանական համակարգը։

Յովհաննէս Օձնեցիի ձեռնարկներէն է «Կանոնագիրք Հայոց»-ի կազմումը։ Անոր կը վերագրուի նաեւ «Գիրք թղթոց» ժողովածուի խմբագրումը։ Կաթողիկոսի պատուերով Գրիգորիս Արշարունին գրած է իր «Ընթերցուածոց մեկնութիւն»-ը, զբաղուած է նաեւ թարգմանչական գործունէութեամբ, նորոգած Օձունի եկեղեցին։ Կը հաղորդուի անոր սրբակեաց վարքի եւ բազում առաքինութիւններու մասին։

Կեանքի վերջին տարիներուն որպէս նստավայր, ընտրած է իր հայրենի Օձուն գիւղը, զբաղուեր է ուսուցչական գործունէութեամբ, աղօթած, վարած է ճգնակեաց կեանք, որուն մասին հիւսուած են բազմաթիւ աւանդազրոյցներ։ Կը պատմուի անգամ մը անոր հրաշագործութիւններու մասին։ Մահէն ետք անոր գերեզմանը կը դառնայ սրբատեղի եւ ուխտագնացութեան վայր։

Աշխատութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յովհաննէս Գ Օձնեցիէն մեզի հասած են աստուածաբան-դաւանական, ծիսապաշտամունքային բնոյթի երկեր, ճառեր, շարականներ[2]։ Ամենայայտնի գործերն են «Ատենաբանութիւն»-ը, «Ճառ ընդդէմ պաւղիկեանց»-ը եւ «Ճառ ընդ-դէմ երեւութականաց»-ը։ «Ատենաբանութեան» նպատակը մինչ այդ Հայ եկեղեցւոյ ժամերգութեան մէջ առկայ խառնաշփոթը վերացնել ու այն միօրինակութեան բերելն էր։

«Ընդդէմ պաւղիկեանց» ճառը գրուած է Հայաստանի մէջ այդ շրջանի տարածքին մէջ ստացած պաւլիկեան աղանդի դէմ, իսկ «Ճառ ընդդէմ երեւութականաց»-ը (1807, լատ. 1816)՝երեւութականներու աղանդի դէմ։

Յովհաննէս Գ. Օձնեցին հեղինակած է «Յաղագս կարգաց եկեղեցւոյ», «Հատուածք բանից ի Հաւաքմանց յաղագսկարգաց եկեղեցւոյ», «Վասն մեծի աւուր միաշաբթին», «Սակս գիշերային ժամու» եւ այլ երկեր, ճառեր, թուղթեր («Հիմնարկեք եկեղեցւոյ», «Օրհնութիւն նորաշէն եկեղեցւոյ», «Սակս ժողովոցն որ եղեւն ի Հայս», «Խոստովանութիւն անշարժ յուսոյ...» եւ այլն)։

Իր գրուածնքերուն մէջ կը դրսեւորէ աստուածաբանական փայլուն գիտելիքներ, խոր վերլուծութիւններ կատարելու կարողութիւն։

Մեզ հասած Յովհաննէս Գ Օձնեցիի հեղինակած շարականներուն (Դաւիթ մարգարէի եւ Յակոբ առաքեալի կանոնը (ունի 5 շարական. Օրհնութիւն՝ «Յաղթող գտաւ», Հարց՝ «Մեղաք յամենայնի», Ողորմեայ՝ «Անսկիզբն Աստուած», Տէր երկնէն՝ «Երդուաւ Տէր», Մանկունք՝ «Օրհնեցէք զՏէր»), Ստեփանոս Նախավկայի կանոնը (7 շարական, որոնցմէ 2-ը՝ Օրհնութիւն, մնացածը՝ Հարց, Ողորմեայ, Տէր երկնէն, Մանկունք, Ճաշի), Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու կանոնը (6 շարական. Օրհնութիւն՝ «Ցնծայ այսօր եկեղեցի», Հարց՝ «Որ խոստացար տալ», Ողորմեայ՝ «Ամոլք հաւատոյ», Տէր երկնէն՝ «Երանելի սուրբ առաքեալքն», ստեղի Մանկունք՝ «Որ արփիահրաշ», ստեղի Համբարձի՝ «Որ անպարագիրն է»), Որոտման որդիներու կանոնը (5 շարական. Օրհնութիւն՝ Հարց՝ «Որ զամենայնըն յոչընչէ արարեր», Ողորմեայ՝ «Որդիքն Որոտման», Տէր երկնէն՝ «Հոգի իմ կանխէ առ քեզ, Աստուած», հոս Մանկունք՝ «Որ յանստուեր ի լուսոյն») յատուկ է աստուածաբանական եւ դաւանաբանական խորութեամբ, անոնք գրուած են գեղեցիկ լեզուով։

Հայ եկեղեցին Յովհաննէս Գ. Օձնեցիի յիշատակը կը տօնէ Մեծ պահքի չորրորդ կիրակիի նախորդ շաբաթ օրը։

Օձնեցիի իրաւագիտական գործունէութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յովհաննէս Օձնեցին յայտնի է նաեւ որպէս իրաւագէտ։ Ան կրցաւ հաւաքել գոյութիւն ունեցող առանձին-առանձին բազմաթիւ եկեղեցական կանոններ՝ կազմելով «Կանոնագիրք հայոց» անուամբ աշխատութիւնը[3], որ ըստ ժամանակակից հայ ուսումնասիրողներէն մէկու կարծիքի «հայ ժողովուրդի միասնականութեան, պետութեան հզօրացման, Հայ առաքելական եկեղեցիին անդաւաճան մնալու անգնահատելի աշխատութիւն է»[4]։ Այդ գործը համընդհանուր ճանաչում գտած է որպէս ժամանակի իրաւագիտական խոշոր աշխատութիւն եւ մինչ այս օր կը գործածուի Հայոց եկեղեցւոյ կողմէն (որոշ լրացումներով հանդերձ)։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. Յովհան Իմաստասէր Օձնեցի, Մատենագրութիւնք։
  3. Aram Mardirossian, Le Livre des Canons Arméniens (Kanonagirk' Hayoc') de Yovhannes Awjnec'i. Église, droit et societé en Arménie du IVe au VIIIe siècle. Louvani, Peeters Publishers, 2005 (Corpus Scriptorum Christianorum Orientalium, 606). ISBN 9042913819
  4. «Հայ իրավաբաններ», Սերգեյ Ավագյան