Jump to content

Կարինի ժողով

Կարինի ժողով (633 թ.)։ Ժողովը գումարուեցաւ Կարին քաղաքին մէջ, ուր քննարկուեցաւ Քրիստոսի երկու բնութեան վերաբերող դաւանական հարցերը։

Այս ժողովին մասնակցեցան հայ հոգեւորականներէն՝ Եզր կաթողիկոս, չորս եպիսկոպոսներ եւ երեք վարդապետներ։ Մասնակցեցան նաեւ յոյն հոգեւորականներ եւ Հերակլիոս կայսրը, որ ներկայացուց «Հաւատոյ Գիրը»՝ որմով կ'առաջադրէր «Մոնոթելետիզմը» (Միակամութիւն) կոչուած նոր դաւանանքը։ Ըստ այս դաւանանքին Քրիստոս ունէր մէկ կամք՝ աստուածայինը, ներառելով նաեւ մարդկային բնութիւնը։ Այս ուսմունքին հեղինակը Ասորիքի պատրիարք՝ Սերգիոսն էր (610-638

Կարինի ժողովին մէջ էր, որ կարդացուեցաւ Մաթուսաղայի թուղթը, ուր հեղինակը հիմնաւորապէս կը մերժէր քաղկեդոնականութիւնը։ Սակայն ըստ երեւոյթին հայ հոգեւորականները կայսեր բռնադատութեամբ ստիպուած ընդունեցին անոր առաջադրած հաւատոյ գիրը եւ յոյն հոգեւորականներու եւ կայսեր հետ hաղորդուեցան Կարինի եկեղեցւոյ մէջ, վերջ տալով միաբնակներու եւ երկաբնակներու (քաղկեդոնականներու) միջեւ ընթացող պայքարին։

Սակայն հայ հոգեւորականներու մէկ մասին համակերպութիւնը չէր նշանակէր, որ հայ եկեղեցին կ'ընդունէր կայսեր առաջարկը։

Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեանի համար, Կարինի մէջ տեղի ունեցածը՝ ժողով չի նկատուիր, քանիզի նիստեր տեղի չեն ունեցած, որոշումներ ու կանոններ չեն ընդունուած։ Պարզապէս եղածը կայսերական հրաման մըն էր, որուն հայերը, առկայ քաղաքական կացութեան հետեւանքով, արաբական արշաւանքներու՝ օրըստօրէ աճող վտանգի դէմ հանդիման, անհրաժեշտ նկատած են ենթարկուիլ ու համագործակցիլ բիւզանդացիներու հետ։

  • Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հատոր 5 էջ 323։