Մաթուսաղա եպիսկոպոս

Մաթուսաղա եպիսկոպոս
Ծնած է 6-րդ դար
Մահացած է 652[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ

Մաթուսաղա, Սիւնեաց կամ Յունաբան դպրոցի նշանաւոր ուսուցիչ, հայ փիլիսոոփայ, գիտնական, հոգեւոր գործիչ, ապրած է Զ. դարու վերջաւորութեան եւ Է. դարու սկիզբը։ Անոր մասին կենսագրական ստոյգ տուեալներ չկան: Ծննդեան թուականը անյայտ է։ Մահացած է շուրջ 652-ին։ Եղած է նշանաւոր ուսուցչապետ Սիւնեաց վարդապետարանին։

Կազմակերպած է Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի գործերուն մեկնութիւնները։

633-ին, Կարինի ժողովին, դաւանաբանական վէճի մը ընթացքին, կարդացուած է Մաթուսաղայի թուղթը, ուր վերջինս կտրականապէս մերժած է քաղկեդոնականութիւնը։

634-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է։ Ստեփանոս Օրբելեանի կողմէ արժանացած է մեծամեծ գովասանքներու։ Ան իր «Պատմութիւն Նահանգին Սիսականայ» գիրքին մէջ ինքզինք անուանած է ժամանակի «Մեծ քերթող եւ անյաղթ փիլիսոփայ ... ուսեալ զքերթողութիւն եւ վարժեալ ճարտասանականաւն, հմտացեալ փիլիսոփայական արուեստին, լի ամենայն իմաստութեամբ եւ կատարեալ գիտութեամբ»։

Օրբէլեանի իրեն ընծայած մակդիրներէն ի յայտ կու գայ, թէ Մաթուսաղա եղած է Յունաբան դպրոցի մեծ աշխատաւորներէն մէկը։ Դժբախտաբար իրմէ ոչ մէկ գործ հասած է մեզի։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
  1. 1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.