Էղեսթա

Բնակավայր

հին քաղաք, հնաբանական վայր

հնաբանական պուրակ

Էղեսթա

Երասա
հին յունարէն՝ Ἔγεστα կամ Αἴγεστα
Էղեսթա, հին տաճարը
Երկիր Իտալիա
Տարածութիւն 10․000 քմ²
ԲԾՄ 305 մ
Ժամային գօտի UTC+1 եւ UTC+2
Փոստային ցուցանիշ 91013[1][2]
Պաշտօնական կայքէջ regione.sicilia.it/benic…[3]
Յունական թատրոնը

Էղեսթա կամ Սեղեսթա (իտալ․՝Segesta, յուն.`Έγεστα կամ Αίγεστα, իսկ Սիչիլիոյ լեզուով՝Siggésta)․ հին քաղաք, Թրաբանի, Սիչիլիա, Իտալիա։ Կը գտնուի Սիչիլիոյ հիւսիս-արեւմուտքը, Պարպարօ լերան գագաթին վրայ (305 մ․բարձրութիւն): Քաղաքին աւերակներուն մէջ կան լաւ պահպանուած վիճակի մէջ դորեան ոճի տաճար մը եւ հին յունական թատրոն մը։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Թուքիդիդիսին, Սիչիլիոյ առաջին բնակիչները իպիրեան ծագումով Սիքանիները եղած են, որոնց Լիկիացիները վտարած են։ Յոյներուն կողմէն Տրոյի պաշարումին ընթացքին, Տրոյացիներ Սիչիլիա կ՛ապատանին ու Էրիքա եւ Էղեսթա քաղաքներուն մէջ Սիքացիներուն հետ կը բնակակցին եւ Էլիմի կ՛անուանուին։

Էղեսթա Ք․Ա․580-էն վատ յարաբերութիւններ ունէր Մեղարա Իվլէայի գաղթօճախ Սելինունտասին (հին յուն․՝ Σελινοῦς) հետ, ինչ որ կը պատճառէ Պելոպոնեզեան Պատերազմին ընթացքին Աթենացիները Սիչիլիա արշաւեն (Ք․Ա․415-Ք․Ա․413)։ Ք․Ա․409-ին Էղեսթացիները կը դաշնակցին Կարթագէնացիերուն հետ, երբ վերջինները Սելինունտաս կը գրաւեն։ Առաջին Հռոմէակարթագէնեան պատերազմին ընթացքին, Էղեսթացիները Կարթագէնացիներուն կը դաւաճանեն ու կը պատերազմին հռոմէացիներուն կողքին եւ այդ պատճառով հռոմէական գերիշխանութեան ընթացքին հռոմէացիները քաղաքին նպաստներ կը շնորհեն։ Սակայն Ք․Ա․2րդ դարուն, Էղեսթա կը կործանի։

Անունը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկու տրախմի, (Ք․Ա․475-Ք․Ա․455)
Դիդրախմօ (Δίδραχμο )․ մէկ երեսին վրայ «ΣΕΓΕΣΤΑ» արձանագրուած է

Բնակիչները կը կոչուէին Էղեսթէի (Թուքիդիդիս) կամ Սեղեսթանի/Սեղեսթէի ըստ յայտնաբերուած դրամներու, ΣΕΓΕΣΤΑΙΩΝ արձանագրութեամբ։

Քաղաքը անուանած են «Έγεστα» (Թուքիդիդիս Ք․Ա․5րդ-Ք․Ա․4րդ դար), «Αίγεστα» Դիոդորոս Սիչիլիացին (Սիքիլիացին), Սեղեսթա Քլաւտիոս Բթոլեմէոս (Պտողէմէոս) Ք․Ա․2րդ դար։ Իսկ այդ ժամանակաշրջանի դրամներուն վրայ ΣΕΓΕΣΤΑ արձանագրուած է։

[4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]