Էլըն Քաթլին Փոմփէո (անգլերէն՝ Ellen Kathleen Pompeo; 10 Նոյեմբեր1969(1969-11-10)[1], Էւըրէթ, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) Ամերիկացիդերասանուհի մը եւ արտադրիչ մըն է: Ծնած Էւըրէթ, Մասաչուսէթս, Փոմփէո կը փոխադրուի Նիւ Եորք երբ ան 26 տարեկան էր, ուր բեմադրիչի մը կողմէ արձանագրուած է L'Oreal ընկերութեան ծանուցումներէն մէկուն մէջ։ Անոր նախնական դերերը եղած են NBC կայանի տրամա Law & Order հեռուստաշարին մէջ, ինչպէս նաեւ Strangers with Candy, Strong Medicine եւ Friends[3][4][5]:
Փոմփէոյի առաջին ֆիլմը 1999-ի սիրային կատակերգութիւն Coming Soon ֆիլմն էր։ Ան նաեւ փոքր դերեր ստանձնեց տարբեր ֆիլմերու մէջ, ինչպէս In the Weeds եւ Mambo Café, սակայն չկրցաւ յաջողութիւն գտնել ընդհանրապէս: Այդ փոխուեցաւ երբ 2002-ին ան ունեցաւ գլխաւոր դեր մը Պրէտ ՍիլպըրլինկիMoonlight Mile ֆիլմին մէջ։ Ան յետոյ ունեցաւ անուանային գլխաւոր դեր մը ABC կայանի բժշկական տրամա Grey's Anatomy հեռուստաշարին մէջ (2005–ներկայ), եւ շահեցաւ համաշխարհային հռչակ իբրեւ տք. Մէրէտիթ Կրէյ: Սա դերը իրեն արժանացուց տարբեր տեսակի մակարդակաւոր մրցանակներու, որոնցմէ են՝ Golden Globe Award for Best Actress – Television Series Drama մրցանակի պաշտօնակարգում, եւ Screen Actors Guild Award մրցանակ: Իր կերպարը այդ հեռուստաշարին մէջ շատ ճանչցուած դարձաւ՝ Փոմփէոն դարնալով ամէնէն հռչակաւոր հեռուստաշարի դերասաններէն մին[6][7]:
Էլըն Փոմփէո ծնած է Էւըրէթ, Մասաչուսէթս, ԱՄՆ, 10 Նոյեմբեր, 1969-ին իբրեւ Քաթլին Պիի եւ Ճոզէֆ Փոմփէոյի զաւակը[3][5][8]: ԱՆոր հայրը Իտալական, Անգլիական եւ Իրլանտական ծիներ ունի, սակայն մայրը միայն Իրլանտական ծիներ ունի[7][9]: Ան եղած է պապական Քրիստոնէայ[10][11]: Մայրը Էլընի մահացաւ ցաւը հանդարտեցնող դեղերու երկարատեւ օգտագործումէ երբ Էլըն միայն հինգ տարեկան էր, որմէ ետք շուտով հայրը ամուսնացաւ ուրիշի հետ: Հայրը մահացաւ 1 Սեպտեմբեր, 2012-ին[12]:[13] Ան ունի հինգ քոյր/եղբայրներ՝ երեք քոյր եւ երկու եղբայր: Իր ընկերները իրեն կը կանչէին գործածելով "the pencil" ածականը[14]: Փոմփէո կ'աշխատէր Մայամիի մէջ գինետան մը մէջ, երբ ծանօթացաւ իր ապագայ սիրածը՝ նկարիչ Անտրու Ռոզընթալ[15]: Միասին փոխադրուեցան Նիւ Եորք 1995-ին, ուր ծանօթացաւ բեմադրիչի մը, որ ծանոցումներ կը նկարահանէր մեծ ընկերութիւններու համար, ինչպէս Citibank եւ L'Oreal[3][15]: