Իսայահ Ուաշինկթըն
Իսայահ Ուաշինկթըն | |
---|---|
Student National Medical Association կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած դասախօսութենէ մը ետք, 2008 | |
Ծնած է | 3 Օգոստոս, 1963 |
Ծննդավայր | Հիուսթըն, Թէքսըս, ԱՄՆ |
Քաղաքացիութիւն |
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Սիերա Լէոնէ[1] |
Ուսումնավայր |
Willowridge High School? Հովարդի համալսարան?Կատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ |
Մասնագիտութիւն | Դերասան |
Կուսակցութիւն | Ամերիկայի Հանրապետական Կուսակցութիւն[2] եւ Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն[3] |
Ամուսին | Ճէնիսա Մարի Կարլընտ |
Երեխաներ | 3 |
Իսայահ Ուաշինկթըն (անգլերէն՝ Isaiah Washington IV, ծնած 3 Օգոստոս, 1963, Հիուսթըն, Թէքսըս, ԱՄՆ) Ամերիկացի դերասան մըն է: Ան ամէնէն շատ ճանչցուած է իբրեւ Դկ. Փրէսթըն Պըրք ABC կայանի բժշկական տրամա Grey's Anatomy հեռուստաշարին մէջ 2005էն 2007: Ուաշինկթըն այժմ ստանցնած է Թէլոնիըս Ժահա դերը The CW ընկերութեան The 100 հեռուստաշարին մէջ:
Անձնական Կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իսայահ Ուաշինկթըն ծնած է Հիուսթըն, Թէքսըս, ԱՄՆ, ուր իր ծնողքը Houston Heights հասարակութեան մաս կը կազմէին: Բոլորը կը փոխադրուին Միսուրի Սիթի, Թէքսաս, ԱՄՆ, 1980-ին, ուր Ուաշինկթըն կը մտնէ Willowridge High School դպրոցի առաջին աւարտող աշակերտներուն շարքերէն ներս, 1981-ին: Ուաշինկթընի հայրը մահացած է երբ ան միայն 13 տարեկան էր։ Ան ժամանակաշրջանի մը մէջ կ'աշխատի United States Air Force կառավարական ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կը յաճախէ Howard University համալսարանը: Ուաշինկթըն կ'ամուսնանայ Ճէնիսա Մարի Կարլընտի հետ 14 Փետրուար, 1996-ին: Անոնք այժմ ունին երեք զաւակ:
Ասպարեզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2005-ին, Ուաշինկթըն ստանցնեն դերը գործողութիւն կատարող Դկ. Փրէսթըն Պըրքի ABC կայանի բժշկական տրամա Grey's Anatomy հեռուստաշարին մէջ։ Այդ դերը իրեն արժանացուց երկու NAACP Image Awards մրցանակներու Outstanding Actor in a Drama Series բաժամունքին մէջ, ինչպէս նաեւ Screen Actors Guild Award մրցանակ մը: Ան միշտ Սանտրա Օհի սէրն է հեռուստաշարին մէջ, ով ստանցնած էր Դկ. Քրիսթինա Եանկի դերը: Ուաշինկթընը սկըզբը փորձած է ստանցնել Դկ. Տէրըք Շէփըրտի դերը, սակայն այդ դերը ստանցնուած է Փաթրիք Տէմբսիի կողմէ: Իր դերին համար ան անունանուած է "TV's Sexiest Men" («Հեռատեսիլի Ամէնէն Ցանկայարոյց Մարդը») TV Guide պարբերաթերթին կողմէ 2006-ի Յունիսին, ինչպէս նաեւ անուանուած է իբրեւ հեռատեսիլի ամէնէն ցանկայարոյց իշկներէն մին TV Guide ընկերութեան հեռատեսիլի կայանէն, 2008-ի Յունիսին: People պարբերաթերթի կողմէ ան կը գտնուի "50 Beautiful People" («50 Ամէնէն Գեղեցիկ Անձինք») ցանկին մէջ 2006-ի Մայիսին: