Jump to content

Էդուարդ Աղաեան

Էդուարդ Աղաեան
Ծնած է 16 Մարտ 1913(1913-03-16)[1][2]
Ծննդեան վայր Մեղրի[1][2]
Մահացած է 29 Դեկտեմբեր 1991(1991-12-29)[3] (78 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Գործատու Երեւանի Պետական Համալսարան[1][2]
Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկ[1]
Կրթութիւն Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունք[1]
Կոչում փրոֆէսոր[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Տիրապետած լեզուներ հայերէն
Անդամակցութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա[1][2]
Պարգեւներ եւ
մրցանակներ
«Աշխատանքի Արիութեան Համար» շքանշան Հայկական ԽՍՀ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Աշխատանքային Կարմիր դրօշի շքանշան
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[1]

Էդուարդ Աղաեան (16 Մարտ 1913(1913-03-16)[1][2], Մեղրի[1][2] - 29 Դեկտեմբեր 1991(1991-12-29)[3], Երեւան, Հայաստան), հայ լեզուաբան, բանասիրական գիտութիւններու մասնագէտ (1942), մասնագէտ (1946), ՀԽՍՀ ԳԱ ակադեմիոյ անդամ (1982), ՀԽՍՀ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1970

Էտուարտ Աղաեան, ծնած է 16 Մարտ 1913-ին Մեղրիի մէջ։ 1928-ին աւարտած է տեղի 7-ամեայ դպրոցը։ 1930-1932-ններուն աշխաած է Մեղրիի քոլխոզի մէջ՝ սկիզբը որպէս հաշուետար, ապա՝ հաշուապահ։ 1933-էն ի վեր, ուսանած է ԵՊՀ պատմագրական յիմնարկին մէջ՝ միաժամանակ աշխատելով ծխախոտի գործարանին մէջ որպէս հաշուապահ։

1938-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը եւ 1939-ին ընկերութիւն ընդունուած է։ 1941-ին պաշտպանած է թեկնածուական («Մեղրիի բարբառը»), 1945-ին՝ մասնագիտական ատենախօսութիւն («Հայ լեզուաբանութեան պատմութիւն»)։ 1942-ին անոր շնորհուած է միանալու իրաւունքը, 1946-ին՝ մասնագէտի կոչում։ 1953-ին ընտրուած է ՀԽՍՀ ԳԱ թղթակից անդամ, 1982-ին՝ ակադեմիոյ անդամ։

1932-1991-ին ԵՊՀ-ի մէջ աշխատած է, 1956-1985-ններուն եղած է համալսարանի ընդհանուր լեզուաբանութեան բաժինի վարիչ, 1968-1991-ններուն՝ հայագիտական կեդրոնի ղեկավար, 1986-1989ններուն «Բանբեր Երեւանի համալսարանի» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր, 1953-1956՝ ԵՊՀ գիտական աշխատանքներու գծով փոխ ատենակալ, 1948-1950՝ բանասիրութեան հիմնարկի դեկան։ Հայաստանի համալսարանին մէջ սորված է ընդհանուր լեզուաբանութիւն, լեզուաբանական ուսմունքի պատմութիւն, լեզուաբանութեան ներածութուն, հայերէնի համեմատական քերականութիւն, հայոց լեզուի պատմութիւն, գրաբարի, պարսկերէնի, լատիներէնի քերականութիւններ, արեւելեան բանասիրութիւն եւ այլ դասընթացներ։

Էտուարտ Աղաեան, տասնամեակներ շարունակ աշխատած է նաեւ ՀԽՍՀ ԳԱ Հրաիա Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ։ 1950-1953-ններուն եղած է փոխտնօրէն, 1963-1991-ններուն` ընդհանուր եւ համեմատական լեզուաբանութեան բաժինի վարիչ, 1947-1948-ններուն` ՀԽՍՀ լուսաւորութեան նախարարութեան համալսարաններու վարչութեան պետ։ Էտուարտ Աղաեան քանիցս մասնակցած է միջազգային գիտաժողովներու (Երեւան, Մոսկուա, ԱՄՆ, Հնդկաստան եւ այլն)։

1979-էն մինչեւ կեանքի վերջը եղած է լեզուաբանութեան գիծով գիտական աստիճաններ շնորհող մասնագիտական խորհուրդի նախագահ։1953-ին ընտրուած է Երեւանի քաղխորհրդի, 1980-ին եւ 1985-ին՝ ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր։

Էտուարտ Աղաեանի պրոնզաձոյլ կիսանդրին ԵՊՀ կեդրոնական մասնաշէնքի նախասրահին մէջ ականաւոր գիտնական-մանկավարժի դերը կը խորհրդանշէ համալսարանական գիտութեան զարգացման գործին մէջ[4]:

Գործունէութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էտուարտ Աղաեանի գործունէութիւնը կը վերաբերի ընդհանուր լեզուաբանութեան, հայ լեզուաբանութեան պատմութեան, հայոց լեզուի պատմութեան, քերականագիտութեան (համեմատական քերականութիւն, նկարագրական քերականութիւն, պատմական քերականութիւն), բառագիտութեան (բառաքննութիւն եւ ստուգաբանութիւն), բարբառագիտութեան, ժամանակակից հայոց լեզուի, Արեւելքի գրականութեան պատմութեան, գրաբանութեան (նաեւ ուղղախօսութիւն, ուղղագրութիւն) եւ այլ հարցերու մասին։ Նշանակալից են անոր «Լեզուաբանութեան ներածութիւն» (Եր., 1952, 1963, 1967) աշխատութիւնը, որ ԽՍՀՄ բարձրագոյն նախարարութեան կողմէն երաշխաւորուած է որպէս միութենական համալսարանի դասագիրք եւ հրատարակուած է Ռուսերէն 1959 թվականին, «Պատմահամեմատական մեթոդը լեզուաբանութեան մէջ» (Ե., 1957), «Գրաբարի քերականութիւն», հատոր 1 (Ե. 1964), «Ժամանակակից հայերէնի հոլովումը եւ խոնարհումը» (Ե., 1967), «Ընդհանուր եւ համեմատական բառագիտութիւն» (Ե., 1984) աշխատութիւնները. վերջինը 1957-ին վերամշակուած հրատարակուած է «Լեզուաբանութեան հիմունքներ» խորագրով։

Ընդհանուր լեզուաբանութեան նուիրուած աշխատութիւնները նշանաւոր են նիւթի բազմակողմանի դիտարկումներով, ինքնատիպ հարցադրումներով ու փաստարկումներով, շարադրանքի պարզութեամբ ու թարմութեամբ։ Անոնց մէջ ան նոր խօսք կ՛ըսէ լեզուի բնորոշման, անոր տարբերակներու առանձնացման, լեզուի ծագման ու զարգացման օրինաչափութիւններու, լեզուի կառուցուածքային մակարդակներու, լեզուաբանական շարք մը հասկացութիւններու (օրինակ, վանկի, հնչոյթի, ձեւոյթի, խօսքի մասերու, լեզուական կառուցուածքի ու համակարգի եւ այլն)։

Աղաեան նաեւ հնչիւնաբանական, բառագիտական-բառակազմական, ձեւաբանական արժէքաւոր վերլուծութիւններ կատարած է հայերէնի գիտական քերականութեան խնդիրներու գծով, նկարագրութեան ժամանակակի ձեւեր կիրառած է։ Կարեւոր հետազօտութիւններ կատարած է՝ նուիրուած հայրենի բառապաշարին,անոր շերտերուն, բառակազմական կաղապարներուն, սահմանաբանութեան եւ այլ խնդիրներ։ Էտուարտ Աղաեան մեծ աւանդ ունի նաեւ հայ բառարանագրութեան բնագաւառին մէջ. «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան» (Ե., 1976) երկհատոր գիրքը՝ հայերէնի բառապաշարի ընդգրկմամբ (136 հազար բառ եւ 11 հազար դարձուածք) եւ բառայօդուածներու ձեւի մասային բազմաբնոյթ դասդասումներով ու պարզաբանումներով որպէս բառարանագրական բացառիկ ձեռքբերումը կը մնայ։

Համահեղինակ է հանրակրթական դպրոցի 4-7-րդ դասարաններու հայոց լեզուի դասագրքերու, որոնք բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունեցած են։ Անոր գիտական վաստակի մաս կը կազմէ իր ուսուցիչ Հրաչիա Աճառեանի բազմահատոր աշխատութիւններու խմբագրման, անաւարտ հատուածներու լրացման եւ հրատարակութեան պատրաստման շնորհակալ աշխատանքը, մասնաւորապէս «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի» բազմահատորեակի խմբագրման, «Արմատական բառարանի» տպագրութեան պատրաստման գործին մէջ[5]:

  • Լեզուի ծագումը եւ զարգացումը, Ե., 1948:
  • Լատիներէն լեզուի քերականութիւն, գիրք 1, Ե., 1950:
  • Պատմա-համեմատական ձեւը լեզուաբանութեան մէջ, Ե., 1957:
  • Բառաքննական եւ ստուգաբանական հետազօտութիւններ, Ե., 1974:
  • Նախամաշտոցեան հայ գիրի ու գրականութեան, մեսրոպեան այբուբենի եւ հարակից հարցերու մասին, Ե., 1977:
  • Ընդհանուր եւ հայկական բառագիտութիւն, Ե., 1984:
  • Ակնարկներ հայոց տոմարներու պատմութեան, Ե., 1986:
  • Կենսագրական հանրագիտարան, Ե., ԵՊՀ համալսարան, 2009, էջ 73-75:
  • Հ. Զ. Պետրոսեան, հայերէնագիտական բառարան, Ե., «Հայաստան», 1987, էջ 20-22:
  • Գառնիկ Ստեփանեան, Կենսագրական բառարան, Ա. հատոր, Ե., «Հայաստան», 1973, էջ 66:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]