Jump to content

Զինկ

Զինկ (լատ.՝ Zincum), քիմիական տարր է, որուն նշանն է Zn, կարգահամարը՝ 30,  հիւլէական զանգուածը՝ 65,38։ Զինկը մարդու օգտագործած ամենահին տարրերէն է։

Զինկը ճերմակ մետաղ մըն է, որ ընդհանրապէս կը գործածուի երկաթը խոնաւութենէ պաշտպանելու նպատակով պատրաստուած յատուկ նիւթերու մէջ[1]: Զինկը կը պարունակէ որոշ ֆերմենթներուն մէջ եւ կ'աշխուժացնէ ատոնց գործառոյթները։

Արոյրը՝ Զինկի եւ պղինձի համաձուլուածքը, արդէն յայտնի էր Հին Յունաստանին, Հին Եգիպտոսին, Հնդկաստանի մէջ (Է դար) եւ Չինաստանի մէջ (ԺԱ դար)։ Առաջին անգամ մաքուր Զինկի առանձնացումը յաջողեցաւ Անգլիոյ մէջ 1978 թուականին Ուիլիըմ Չամփիոնին կողմէ։ Զինկի արդիւնաբերական նպատակով զտումը նոյնպէս սկսած է 18րդ դարուն։

1973 թուականին Պրիսթըլին մէջ գործարկուեցաւ Ուիլիըմ Չամփիոնի կողմէն հիմնադրուած առաջին Զինկի գործատունը։ [[Անտրէաս Սիկիզմունտ Մարկկրաֆը 1976 թուականին Գերմանիոյ մէջ մշակեց մաքուր Զինկի առանձնացման եղանակ, կը նմանէր Չամփիոնի մաքուր Զինկի առանձնացման եղանակին՝ կաւէ հրակայուն թորանօթներուն մէջ առանց օդի հոսքի խառնուրդի օքսիտի եւ ածուխի հալման, ապա սառնարաններուն մէջ Զինկի շոգիի հեղուկացման ճամբով։

Մարկկրաֆը իր եղանակը ամէնայն մանրամասնութեամբ նկարագրեց, ինչ որ հիմք դրուեցաւ Զինկի արտադրութեան։ Այդ պատճառաւ անոր յաճախ կ'անուանեն Զինկը յայտնագործող։

Անուան Ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին անգամ «Զինկ» բառը կը հանդիպէ Փարասելսուսի աշխատանքներուն մէջ, որ այդ մետաղը Liber Mineralium II գիրքին մէջ[2] անուանած է «zincum» կամ «zinken»։ Զինկ բառը, հաւանաբար, ծագած է սա բառէն, որ գերմաներէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ «ակռայիկ» (մետաղական Զինկի բիւրեղները կը նմանին ասեղներու)[3]։

1915 թուականին Քանատային եւ Միացեալ նահանգներուն մէջ գործարկուեցան ելեկտրալցոնումի ձեւով զինկի ստացման առաջին գործատունները[4]։

Սփալերիթ (ZnS)

Զինկը տարածուածութեամբ 23-րդ տարրն է, պարունակութիւնը երկրակեղեւին մէջ՝ 8,3-10−3 զանգուածային %։ Յայտնի են Զինկի 66 միներալները, որոնցմէ կարեւորներն են՝

  • սփալերիթը,
  • Զինկիթը,
  • վիլեմիթը,
  • քալամինը եւ այլն։

Զինկը Երկրին վրայ ջուրի (յատկապէս՝ տաք) հետ տեղաշարժուող տարր մըն է։ Զինկի միջին պարունակութիւնը կենդանի նիւթերուն մեջ 5-10−4 % է։ Մարդուն օրկանիզմի օրական պահանջը 5-20 մկ է։ Կը մասնակցի շնչառական, սպիտակուցային փոխանակութեան ֆերմենթային գործառոյթներուն, պտուղի կմախքի ձեւաւորմանը, կ'աշխուժացնէ սեռական գեղձերու աշխատանքը։ Զինկը էական դեր կը խաղայ ՏՆԹ-ի համապատասխան մասերուն մէջ տեղեկատուական ՌՆԹ-մոլեքուլներու սինթեզի, ռիպոսոմներու եւ կենսափոլիմերներու կայունացման համար։

Զինկը կը կարգաւորէ բոյսերու աճը, կը մասնակցի յօդախտութեան յառաջացման, կը մեծցնէ բոյսի դիմացկունութիւնը ցուրտի, շոգի եւ երաշտի նկատմամբ։ Մարդու օրկանիզմէն ներս Զինկի պակասը կը դանդաղեցնէ սեռահասունութեան գործընթացը, կը յառաջացնէ գաճաճութիւն։

Զինկ պարունակող սննդամթերք

Զինկ կը պարունակեն կենդանական ծագումով ուտելքիները՝ միս, ձուկ, խեցգետին, թռչնամիս, հաւկիթ, կաթնեղէն: Բոյսերու մէջ Զինկի պարունակութիւնը կախուած է հողին մէջ անոր ունեցած մակարդակէն: Հողին մէջ Զինկի համապատասխան պարունակութեան պարագային Զինկով հագեցած են ցորենը եւ այլ հացահատիկները, մանանեխը, նեխուրը, նարինջը, պղպեղը, քնջութը:[5] Նաեւ կը պարունակեն ընկոյզները, նուշը, արեւածաղկի սերմը, սեւ հաղարջը:[6]

Քիմիական Յատկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարրերու պարբերական համակարգի պարբերութեան, 2-րդ խումբի տարր, d տարր է, հիւլէի արտաքին ելեկհիւտրոնային թաղանթներուն կառուցուածքն է 3d104s2։ K, L, M թաղանթները լրացուած են։ Բնական Զինկը բաղկացած է 64Zn (48,89 %), 66Zn (27,86 %), 67Zn (4,11 %), 68Zn (18,57 %) եւ 70Zn (0,62 %) կայուն իզոթոփներէ։ Ստացուած են 57, 60-77 եւ 79 զանգուածի թիւերով 15 ռատիոաշխոյժ իզոթոփները, որոնցմէ ամենաերկարակեացը 65Zn-ն է (T1/2=249,7 օր)։ Կաղապար:Սեղմ Պարբերական Աղիւսակ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ԶԻՆԿԸ ԿՐՆԱՅ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՀԱՐԲՈՒԽԻՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ
  2. Hoover, Herbert Clark (2003), Georgius Agricola de Re Metallica, Kessinger Publishing, p. 409, ISBN 0766131971 
  3. Gerhartz, Wolfgang (1996), Ullmann's Encyclopedia of Industrial Chemistry (5th տպ.), VHC, p. 509, ISBN 3527201009 
  4. Աշխարհում ցինկի արտադրությունը եւ օգտագործումը նվազել է, իսկ Չինաստանում՝ բարձրացել
  5. Ensminger Audrey H., Konlande, James E. (1993)։ Foods & Nutrition Encyclopedia (2nd հրտրկթն․)։ Boca Raton, Florida: CRC Press։ էջեր 2368–2369։ ISBN 0-8493-8980-1 
  6. «Zinc content of selected foods per common measure»։ USDA National Nutrient Database for Standard Reference, Release 20։ United States Department of Agriculture։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ March 5, 2009-ին։ արտագրուած է՝ December 6, 2007