Jump to content

Զարթօնքի շարժումը 1860-ական տարիներուն

Զարթօնքի շարժումը 1860-ական տարիներուն, ազգային մշակութային շարժում։ 19-րդ դարու կիսուն իր հանգրուանին, ուրեմն, հայկական Զարթօնքը մեզի կը յայտնուի իբրեւ ազգային մշակութային շարժում։

ինչպէ՛ս այլ ժողովուրդներու զարթօնքի փուլը, հայկական Զարթօնքին մէջ ալ՝ գրականութեան շարժման մեծ մասնիկն է՝ եւ ո'չ անջատ, գեղարուեստական գործունէութիւնը։ Արտադրուած գրական գործերը՝ բանաստեղծութիւն, վէպ, թատերակ, իբր գլխաւոր նպատակ ունին՝ դաստիարակել, բանավիճիլ կամ պայքարիլ։

Աւելի կամ նուազ՝ այս պատկերացումը ունին Զարթօնքի շարժման բոլոր գործիչները։ Ալիշանէն, Պէշիկթաշլեանէն ու Աբովեանէն մինչեւ Մամուրեան եւ Գ. Օտեան, անոնք այս մօտեցումով գրած են վէպ ու թատերակ, յօդուած եւ հանդէսի ճառ։

Զարթօնքի առաջին սերունդին մշակութային վաստակը անկասկած շատ գնահատելի է. բայց հասկնանք, որ մինչեւ 1860-ական տարիները՝ այս սերունդէն մնայուն, արժէքաւոր գրական գործեր մնացած չեն գրեթէ։

1860 թուականէն մինչեւ 70–ականներուն կէսերը, շարժումը կը զարգանայ։ Այդ տարիներու կարեւոր երեւոյթներէն յիշենք հետեւեալները.-

  • Զէյթունի ինքնապաշտպանական կռիւները (1862-ին), կը ցնցեն հայութիւնը, մանաւանդ Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ։
  • Պոլսոյ գործիչներուն ջանքերով, 1863-ին Օսմանական պետութեան կողմէն կը վաւերացուի երկրի հայութեան ներքին կանոնագրութիւնը՝ «Ազգային Սահմանադրութիւն»ը։
  • Յատկապէս Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ, մամուլի եւ դպրոցներու առաջընթացը կը շարունակուի. գրագիտութիւնը եւ միջնակարգ ուսումը կը տարածուին։
  • Արեւմտահայ թատրոնը կ՝ունենայ շլացուցիչ զարգացում։ Շուտով, Պետրոս Ադամեան, Սիրանուշ եւ ուրիշ դերասաններ պիտի դառնան` հայութենէ անդին, ռուսական եւ այլ օտար բեմերու տիրող աստղեր։
  • Արեւելահայութեան մօտ, մշակութային շարժումը ցրուած է ու դանդաղ, բայց մտաւորական ուժերը գործօն կը դառնան, շնորհիւ յատկապէս Մոսկուայի «Հիւսիսափայլ»ին։ Անդրկովկասը, հիւսիսի կեդրոններուն հետ կապի մէջ, կը ճանչնայ որոշ զարգացում, մինչ հնդկահայ գաղութը կը սպառի։
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 30: