Jump to content

Երուանդ Աղաթոն

Երուանդ Աղաթոն
Ծնած է 18 Փետրուար 1860(1860-02-18)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1935[1]
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոցԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Նուպար-Շահնազարեան վարժարան
­Ռո­պերթ Գո­լէ­ճԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Ազգային ագրոնոմիական ինստիտուտ Փարիզ-Գրինյոն?
Մասնագիտութիւն հրատարակիչ, դերասան, գրագէտ, մշակութային գործիչ, հողագետ
Ծնողներ հայր՝ Գրիգոր Աղաթօն

Երուանդ Աղաթոն, (18 Փետրուար 1860(1860-02-18), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1935[1]), երկրագործ, հայ մշակութային գործիչ։

Կենսագրություն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանկութիւն եւ կրթութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որդի Գրիգոր Աղաթոնի[2], ծնած է Խասգիւղ (ըստ այլոց Գանտիլլի, Վոսփոր) 1860 Փետր. 18-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ներսէսեան եւ ապա Նուպար-Շահնազարեան վարժարաններուն մէջ:

1868-ին հօրը մահուամբ որբ կը մնայ. իր անառակութեան պատճառաւ Շահնազարեանէն Ռոպերթ գոլէճ կ'անցնի, անկէ Պէրպէրեան: 17 տարեկանին Ղալաթա Սէրայի լիսէն կը մտնէ, ուր կ'աւարտէ շրջանը եւ Փարիզ մեկնելով Կրինեոնի երկրագործական վարժարանը կը մտնէ եւ 1883-ին կը յաջողի վկայական առնել: Տարի մը գործնականօրէն ուսումնասիրելէ ետք հարաւային Ֆրանսայի երկրագործութիւնը՝ Պոլիս կը վերադառնայ, ուր կառավարական պաշտօններ կը ստանայ:

Ե. Աղաթոն եւ երկրագործութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իզմիրի մէջ պաշտօնավարած ատեն 16.000 ոսկի գողութիւն մը երեւան հանելով, գումարը կառավարական գանձը կը վերադարձնէ ու կը մեկնի Ատրիանուպոլիս՝ երկրագործական քննիչի պաշտօնով: Հալքալըի երկրագործական բարձրագոյն վարժարանը երբ կը բացուի, հողագործական դասախօսութիւնը Երուանդ Աղաթոնի կը յանձնուի:

Անգամ մը Եալովայի գիւղերուն վրայ մարախի տեղատարափ մը խուժած էր: Այս գիւղերը մեծ մասով հայաբնակ Էին. Աղաթոն կը յաջողի յատկացուած 3000 ոսկի պիւտճէին փոխարէն,170 ոսկիով բնաջնջել մարախները:

1896-ի Պանք Օթոմանի դէպքին մազապուրծ ազատած է ու Փարիզ փախուստ տուած։ Հոն հետեւած է երկրագործական վարժարանի դասախօսութեանց եւ այլ ճիւղերու: Տարի մը ետք մեկնած է Պուլկարիա, ուր պուլկարերէն սորված է, պաշտօնավարելու համար, բայց ձմրան սաստկութենէն 1898-ին Աղեքսանդրիա փոխադրած է։ Պօղոս Նուպար փաշա իրեն յանձնած է իր ագարակներուն քննչութիւնը։ Երեք տարուան ձեռնահաս պաշտօնավարութենէ ետք, հրաժարած է եւ իր հաշւոյն աշխատած։

1900-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ հիմնած է Իւնիօն տը լ'Ակրիքիւլթիւր տ'Էժիպթ սենտիքան, որուն նախագահ ընտրուած էր։ 1903-ին Գահիրէ անցած է, յետոյ վերոյիշեալ միութեան վարչութիւնն ալ հոն փոխադրուելով Ե. Աղաթոն պատուակալ նախագահը եղած է։ Գահիրէի մէջ իշխան Հիւսէյին Քեամիլ եւ իշխան Իպրահիմ փաշաներու ագարակներուն գիտական քննչութեան պաշտօնը ստանձնած է եւ Խտիվ Ապպաս փաշայէն գնահատուելով՝ պէյութեան աստիճանը առած: Յետոյ թէ՛ օսմանեան եւ թէ՛ եգիպտական կառավարութիւններէն պատուանշաններ ստացած է, իսկ ֆրանսական կառավարութենէն՝ «երկրագործական արժանիք»ի սպայի պատուանշանը:

Ե. Աղաթոն ազգային հարցերու մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղաթոն պէյ, նոյնիսկ ծերութեան, հակառակ բազմազբաղ վիճակին, միշտ հետաքրքրուած է ազգային հարցերով: Տակաւին ուսանող, Սուլթանիէ վարժարանին մէջ, Կիլիկեան-Արարատեան ընկերութեան աջակից եղած է եւ հայ ուսանողութենէն թէ՛ նոյն ընկերութեան եւ թէ՛ Զէյթունի համար հանգանակութիւն ըրած է: Յետոյ իբրեւ կառավարական պաշտօնեայ, իր գտնուած տեղերու հայերուն համար օգտակար եղած է, շնորհիւ իր բարձր դիրքին: Երբ Եւրոպա ուսանող կը ղրկուէր Օսմ. Կառավարութեան կողմէ, յաջողած է եօթը ուսանողներէ չորսը հայերէ ընտրել տալ:

Յեղափոխական տաք շրջանին 1894-1896 հետաքրքրուած է յեղափոխութեամբ, սակայն համամիտ եղած չէ յեղափոխականներու յանդուգն գործերուն, որոնց հետեւանքով ազգին ընդհ. շահերուն վնաս հասած է: Անիկա ջատագովը եղած է յեղափոխութեան մը, որ ըլլար տնտեսական հողի վրայ:

Բայց իրեն փառքի մեծ կոթողը պիտի մնայ Հ.Բ.Ը. Միութեան հիմնադրութիւնը, բարեյիշատակ Պօղոս Նուպար փաշայի եւ ուրիշներու հետ[3]:

Իր կեանքի երազն էր Հ.Բ.Ը. Միութեան բարգաւաճումը եւ անոր հայրենաշէն գործին լիակատար իրականացումը, որուն համար մտասեւեռում մը դարձած էր Միութեան գաղափարը:

Ամուսնութիւն եւ ընտանիք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղաթոն պէյ 1892-ին ամուսնացած էր Օր. Էլիզա Գուշատալեանի հետ, դուստրը մաքսային ժողովի անդամ՝ Ասատուր Էֆէնտիին: Այս ամուսնութենէն կ'ունենայ 4 զաւակներ, որոնք լուրջ դաստիարակութեամբ կ'օժտուին:

Ծերութիւն եւ մահ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծերունի Աղաթոն կեանքի վերջալոյսին Նիս (Ֆրանսա) քաշուեցաւ, ուր մահացաւ 1935 Յունիս 12-ին: Յուղարկաւորութիւնը, ըստ իր կտակին, շատ պարզունակ եղաւ:

Գրական գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը սիրէր ու կը գնահատէր գիտական լուրջ գործերը եւ ընկերային ու երկրագործական նիւթերու շուրջ յօդուածներ գրած է «Միութիւն» պաշտօնաթերթին մէջ: Բացի երկրագործական գիրքերէ, հաստատած էր հայոց պատմութեան մրցանակ մը: Ձրիաբար բաժնած է իր ծախսով ըրած հետեւեալ բոլոր հրատարակութիւնները:

  • Հայաստանի վերաշինութիւնը, 1924:
  • Նուիրատուութիւն եւ քսակ, 1925 (Պողոս փաշայի յառաջաբանով):
  • Հայաստանի մէջ հայ հողագործներու տիպար գիւղի մի ծրագիրը, 1925:
  • Ի՜նչպէս կը հասկնամ Նուպարաշէնը, 1929:
  • Բարեգործականի ծնունդն ու պատմութիւնը, 1930:
  • Կեանքիս յիշատակները, 1931:
  • Օգտակար գիտելիքներ եւ գործնական խրատներ հայ երկրագործներուն (աբեղեանական ուղղագրութեանբ), 5000 օրինակ Հայաստանի գիւղացիներուն ձրի բաժնուած, նոյնը Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, 1922:
  • Ցորենի մշակութեան գիրքը, 1933:
  • Նուպարաշէն եւ Բարեգործական:
  • Թուրքիոյ գաղտնի աղանդները:
  • Աղաթոնի 75 ամեայ յոբելեանին առթիւ ղրկուած հեռագիրներու եւ նամակներու հաւաքածոն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]