Երեւանի Թատերական Թանգարան
Արտաքին տեսք
Երեւանի թատերական թանգարան, առաջին պետական թատերական թանգարանը Հայաստանի մէջ։ Կազմակերպուած է 1935-ին։
Թանգարանին մէջ հաւաքուած են 19-20-րդ դարերու թատերական գործիչներու՝ Չմշկեանի, Ադամեանի, Սիրանոյշի, Աբէլեանի, Մանդինեանի եւ ուրիշներու, հայ սովետական թատրոնին վերաբերող արխիւային փաստաթուղթեր, բեմական իրեր, զգեստներ, թատերական գրականութիւն, որոնք ցուցադրուած են բներգական ցուցահանդէսներուն մէջ։
Թանգարանը հարստացած է Հայաստանի քաղաքներէն, Պաքուէն, Թիֆլիսէն եւ հայաբնակ այլ կեդրոններէ ստացուած նիւթերով։ 1953-ին Երեւանի թատերական թանգարանի, գրական թանգարանի եւ Մելիքեանի անուան երաժշտական առանձնարանի միաւորումով հիմնուած է Հայաստանի գրականութեան արուեստի թանգարանը։