Եդուարդ Սիմքէշեան
| էտուարտ Սիմպէշեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 1906 |
| Ծննդավայր | Պոլիս |
| Մահացած է | 1979 |
| Ազգութիւն | հայ |
| Կրօնք | Քրիստոնեայ |
| Մասնագիտութիւն | ատամնաբոյժ |
Եդուարդ Սիմքէշեան (1906-1979), Ծնած է Պոլիս եւ նախակրթութիւնը ստացած է Մայր վարժարանի մէջ, ուր իր առաջին ուսուցիչը եղած է Մելքոն Կիւրճեան, ապա Պէզազեան լիկէոնի մէջ, ուր իր ուսուցիչները եղած են Յակոբ Օշական, Եղիշէ Արք. Դուրեան, Տիրան Չրաքեան եւ Արմէն Տորեան:
Պատանի տարիքէն, գրականութիւնը կիրք մը եղած է իրեն համար։ Հազիւ տասնհինգ տարեկան, իր առջինեկ փորձերը հրատարակուած են Պոլսոյ «Ոստան» ամսագրին մէջ ու գրաւած են ուշադրութիւնը Վահան Թէքէեանի, Շաւարշ Միսաքեանի եւ Միքայէլ Շամտանճեանի:
Յամառ ընթերցող՝ պատանութեան տարիներուն իսկ տիրացած էր ֆրանսական գրականութեան (մայրենի լեզուին չափ նաեւ տիրացած էր ֆրանսերէնին. 1921-ին, տակաւին 15 տարու, առաջնութիւն շահած է ֆրանսական կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած գրական մրցումի մը մէջ), որուն բոլոր տիրական դէմքերը համապարփակ աշխատասիրութիւններով ներկայացուցած է Պոլսոյ 1930-1970ական տարիներու պարբերականներուն մէջ։
1927-ին վկայուելով իբրեւ բժիշկ -ատամնաբոյժ, իր ասպարէզին զուգահեռ փարած է գրական -հրապարակագրային կեանքի, աշխատակցելով սփիւռքեան մեր բոլոր կարեւոր թերթերուն, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ եւ արտասահմանի ֆրանսական կարգ մը հանդէսներու, որոնց կարգին «Լա Նուվէլ Ռըվիւ Ֆրանսէզ»ի։ 1944-1975-ին եղած է նաեւ խմբագիրներէն «Մարմարա» օրաթերթի:
Գրական մարզի մէջ մշակած է արձակ եւ քերթուած, գրադատութիւն եւ քննադատութիւն: Աւելի քան 15 գործեր կը մնան անտիպ, կամ մասամբ միայն հրատարակուած՝ մամուլի մէջ։ 1975-ին, Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի նախանձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ «Ջահակիրները» անունին տակ խմբուած մենագրական-վերլուծական իր աշխատասիրութիւններէն մաս մը միայն ,Ալիշանի, Գր. Օտեանի, Մ. Պէշիկթաշլեանի, Պ. Դուրեանի, Ռ. Պէրպէրեանի, Մ. Կիւրճեանի, Մ. Չերազի, Խրիմեանի, Օրմանեանի , Եղիշէ Արք. Դուրեանի, Եղիայի, Արփիարեանի, Թլկատինցիի, Զապէլ Ասատուրի, Չօպանեանի եւ Տիրան Չրաքեանի մասին:
1977-ին հրատարակեց նաեւ «Գարնանացան» անունին տակ մէկտեղուած քերթուածներու շարք մը։ Անտիպ կը մնան արձակ տաղերու, վերլուծական եւ փորձագրական աշխատասիրութիւններու, թատերագրական եւ վիպերգային իր վաստակին կարեւոր մէկ մասը, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէնով երեք գործեր[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։