Jump to content

Դրամի Գիւտը

Դրամի գիւտը, մետաղէ դրամի գիւտը կը վերագրուի լիւդիացիներուն։ Հրոմէացիները Moneta անունը տուած են լիւդիացիներու արծաթ դրամին՝ Juno moneta մեհեանին մէջ Ն.Ք. 269-ին կտրուած դրամին համար։

Հոմերոս կը խօսի արոյրէ դրամի մասին, Ն.Ք. 1184-ին։ Լիւդիացիները դրամը կը պատրաստէին ոսկիէ եւ արծաթէ, որոնք կը կտրուէին Արգոսի բռնակալ՝ Փէյդոնի կողմէ շուրջ 862 Ն.Ք.։ Հռոմի մէջ դրամ կոխուած է Ն.Ք. 573-ին Սերվիոս Տուլլիոսի իշխանութեան օրով։ Ծանօթ ամենահին դրամները մակեդոնականներն են, Ն.Ք. Ե. դարուն։ Արոյրէ դրամը գործածուեցաւ միայն Հռոմի մէջ Ն.Ք. 269-ին, իսկ ոսկի դրամը գործածութեան մէջ մտաւ Ն.Ք. 206-ին։ Երկաթէ դրամը գործածուած է Սպարտայի (Յունաստան) մէջ, իսկ երկաթէ ու անագէ դրամը՝ Բրիտանիոյ մէջ։ Հռոմի հնագոյն օրերուն գործածուած ե չաստուածներու կամ աստուածային պատիւներ ստացողներու գլխապատկերը կրող դրամներ։ Յուլիոս Կեսար Ծերակոյտէն արտօնութիւն ստացաւ դրամներու վրայ դնելու իր կենդանագիրը, իսկ ուրիշներ հետեւեցան նոյն օրինակին։

Առաջին թղթադրամը տպագրած են չինացիները։ Թ՛այ-ցու կայսրը հրամայած է իր ելեւմտական նախարարին պատրաստել Pao-tch'o (թանկարժէք տոմսեր) մեծ Մինկերու հարստութեան համար։ Այս տոմսերը, որոնք արդի առումով թղթադրամներ էին, պէտք է ունենային ուղղանկիւն քառանկիւն ձեւ եւ կանաչակապոյտ գոյն, մէկ ոտք (33 սանթիմեթր) երկարութիւն եւ 6 մատնաչափ լայնութիւն։ Նման թղթադրամի նմոյշ մը, որ Մինկի հարստութեան շրջանին (1368-1399) տրագրուած է, կը գտնուի Սան Փեթերսպուրկի Ասիական Կայսերական Ակադեմիայի Գիտութիւններու թանգարանին մէջ։ Չինական այս դրամը կեղծողը պէտք է գլխատուէր, իսկ ան, ով կեղծարարը ձերբակալէր կամ անոր անունը յայտնէր, իբրեւ վարձատրութիւն պիտի ստանար 250 ունկի արծաթ, ինչպէս նաեւ՝ կեղծարարին ամբողջ ունեցուածքը։

  • Պապէսեան Յովհաննէս (1961), «Հանրագիտակ», Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ 330-331։