Jump to content

Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարք

Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարք
Ծնած է 1670
Մահացած է 1749
Մասնագիտութիւն հոգեւորական

Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարք (1670 – 1749 թ․), Երուսաղեմի հայոց Պատրիարք

Ամրտօլու համալսարանի յառաջադէմ աշակերտներէն Կոլոտ Յովհաննէսի հետ կը թողու վանքը նաեւ Գրիգոր Շիրվանցի, որ ծնած էր Բաղէշի մէջ եւ իր կրթութիւնը ստացած նոյն համալսարանը Վարդան վարդապետի աշակերտելով եւ երկուքը մէկ ուխտի կ՛երթան Թաթլոյ եւ Վարոսի, Հոռոմոսի եւ Ս. Յովհաննու վանքը։

Գրիգոր վարդապետ 1709–ին առաջնորդ կը կարգուի Մշոյ Ս.Կարապետ վանքին, որ երկրաշարժին կը փլչի (5 Յունիս 1709) եւ որ շնորհիւ իր առաջնորդին նորէն կը վերաշինուի, Շիրվանցի մինչեւ 1713 Մշոյ Ս.Կարապետի առաջնորդութիւնը կը վարէ

Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքը

Երբ 1715–ին Պոլսոյ պատրիարք կ՛ընտրուի, յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 10–ին, Գրիգոր վարդապետ Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը յիշատակուի «պատրիարք Ս.Երուսաղէմի» Կոլոտի կարգարդրութեամբ, նոյն օրը տեղի կ՛ունենայ նաեւ երկու աթոռներուն բաժանումը, որ կը հաստատուի կառավարութեան կողմէ։

Երուսաղեմի Հայկական թաղը

Թէ ինչո՞ւ միացուած էին այս երկու աթոռներուն պատրիարքութիւները՝ իրաւ որ շատ որոշ չէ, ինչ որ յայտնի է թէ Պոլիսի պատրիարքները ահագին գումարներու պէտք ունէր ծախսելու համար, որովհետեւ պատրիարքութիւնը կաշառքով կը գնուէր այն ատեն եւ այսպիսի ծախքերու համար «Ս. Յակոբայ գանձարան»էն հարուստ տեղ մը ո՞ւր պիտի գտնէին։ Հաննէի դիտողութիւնը, թէ՝ տգէտ ու խելագար հովիւներու փառամոլութիւնն ու չարաշահութիւնը պատճառ եղած են այսպիսի միաւորութեան մը շատ ճիշտ է։ Թէեւ յայտնի ալ է, որ Աւետիք պատրիարք երկու աթոռները միացուց Երուսաղէմի Մինաս պատրիարքի զեղծումներուն հանդէպ։

Ասկից զատ փոխանորդներն ալ պատճառ եղան, որ խնդիրը չարաշահութեան կերպարանք առնէ։ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը այնչափ աղտոտուած էր, որ մէկ տարուան մէջ երկու երեք պատրիարք կը փոխուէր ստորին միջոցներով։

Պատրիարքարանի կողմէ միշտ աշխարհական փոխանորդներ կը ղրկուէին Երուսաղէմ՝ Վէքիլ, ղապզիմալ, պապա անուններով որոնց մասին Հաննէ զանոնք կը նմանցնէր կատաղի շուներու եւ լափլիզոր գայլերու։

Այդ չափ կեղեքումներու, զեղծումներու հետեւանքով Երուսաղէմի աթոռը պարտքի տակ ինկած էր, պարտատէրներ աննկարագրելի վայրագութուններ կ՛ընէին Ս. Յակոբի վանքին մէջ, ժամերգութիւնները գրեթէ դադրած, ուսում գիտութիւն շատոնց խոյս տուած էին եւ միաբանները իրենց խուցերուն դռները ամուր գոցած էին, նոյն իսկ ժամարարի ձեռքէն սկիհ յափշատակուած էր՝ պարտքի համար։

1717 թուականի Օգոստոս 18–ին Գրիգոր Վ. Պոլիս կը մտնէ եւ յաջորդ տարին հանգանակութեան կը սկսին Կոլոտ պատրիարքին հետ՝ Երուսաղէմի պարտքը վճարելու համար։ Գրիգոր Վարդապետ շղթայ կը կախէ իր վիզէն եւ բոլոր եկեղեցիները պտտելով դրամ կը հաւաքէ, ժողովուրդը իր ունեցած չունեցածը սիրով կու տայ այդպիսի մի անձնուէր պատրիարքի, որուն նպատակակէտը եղած էր Երուսաղէմի վանքը պարտքէ ազատել։

Գրիգոր պատրիարք երկար ատեն Պոլիս կը մնայ եւ իրեն փոխանորդ կը կարգէ Հաննա վարդապետ, եւ ինք վիզին ծանր շղթան անցուցած, կ՛ուխտէ չհանել մինչեւ որ Աթոռին պարտքը չի ժողվէ։ Իսկ ինք Աստուածածին եկեղեցոյ դուռը կը կենար տօնական օրերուն եւ լալով կ՝ աղաչէր ժողովուրդին շղթաները երերցնելով եւ կը կոչէր լալագին ի դիմաց Ս.Աթոռին․

-Ողորմեցարուք, ողորմեցարուք ինձ, հաւատացեալքդ Քրիստոսի, զի տունն իմ ի գրաւի է եւ որդիք իմ հեռացեալ են յինէն եւ ես մատնեալ ի գերութիւն, նստեալ եմ՝ ի սուգ դառնութեան, ողորմեցարուք ինձ, հանէք եւ լուծէք զծանրութիւն պարտուցս որք դիզեալ են ի վերայ իմ, ես աթոռ էի Առաքելոյն Յակոբայ, այժմ Աթոռ եմ պարտուց եւ ոչ ոք է որ ձեռն կարկառէ ինձ։

Այսպէսով Շղթայակիր շատ դրամ հաւաքեց եւ իր շղթաները մնացին 8 տարի եւ ասոր համար Թուրքերն ալ զինքը կը կոչէին Զինճիլի վարդապետ։ Այս միջոցներուն էր, որ մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ եւ այրեցան Պոլսոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցին եւ Պատրիարքարանը։ Երկու պատրիարքներն յուսահատած էին, քանի որ մէկ կողմէ Երուաաղէմի բեռը կար եւ հիմա ալ այս այրեցած եկեղեցին եւ պատրիարքարանը պէտք էր շինել։ Իրենք արքայական հրամանը ստացան եւ ձեռնտուութեամբ Ակնցի Սեղբոս Ամիրային, Կեսարացի Միլիտոնի եւ Յարութիւնի ու Սարգիս Գալֆայի՝ շինեցին, երկու անձնուէր պատրիարքներն ալ գործաւորներուն հետ աշխատեցան հող եւ կիր կրելով եւ յուսկ ուրեմն վերաշինուեցան Պատրիարքարանն ու Ս. Աստուածածին եկեղեցին։

Ս.Յարութիւն տաճարին նորոգութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1720–ին, երբ ո՛չ իսկ տասը ղուրուշ ունէր վանքը, Գրիգոր Պատրիարք հրաման կը ղրկէ Հաննա Վարդապետին շինութիւններու ձեռնարկելու համար, իրեն նեցուկ էին Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք, Յակոբ Նալեան Վ. (ապա պատրիարք) եւ Սարգիս Վ. Սարաֆեան։

1721–ին Գրիգոր պատրիարք ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Երուսաղէմ, ցամաքէն Հալէպ կը հանդիպի «բազում միւլքեր» կը գնէ հոն՝ վանքին համար, կը նորոգէ հոգետունը եւ 12 Փետրուար 1721–ին Երուսաղէմ կը մտնէ, ուր միջազգային եւ խանդավառ ընդունելութիւն կը գտնէ։

Շղթայակիր, 15 տարիներ Երուսաղէմէն դուրս չելաւ, ան՝ քաջալերուած իր անսպառ յաջողութիւններէն կ՛աւելցնէր իր աշխատութիւնները, Երուսաղէմի մէջ հայոց սրբավայրերը շինելէ եւ վերականգնելէ ետք ուզեց որ անոնց իրաւունքներն ալ վերահաստատել տայ Արքունի նոր հրովարտակներով։ Այս խնդիրը շատ կարեւոր էր Յունաց ոտնձգութիւններուն առաջքը առնելու համտր։

1726–ին Գրիգոր Պատրիարք իր շղթան կը հանէ վիզէն՝ Կարապետ կաթողիկոսի հրամանաւ։

23 Յուլիս 1736–ին Պոլիս կու գայ բողոքելու համար Յունաց դէմ, որոնք կ՛ուզէին Ս. Յակոբայ տաճարը իւրացնել։ Շղթայակիր իր իսկ ձեռքով գրած է այս ճամբորդութեան եւ իր Պոլսոյ մէջ անցուցած կեանքին մանրամասն յիշատակարանը, որ ամէն կերպով հետաքրքրական եւ պատմական մեծ արժէք ունի եւ որ Սիօնի 1866 տարուայ մէջ հրատարակուած է։

Շղթայակիր կը հասնի Ենկի Ղափու (Եէնի-Գաբու) Յուլիս 23–ին. իր Պոլիս գալուն «ստոյգ պատճառն այս է, զի Աստուծով զկնի զանթիւ պարտս Սրբոյ Աթռոյն հատուցանելոյ եւ զբազում տեղիս շինելոյ եւ նորոգելոյ զսուրբն տեզիսն եւ զգահն մեծ, խորհեցաք զհետիէի շէրիֆան եւ զամենայն սէնէտս Ս.Աթոռոյն նորոգել տալոյ, որ եղին իսկ Աստուծով։ Ի թուին ՌՃՅՂ (1736) Դեկտեմբեր 23 մեր Ս. Աթոռոց հետիէն շէրիֆն նորոգեցան եւ մեծազօր Արքայն իւր ձեռագրաւն կնքեաց միջնորդութեամբ Ֆռանկսըզի բարեպաշտ Էլչիպէկին»։

Այս ուղեւորութիւնը շատ օգտակար եղաւ, ո՛չ միայն հայոց իրաւունքները վերահաստատուեցան Երուսաղէմի մէջ, այլ նաեւ Շղթայակիր նոր ձեռնարկութիւններ ըրաւ Պոլսոյ մէջ։

1738 Օգոստոս 22 Սկիւտարի մէջ Երուսաղէմի վանք ըսուած հաստատութիւնն ընդարձակեց եւ մատուռով մըն ալ օժտեց։ Վանքի այգիին յարակից բաժինները սնեց եւ Զեբեդեան Ս. Յակոբայ անունով մատուռ մը շինեց հոն, գիշերով գաղտնի կատարեց օծումը եւ առաջին պատարագը ինք մատոյց։

Նոյն տարին մայր եկեղեցւոյ մօտիկը Երուսաղէմի վագըֆներէն հին տան մը կէսը քակել տուաւ եւ շինեց «մեծ օտայ մը կրկին սրահիւք ներքոյ եւ վերոյ, վերակացութեամբ մեր մահտէսի Յակոբին», որ շատ աշխատեցաւ եւ յատկացուց Երուսաղէմի միաբաններու իբր իջեւան։

«Երուսաղէմատուն» անունը, ինչպէս յայտնի է, Շղթայակիրին շինել տուած օթեւանին տրուած չէ, այլ ետքը, հաւանաբար արդի շէնքին շինութեան ատեն։

Պոլիս կը մնայ 4 ու կէս տարուան չափ եւ կը մեկնի 1740–ի Օգոստոսին վերջերը եւ Սեպտեմբեր 15–ին կը հասնի Երուսաղէմ «բազում ամբոխիւք եւ երկու մուսէլլիմօք»։

Շղթայակիրի շինութիւնները բազմաթիւ են, մեծ շինութիւններով եւ բարեկարգութիւններով պայծառացուցած է «Ս. Տեղերը», Կոլոտ պատրիարք թանկագին զգեստներ կը նուիրէ Ս.Յակոբայ գանձարանին։

Գրիգոր պատրիարք խոր ծերութեան մէջ զգալով իր տկարութիւնը, գրեց իր կտակը եւ ղրկեց Պոլիս, վերահաստատեց Յակոբ Վ. Նալեանը իր փոխանորդի պաշտօնին մէջ, նորոգեց Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին, թէեւ բաւական ալ նեղութիւններ քաշեց Դամասկոսի կուսակալէն։

Վախճանեցաւ պատրիարքաց շարքին մէջ եւ որուն վրայ տապանքար մը ձգած է Սերոբոս Ամիրա՝ իր բարեկամը։

Կոլոտ եւ Շղթայակիր երկու պաշտելի անուններ են, որոնց յիշտակը փայլուն կը մնայ մեր եկեղացական-ազգային պատմութեան մէջ։

Կ.Պոլիս
  • Յիշատակարան
  • Բաբգէն Վ. Կիւլէսէրեան, Յովհաննէս Կոլոտ, Վիեննա 1904
  • Միքայէլ Չամչեանց, Պատմութիւն Հայոց, Գ.հատոր
  • Պատմ. Ս. Երուսաղէմի
  • Սիօն 1866
  • Սարգիս Եպս.Սարրաֆեան
  • Գալէմքեարեան 1909
  • Հ.Ասատուր, Ընդարձակ օրացոյց, 1901
  • Յովհաննէս Հաննա, Պատմ. Սուրբ Երուսաղէմայ
  • Պալսանեան, Պատմութիւն
  • Լէօ, Պատմութիւն հայկական տպագրութեան
  • Նորայր Պօղոսեան, Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարք, Երուսաղէմ, 2017