Jump to content

Գրիգոր Շէնեան

Գրիգոր Շէնեան
Ծնած է 30 Մարտ 1934(1934-03-30)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 6 Յունիս 2019(2019-06-06) (85 տարեկանին)
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Ազգային Մեսրոպեան վարժարան
Մասնագիտութիւն Խմբագիր, հրատարակիչ, հանրային գործիչ
Աշխատավայր Նոր Կեանք
Ամուսին Արշօ
Երեխաներ Սեւակ եւ Էմիլիա Շէնեան եւ զաւակները՝ Նուշիկ եւ Վահագն

Գրիգոր Շէնեան (30 Մարտ 1934(1934-03-30), Պէյրութ, Լիբանան - 6 Յունիս 2019(2019-06-06), Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), խմբագիր եւ ազգային-հասարակական գործիչ։

Գրիգոր Շէնեան, բուն մականունով՝ Կէօվշէնեան, ծնունդով ու կազմաւորումով լիբանանահայ էր։ Ծնած էր 30 Մարտ 1934-ին, Պէյրութ։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Գարանթինայի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Ապա կ'ընդունուի Անթիլիասի դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժինը եւ կ'աւարտէ 1953-ին։ Կը հետեւի Ecole technique de commerce–ի գիշերային դասրնթացքներուն, զորս կ՚աւարտէ 1955-ին։ 1957-1976 թուականներուն կ'աշխատի նախ իբրեւ գործակալ, ապա՝ unit manager, American Life Insurance Company–ի մէջ եւ 1973-1976 թուականներուն կը հանդիսանայ Լիբանանի թիւ 1 insurance producerը։

Այդ օրերէն պահած շատ հետաքրքրական յուշերուն մէկ մասը գրի առած է հետագային ու լոյս ընծայած՝ իր թերթին մէջ։

1976-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն անմիջապէս ետք, փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր, զանազան ասպարէզներու մէջ տուայտելէ ետք վերջապէս 1981-ին, ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ-ի համահիմնադիր Աբօ Չափարեան զինք դարձուցած է գործընկեր 1978-ին հիմնուած «Նոր կեանք» անկախ շաբաթաթերթին (միւս համահիմնադիրը՝ Վահան Ճանսըզեան Աբօ Չափարեանի օգնութեամբ ժամանած էր Ամերիկայ 1978-ին)։ Աբօ Չափարեանի գործարարական եւ խմբագրական հայեացնքներու ուժգնութիւնը ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ-ը դարձուցած էր ամերիկահայ մամուլի ամենառաջատար հրատարակութիւնը:

1984-ին Շէնեան մէնատիրական մարմաչէն մղուելով ուզեց միակ սեփականատէրը դառնալ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ-ին: Աբօ Չափարեան ընդունեց ընդդառաջել միայն մէկ պայմանով որ ան իրաւունքը վերապահեց նոր հրատարակութեան հիմնադրութիւնը կատարելու եւ ազատօրէն մրցակցելու: Եւ այդպէս ալ ըրաւ Աբօ Չափարեան: 1985-ի աշնան Չափարեան հիմքը դրաւ աւելի ծաւալուն եւ աւելի բովանդակալից անգլիատառ USA Armenian Life-ին եւ հայատառ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ին: USA Armenian Life եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ դարձան ամերիկահայ մամուլի առաջին գունաւոր անկախ շաբաթաթերթերը վաստկելով հազարաւոր ընթերցողներու, գրողներու, գողվազդատուներու եւ կազմակերպութիւններու զօրակցութիւնը: USA Armenian Life եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ երիտասարդական նոր աւիւն ներարեցին:

{{քաղուածք|Գրիգոր Շէնեան եւ «Նոր կեանք» շաբաթաթերթը տասնամեակներ մրցակցած են աւելի ծաւալուն USA Armenian Life եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի հետ։ Այդ մրցակցութիւնը տեւեց ամբողջ 35 տարի: Սակայն, Շէնեան զիջեցաւ Չափարեանին եւ անոր արագընթաց աճ ապրող USA Armenian Life-ին եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔին: Հիմա արդեն USA Armenian Life-ը եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ը դարձած են հետսհետէ առաւել ծաւալող լրատուամիջոցային բազմայարդակ ցանց հասնելով հարիւր հազարաւոր ընթերցողներու, հեռուստադիտողներու, կայքէջ այցելուներուն, սոցիալկան համացանցերու ընթերցողներու տրամադրելով անկախ եւ բազմակուսակցական տեսակէտ եւ տեղեկութիւններ: USA Armenian Life ընկերութիւնը դարձած ամենաազդեցիկ լրատուական հիմնարկութիւն տիրապետելով ամերիկահայ հրապարակագրական կեանքին ու ձեւաւորելով լրագրական ինքնայատուկ մշակոյթ մը։

Լրագրական մարզ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լրագրական մարզի մէջ փորձառութիւն ձեռք բերած էր Պէյրութ՝ գործակցելով Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք»-ին, Տիգրան Թոսպաթի «Այգ»-ին, շրջան մըն ալ «Ազդակ»-ին։

Գրիգոր Շէնեան աշխատակցած է «Նայիրի» (1955-1956), «Սփիւռք» (1960-1976), «Այգ» (1962-1964), «Ազդակ» (1970-1976) պարբերականներուն:

1976-1981 թուականներուն թղթակցած է «Նոր կեանք» շաբաթաթերթին եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին, 1981-1985 թուականներուն՝ «Նոր կեանք» (հայերէն-անգլերէն) շաբաթաթերթի խմբագիր ու բաժնեկից-հրատարակիչ, 1985 թուականէն՝ խմբագիր-հրատարակիչ:

1985-ին, միակ սեփականատէրը դառնալէ ետք թերթին, Գրիգոր Շէնեան փորձած է զայն հասցնել բարգաւաճ հանգրուանի մը, սակայն ուժեղ մրցակցութեան մէջ մտնելով ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA Armenian Life Magazine-ի հետ։ Հակառակ այն փաստին որ փորձառու լրագրապետեր Տիգրան Ոսկունին ու Տիգրան Թոսպաթը եւ բազմաթիւ այլ մտաւորականներ եւ դեռ մեծաթիւ այլ գրիչներ, Շէնեան շի կրցաւ գրաւել հրապարակը։ Ընթերցողներու ջախջախիչ մեծամասնութեան համար ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթ եւ USA Armenian Life Magazine մնացին հրապուրիչ հրատարակութիւններ եւ ոչ թէ «Նոր կեանք»ը։

Հայրենակցական Միութեան ատենապետ եւ Լոս Անճելըսի Հայ Գրողներու միութեան հիմնադիր-փոխատենապետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1991 թուականէն ի վեր Գրիգոր Շէնեան Լոս Անճելըսի Հայրենակցական միութիւններու միացեալ մարմինի ատենապետն էր, իսկ1993 թուականէն սկսեալ՝ Լոս Անճելըսի Հայ գրողներու միութեան հիմնադիր-փոխատենապետն էր:[1]:

Հրատարակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր թերթին կողքին՝ Գրիգոր Շէնեան հաստատեց մատենաշար մըն ալ ու հրատարակեց չորս տասնեակէ աւելի գիրքեր, որոնց շարքին՝ Լեւոն Շանթի երկերը։

Լոյս ընծայեց նաեւ իր գրչին պատկանող պատմուածքներու եւ յուշերու քանի մը հատորներ, որոնց մէջ առաւելաբար զգալի կը դառնայ Գրիգոր Շէնեանի երգիծական շունչը եւ դիւրասահ լեզուն։ Այդ շարքէն էին.

  • «Տիկինս ըսաւ թէ…»-ն (1991), «Անահիտ», 1991, 212 էջ [2],
  • «Ամուսինս ըսաւ թէ…»-ն (1993), Հրատ. Նոր Կեանք - թիւ 13 Լոս Անճելըս [3],
  • «Մայթերու վրայ»-ն (1994) Հրատ. «Սիփան» Պէյրութ,[4]
  • «Մեր օրերուն հետ…»-ը (2005)։ Մատենաշար Նոր Կեանք - թիւ 40:

Առողջական եւ այլ պատճառներով, 2013-ի ամրան Գրիգոր Շէնեան վերջնականապէս դադրեցուց «Նոր կեանք»-ի հրատարակութիւնը։ Մինչ այդ, իր թերթին երէց աշխատակիցներուն մեծ մասը մահացած էր ու այլեւս գրական ամայութիւն մը կը տիրէր իր շուրջ։ Աւելի՛ն. Շէնեան 2015-ին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու նաեւ իր կողակիցը՝ Արշօն, որ թերթին վարչական պատասխանատուն եղած էր։

Գրիգոր Շէնեանի մահով էջ մը եւս կը փակուի ամերիկահայ մամուլի գունաւոր պատմութեան մէջ։ Հողը թեթեւ գայ իր վրայ։
- ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ


Սրտի կսկիծով իմացայ՝ «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթի երկար տարիներու վաստակաւոր Խմբագրապետ,հրապարակագրական եւ արձակ գրական հատորներու հեղինակ,«Նոր Կեանք» մատենաշարի հրատարակիչ եւ ազգային հասարակական գործիչ՝ ԳՐԻԳՈՐ ՇԷՆԵԱնի մահուան գոյժը։ Երկնային մշտնջենական Լոյս իր Հոգւոյն,յաւերժախաղաղ հանգիստ իր մարմնոյն եւ մշտավառ մոմ իր յիշատակին։


1962-ին, Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրական մէկ ժողովին, մեր անմոռանալի խմբագիրը` Սիմոն Սիմոնեանը, Պօղոսին «Ափրիկեան ափերու վրայ» նոր լոյս տեսած հատորը ինծի երկարելով` ըսաւ. «Գրիգո՛ր, մոռցիր երգիծագիր ըլլալդ եւ թաւիշէ ձեռնոցով գրելդ, նստէ եւ Գուբելեանին նոր հատորը գրախօսէ»: Տուն հասնելով` նստայ, մէկ շունչով եւ հաճոյքով կարդացի պատանեկութեան ընկերոջս ափրիկեան կեանքէն առնուած հատորը, որ հետագային 23 գրախօսականներու պիտի արժանանար:[5]
- Գրախօսեց` ԳՐԻԳՈՐ ՇԷՆԵԱՆ


Գրիգոր Շէնեան՝ Մեկենաս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գէորգ Պետիկեանի «Պապիկը Կարդալ Չի Գիտեր» գիրքին մեկենասն է «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի արտօնատէր եւ խմբագիր Պրն. Գրիգոր Շէնեան 2015-ին:

ԵԶՆԻԿ ԲԱԼԻԿ ԲԱԼԱՅԵԱՆի «ԱՌԱԿՆԵՐ» գիրքին մեկենասն է «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի արտօնատէր եւ խմբագիր Պրն. Գրիգոր Շէնեան, նուիրելով այս հատորը իր հանգուցեալ տիկնոջ՝ Արշօ Շէնեանին, որ երկար տարիներ վարչական պատասխանատուն էր եղած էր այդ թերթին։ Այսօր Արշոն չկայ, «Նոր Կեանք»ը՝ նոյնպէս, սակայն Պրն. Շէնեան, որ անցեալին քաջալերած եւ միշտ տեղ տուած էր Եզնիկ Բալիկին առակներուն, այս հատորով 41-ի բարձրացուց «Նոր Կեանք» մատենաշարին թիւը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր երկրորդ, Երևան, 2007, էջ 261:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-05-12-ին։ արտագրուած է՝ 2019-06-14 
  2. Շէնեան Գրիգոր (1991)։ Տիկինս ըսաւ թէ..: (Պատմուածքներ, յուշեր, խճանկարներ) (հայերեն)։ Անահիտ։ ISBN 9785807903327 
  3. Շէնեան Գրիգոր (1993)։ Ամուսինս ըսաւ թէ։ «Նոր կեանք» հրատ։ Լոս Անճելըս: Ա.հ 
  4. Շէնեան Գրիգոր, Հաճյան Վահրամ Եսայու (1994)։ Մայթերու վրայ։ Պատմուածքներ։ Նոր Կեանք։ Պէյրութ: տպ. Սիփան 
  5. Պօղոս Գուբելեանի Նոր Վէպը` «Առաքելութիւն Ի Մարաշ, Ազգատոհմիս Գողգոթան»