Գրիգոր Ամիրեանի Բնակելի Տուն
Գրիգոր Ամիրեանի բնակելի տուն | |
---|---|
Գրիգոր Ամիրեանի բնակելի տունը | |
| |
Կը Գտնուի | Երեւան, Աբովեան փողոց 12 |
Շինութեան ձեւ | Պատմամշակութային յուշարձան |
Ներկայ վիճակ | Կանգուն |
Գրիգոր Ամիրեանի բնակելի տուն, տեղական նշանակութեան պատմամշակութային յուշարձան Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ՝ Աբովեան փողոցին վրայ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շէնքը կառուցուած է 19-րդ դարու վերջերուն՝ 1870-ականներուն։ Պատկանած է մեծահարուստ առեւտրական Գրիգոր Ամիրեանին։ Անոր կը պատկանէր նաեւ Աբովեան 10 հասցէին վրայ գտնուող շէնքը, ուր այժմ կը գտնուի Երկրաբանութեան պետական թանգարանը։
1884-1888 եւ 1898-1907 այստեղ տեղակայուած եղած է Երեւանի քաղաքային դուման եւ վարչութիւնը, որ 1907-ին տեղափոխուեցաւ Տէր-Ղուկասովսկիի փողոցի վրայ կառուցուած շէնք (գտնուածէ «Կոնգրես» հիւրանոցի տեղը, քանդուած է 1999-2000-ականներուն)։
1910-1911 ծառայած է իբրեւ ակնաբուժարան։
1911-1915 շէնքին մէջ եղած բժիշկ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի մասնաւոր բուժարանը։
Շէնքին վրայ կայ յուշաքար, համաձայն որուն 1928-ին այդ շէնքին մէջ իջեւանած ռուս բանաստեղծ Մաքսիմ Կորքին։
Ոճ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շէնքը կառուցուած է բարեկեցութեան ժամանակաշրջանի (Belle Époque) ոճով։
Վարպետ Օնիկի լուսանկարչատունը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող այս շէնքին մէջ գործած է Երեւանի ամենահին լուսանկարչատներէն մէկը։ Անոր պատմութիւնը կը սկսի դեռեւս 1927-ին, երբ ծագումով վանեցի Գաբրիէլ Խանոյեանը կը գաղթէ Երեւան։ Որոշ ժամանակ ետք ան կը մեկնի Կիսլովոդսկ՝ ուսանելու լուսանկարչական արուեստ։
1917-ին կը վերադառնայ Հայաստան եւ 1922-ին Աստաֆեան 22 հասցէին վրայ կը բանայ իր լուսանկարչատունը։
Օնիկ Յարութիւնեանը կը սկսի ուսանել քեռիի՝ Գաբրիէլ Խանոյեանի մօտ եւ շուտով կը սկսի օգնել անոր։
Օնիկ Յովհաննիսեանը կամ, ինչպէս ժողովուրդը անոր կ՚անուանէր, վարպետ Օնիկը 55 տարի զբաղուած է լուսանկորչութեամբ եւ ստեղծած բազմաթիւ լուսանկարներ։ Լուսանկարած է այնպիսի նշանաւոր մարդոց, ինչպիսին են Աւետիք Իսահակեանը, Պարոյր Սեւակը, Յովհաննէս Շիրազը, Արամ Խաչատրեանը, Շարլ Ազնաւուրը, Մարտիրոս Սարեանը, Յովհաննէս Բաղրամեանը եւ այլք։
Այսօր վարպետ Օնիկի լուսանկարչատունը կ՚աշխատեցնէ անոր տղան՝ Արմէն Խանոյեանը։
2009-ին Երեւանի քաղաքապետարանը յայտարարեց տենդեր: Շահող ընկերութիւնը որոշեց չքանդել շէնքը եւ տարածք յատկացուց լուսանկարչատան։
2010-ին լուսանկարչատունը տեղափոխուեցաւ Պուշկինի փողոցի նորակառոյց շէնքերէն մէկուն մէջ։
2011-էն այստեղ կը գործէ «Դալան» պատկերասրահը։