Աբովեան Փողոց (Երեւան)

Աբովեան փողոցի տեսարանը ձմռան

Աբովեան փողոց, փողոց Երեւանի Կեդրոնին մէջ[1]։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փողոցը 1869 թուականին ի պատիւ Երեւանի 1864-1869 թուականներու նահանգապետ ժեներալ Ասթաֆեւի, կոչուեցաւ Ասթաֆեւսաքայա, բայց ժողովուրդը զայն կ'անուանէր հայկական Ասթաֆեան տարբերակով։ Քանի որ այս քաղաքի առաջին ծրագրուած փողոցն էր, ապա ժողովուրդը «փլան» ըսելով կը հասկնային Ասթաֆեան փողոցը, իսկ «Փլանի գլուխ» ըսելով կը հասկնային փողոցի վերի բաժինը գտնուող Աբովեան պուրակը, որտեղ տեղադրուած է Խաչատուր Աբովեանին արձանը։

Անուանման ծագում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին ժամանակ փողոցը կոչուած է Ամրոցային, ետքը Ասթաֆեան։ Փողոցը անուանակոչուած է հայ նոր գրականութեան, մանկավարժութեան հիմնադիր, գրող, ազգագրագէտ, լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեանի անուամբ։

Շէնքեր եւ կառոյցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւետիք Իսահակեանի արձանը Աբովեան փողոցի վրայ
Դուռ Աբովեան փողոցի 8 հասցէին վրայ (բնակելի տուն)
Յուշատախտակ Աբովեան 1 շէնքի պատին վրայ

Փողոցի սկզբնամասի շէնքի պատին Խաչատուր Աբովեանին պրոնզաձոյլ հարթաքանդակը փակցուած է։ 1933 թուականին ներկայիս Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ բացուեցաւ Խաչատուր Աբովեանի պրոնզաձոյլ արձանը՝ որ 1913 թուականին Փարիզի մէջ պատրաստած էր քանդակագործ Անտրեաս Տէր-Մարուկեանը։

Աբովեան փողոցին վրայ կը գտնուէին քաղաքի ճարտարապետական հնագոյն կոթողներէն երկուքը՝ Պողոս-Պետրոս եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները, որոնք կը դասաւորուէին Հայաստանի նիւթական մշակոյթի հնագոյն յուշարձաններու շարքին։ Պողոս-Պետրոսը հինգերորդ դարու, իսկ Կաթողիկէն տասներեքերորդ դարու կոթողներ էին։ Առաջինը կը գտնուէր ներկայ «Մոսկվա» շարժանկարի սրահին տեղ, (ան քանդուեցաւ 1933 թուականին), իսկ երկրորդը՝ Աբովեան եւ Սայաթ-Նովա փողոցներու անկիւնը։

Փողոցի 27 շէնքին մէջ է Հայաստանի Հանրապետութեան ուժի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան գործակալութիւնը։ Դիմացը Երեւանի Մետրոպոլիտի «Երիտասարդական» կայարանն է, Աւետիք Իսահակեանի յուշարձանը։ Փողոցի աստղադիտարանին առջեւ դրուած է աստղաբնագէտ Վիքթոր Համբարձումեանի յուշարձանը։ Այստեղ յուշաքար տեղադրուած է «Ի յիշատակ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Հայաստանի մէջ նահատակուած հունկարական ռազմագերիներու եւ Հունկարիոյ մէջ զոհուած հայ մարտիկներու» (28 Օգոստոս 2004)։ Աբովեան փողոցի շէնքերուն մէջ տարբեր ժամանակներու ընթացքին տեղադրուած են յուշաքարեր՝

  • 1960-2003 թուականներուն - թիւ 39 շէնքին մէջ ապրած է մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, փրոֆէսօր Քառլէն Միրզախանեանը։
  • 1956-1971 թուականներուն - թիւ 39 շէնքին մէջ ապրած է փրոֆէսօր Զաքարէ Պաշինջաղեանը։
  • 1954-1981 թուականներուն - թիւ 37 շէնքին մէջ ապրած է գիտութեան վաստակաւոր գործչ Հէնրի Գաբրիելեանը։
  • 1951-1985 թուականներուն - թիւ 37 շէնքին մէջ ապրած է ԽՍՀՄ հերոս, գնդապետ Կետէոն Միքայելեանը։
  • 1959-1971 թուականներուն - թիւ 31 շէնքին մէջ ապրած է Ամասի Մարտիրոսեանը։
  • 1936-1977 թուականներուն - թիւ 25 շէնքին մէջ ապրած է կուսակցական,եւ փրոֆէսօր Փյոթր Քուզնեցովը։
  • 1936-2009 թուականներուն - թիւ 33 շէնքին մէջ ապրած է վաստակաւոր արուեստագէտ, Իլեա Մինասեանը։
  • 1967-1996 թուականներուն - թիւ 31 շէնքին մէջ ապրած է փիլիսոփայ, լեզուաբան, ակադեմիկոս Էտուարտ Աթաեանը։
  • 1930-1940 թուականներուն - թիւ 42 շէնքին մէջ ապրած է ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Ստեփան Աղաճանեանը (1863-1940)։
  • 1956-1984 թուականներուն - թիւ 42 շէնքին մէջ ապրած է ԽՍՀՄ հերոս ժեներալ Սարգիս Սողոմոնի Մարտիրոսյանը։
  • 1927-2003 թուականներուն - թիւ 23 շէնքին մէջ ապրած է ճարտարապետ Հովհաննէս Խեչանեանը։
  • 1946-1982 թուականներուն - թիւ 22 շէնքին մէջ ապրած է ականաւոր պետական գործիչ, Հայաստանի կապի նախարար Թադեւոս Մինասեանցը։
  • 1954-2002 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է ակադեմիկոս Վահան Ղազարեանը։
  • 1934-1952 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է փրոֆէսօր Աշոտ Տէր-Մկրտչեանը։
  • 1934-1948 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է փրոֆէսօր Համբարձում Կեչեքը։
  • 1938-1987 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է ժողովրդական նկարիչ Սեդրակ Առաքելեանը։
  • 1936-1957 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է լեզուաբան, ՀԽՍՀ ԳԱ ակադեմիկոս Գրիգոր Ղափանցեանը։
  • 1935-2000 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է երգահան Ծովակ Համբարձումեանը։
  • 1936-1991 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է արուեստաբան, Հայաստանի պատկերասրահի ստեղծող Ռուբէն Տրամպեանը։
  • Թիւ 20 շէնքին մէջ ապրած է Մետաքսեա Սիմոնեանը։
  • Թիւ 3 շէնքին մէջ եղած է Արտասահմանեան երկիրներու հետ բարեկամութեան, մշակութային կապի հայկական ընկերութիւնը (նախկին)։
  • Թիւ 8 շէնքին մէջ տեղաւորուած է Հենրիք Իկիթեանի կազմակերպած Հայաստանի մանկական ստեղծագործական թանգարանը, «Աշխարհը երեխաներու աչքերով» մանկական ցուցահանդեսը։ 1970 թուականին թիւ 13 շէնքին մէջ բացուած մանկական պատկերասրահը, առաջինն է աշխարհի մէջ, ան 1976 թուականին վերածուեցաւ մանկական ստեղծագործութեան թանգարանի, ապա՝ գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի։
  • 1897-1963 թուականներուն - թիւ 40 շէնքին մէջ ապրած է Խեչումեաններու ընտանիքը։

Փոխադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1906-1918 թուականներուն Աբովեան փողոցով կ'անցնէր Երեւանի ձիաքարշը, իսկ 1933 թուականից քաղաքի առաջին թրամուէյը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սերկէյ Աւագեան, Երեւանի փողոցները, Երեւան 272, էջեր 272 — 272 էջ. — 300 հատ։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]