Jump to content

Գիսակ Վրոյր

Գիսակ Վրոյր
Ծնած է 1884
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1973
Մասնագիտութիւն ջութակահար, գեղանկարիչ

Գիսակ Վրոյր (1884, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1973), հայ ջութակահար։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1903 թուականին մեկնած է Պելճիքա, սորված է Պրիւքսէլի երաժշտանոցին մէջ՝ Մ․ Թոմսընի մօտ, որ աւարտելէ ետք դարձած է նոյն երաժշտանոցին փրոֆէսօր։

Համերգներով հանդէս եկած է Եւրոպայի երկրները։ Վրոյրը ջութակի ֆրանսական–պելճիքական դպրոցի ներկայացուցիչ է։

1911–1914 թուականներուն Վրոյր ապրած է Թիֆլիս, ընտրուած է Թիֆլիսի հայոց երաժշտական ընկերութեան վարչութեան կազմին մէջ։ Համերգներով հանդէս եկած է Անդրկովկասի տարբեր քաղաքներու մէջ, մասնաւորապէս Պաթումի, Ալեքսանդրապոլի մէջ։

1914 թուականին համերգային շրջագայութեան մեկնած է Հոլանտա։ 1923 թուականէն ապրած է Ամերիկա (Լոս Անճելըս)։

Նուագած է «Մեթրօ Կոլտուին Մայըր» ընկերութեան նուագախմբոին մէջ, հիմնադրած է իր դպրոց-արուեստանոցը, զբաղած է մանկավարժութեամբ, կազմած է ջութակի ուսումնական ձեռնարկներ։

Վրոյր նաեւ շնորհալի գեղնկարիչ եղած է, մասնակցած է Լոս Անճելըսի գեղարուեստական ցուցահանդէսներու, շահած է ոսկէ մետալներ։ Անոր նկարներուն մէկ մասը կը պահվուի Հայաստանի ժողովրդական արուեստի թանգարանը (Երեւան

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։