Jump to content

Գէորգ Կիւրճիեւ

Գէորգ Կիւրճիեւ
յուն․՝ Γεώργιος Γεωργιάδης
Ծնած է 13 Յունուար 1866(1866-01-13), 1872 կամ 27 Դեկտեմբեր 1877(1877-12-27)
Ծննդավայր Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 29 Հոկտեմբեր 1949(1949-10-29)[2][3][4][…]
Մահուան վայր Փարիզի ամերիկյան հիվանդանոց, Նէյի-սիւր-Սեն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Թիֆլիսի Հոգեւոր Ճեմարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Fourth Way? եւ Meetings with Remarkable Men?
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, երգահան, գրագէտ, հեղինակ, պարուսոյց, ուսուցիչ
Կայքէջ institut-gurdjieff.com

Գէորգ Կիւրճիեւ (13 Յունուար 1866(1866-01-13), 1872 կամ 27 Դեկտեմբեր 1877(1877-12-27), Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 29 Հոկտեմբեր 1949(1949-10-29)[2][3][4][…], Փարիզի ամերիկյան հիվանդանոց, Նէյի-սիւր-Սեն), հայ մտաւորական, փիլիսոփայ, հոգեւոր ուսուցիչ, պարուսոյց ու երաժիշտ։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Գիւմրի[5]: Անոր հայրը եղած է աշուղ՝ ծանօթ «ուստա Ատաշ» անունով: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած՝ Կարսի Ս. Առաքելոց վանք: Եղած է Աւետիք Իսահակեանի դասընկերը. որոշ աղբիւրներ կը նշեն, թէ եղած է նաեւ Ստալինի դասընկեր՝ Վրաստանի հոգեւոր սեմինարի ընթացքին:

Երիտասարդ տարիքէն շրջած է բազմաթիւ երկիրներ, ինչպէս՝ Յունաստան, Եգիպտոս, Աֆղանիստան, Թուրքիա, Հնդկաստան, Ափրիկէ եւ այլ երկիրներ: Զանազան երկիրներ շրջելու նպատակը եղած է ուսումնասիրել եւ համեմատել տարբեր ժողովուրդներու հոգեւոր աւանդութիւնները, հաւաքել յայտնաբերուած գիտելիքները՝ նոյնիսկ երաժշտութեան եւ պարի ճամբով. այս աշխատանքը կոչուած է «Ճշմարտութիւն փնտռողներ»:

Գէորգ Կիւրճիեւ բազմաթիւ երկիրներ շրջելէ ետք Մոսկուայի մէջ՝ 1912-ին, հիմնած է իր անձնական հոգեւոր գիտելիքներու դպրոցը ու սկսած է իր գաղափարները քարոզել իր աշակերտներուն, որոնք՝ իր բառերով «կ՚ուզեն իրենց անձերը կերտել»:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիւրճիեւ իր փիլիսոփայութեանց մասին գրած է բազմաթիւ յօդուածներ ու հրապարակախօսութիւններ, որոնք տպագրուած են «Ամէն ինչ եւ ամէն ինչ», «Բելզեբուբի հեքիաթներ», «Հանդիպումներ հանրաճանաչ մարդկանց հետ»  եւ այլ աշխատութիւններու մէջ:

Անոր առաջին հրատարակած գործերէն եղած է «Տեսք իրական աշխարհից» աշխատութիւնը։

Գէորգ Կիւրճիեւ 1915-ին ծանօթացած է փիլիսոփայ ու լրագրող Ուսփենսկիի հետ, որ օգնած է զինք գաղափարներու մշակման եւ կամաց-կամաց դէպի Եւրոպա հասնելուն:

Անոր փիլիսոփայական մտածումները եղած են խոր եւ մինչեւ օրս ուսումնասիրութեան առարկայ են տարբեր երկիրներու համալսարաններու մէջ:

Կիւրճիեւեան հիմնադրամներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անոր մահէն ետք իր անմիջական աշակերտները հիմնած են Կիւրճիեւեան հիմնադրամներ Ֆրանսայի, Լոնտոնի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Մեքսիքայի, Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ մէջ:

Մինչեւ օրս Գէորգ Կիւրճիեւ՝ որ աւելի ծանօթ է Ճորճ Կիւրճիեւ անունով, կը մնայ անլուծելի մտածող մը, որուն համար կոչուած է «Առեղծուածային իմաստունը», որուն գործերը մինչեւ օրս տարբեր համալսարաններու մէջ որպէս փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան դասագիրք կը գործածուին[6]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #118543679 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. 2,0 2,1 2,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. 3,0 3,1 3,2 Itaú Cultural Enciclopédia Itaú CulturalSão Paulo: Itaú Cultural, 2001. — ISBN 978-85-7979-060-7
  4. 4,0 4,1 4,2 Encyclopædia Britannica
  5. «Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան մտադիր է վերականգնել Կիւրճիեւի տունը Գիւմրիի մէջ»։ Abaka News (en-CA)։ 2020-05-07։ արտագրուած է՝ 2022-03-08 
  6. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-08