Գագիկ-Հեթումեան բժշկարան
«Գագիկ-Հեթումեան բժշկարան», հայ միջնադարեան բժշկութեան հնագոյն բժշկարան։ Հեղինակը անյայտ է, ստեղծուած է Անիի մէջ, Գագիկ Ա.-ի օրով։ Խմբագրուած է Կիլիկեան Հայաստանի մէջ` առաջին անգամ ԺԲ. դարու վերջին, Ներսէս Լամբրոնացիին եղբօր` Հեթումին մասնակցութեամբ, երկրորդ անգամ՝ 1294-ին Հեթում պատմիչին հրամանով (հոսկէ ալ՝ «Գագիկ-Հեթումեան բժշկարան» անուանումը)։ Մեզի հասած են Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի մատենադարանին թիւ 370 թղթեայ ձեռագիրը եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարանին թիւ 1281 մագաղաթեայ մատեանը։ Բժշկարանէն կարգ մը գլուխներ պահպանուած են նաեւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին թիւ 8382 ժողովածուին մէջ եւ «Յովհաննէս հեքիմին բժշկարանին մէջ» (Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարան, ձեռագիր թիւ 310)։
Բժշկարանը բաղկացած է երեք մասէ՝ «Անի»ական դպրոցին դեղագիտարանէն (35 գլուխ), Մխիթար Հերացիին «Ջերմանց մխիթարութեան» համառօտ խմբագրութենէն (30 գլուխ) եւ Կիլիկեան դպրոցին անանուն բժշկարանէն (91 գլուխ)։ Բժշկարանին մէջ նկարագրուած են ժողովրդական բժշկութեան մէջ օգտագործուող պարզ եւ բարդ դեղանիւթերն ու սննդանիւթերը, ախտաբանութեան, մահճաբուժութեան, բուսաբուժութեան եւ սննդաբուժութեան հարցերը։ Մեծ տեղ յատկացուած է ներքին հիւանդութիւններու նկարագրութեան, ինչպէս նաեւ վէրքերու, ուռուցքներու, այրուածքներու, թունաւորումներու ախտորոշման ու բուժման։
Բժշկարանը մեծ դեր խաղացած է հայ բժշկական մատենագիտութեան զարգացման գործին մէջ, անոր հեղինակութեան յաճախ դիմած եւ ընդարձակ մէջբերումներ կատարած են հայ բժշկապետեր՝ Մխիթար Հերացին, Ամիրտովլաթ Ամասիացին եւ ուրիշներ։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վարդանեան Ս. Ա., «Գագիկ-Հեթումեան բժշկարանը» եւ անոր խմբագրական տարբերակները, «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 1985, թիւ 2։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական համառօտ հանրագիտարան. Հատոր 1, 1990
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |