Հեթում Պատմիչ (1235[1] - անհայտ[2], Պուատիե[3]), 13-14-րդ դարերու Կիլիկեան Հայաստանի պատմագիր, պետական գործիչ։ Հեթումեաններու տոհմէն։ 1294-1305-ին՝ հայոց սպարապետ։ Շարք մը յաղթական ճակատամարտեր մղած է դրացի իսլամական իշխանութիւններուն (մանաւանդ Եգիպտոսի սուլթանութեան) դէմ։ 1305-ին սպարապետութիւնը յանձնած է իր որդի Օշինին, ընդունած է կաթոլիկութիւնը եւ մեկնած է Կիպրոս՝ կրօնաւորելու։ 1307-ին, Կղեմես V պապի յանձնարարութեամբ, գրած է թաթար-մոնկոլներու պատմութիւնը, որ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ միջնադարեան Արեւելքի, Հայաստանի, Կովկասի ու դրացի երկիրներու մասին։ Միջնադարեան ֆրանսերէնով գրած անոր երկը վերածուած է լատիներէնի, ապագային թարգմանուած է ֆրանսերէն, իտալերէն, անգլերէն, Dutch հոլանտերէն եւ այլն։ 1842-ին Մկրտիչ Աւգերեանը լատիներէնէ գրաբար թարգմանած է Հեթումի երկը՝ ատոր միանալով Հեթումի անունով յայտնի ժամանակագրութիւնը, որ կ'ընդգրկէ կարեւոր տեղեկութիւններ Հայաստանի եւ ասիական ու Եւրոպական շարք մը պետութիւններու 1096-1307-ի պատմութիւնէն։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։