Jump to content

Գաբրիէլ Սեւեան

Տօքթ. Գաբիէլ Սեւեան (6 Յունուար 1822 - 15/26 Նոյեմբեր 1900), հայ բժիշկ։

Ծնած է Բերայի մէջ։ Զաւակն էր Յովսէփ Գարայեանի, որ իբրեւ ուսումնասէր անձ՝ մեծ խնամք տարած էր իր զաւակներուն կրթութեան։ Գաբրիէլ քանի մը վարժարաններ յաճախելէ ետք, Վիեննայի Մխիթարեանց վանքը կը ղրկուի 1835-ին, ուր ըստ սովորութեան անունը փոխուելով, Եսայի կը կոչուի եւ հոն 8 տարի կ՝ ուսանի։

Վանական այս շրջանը աւարտելէ ետք երբ եկեղեցական ուխտը պիտի ընէր, անկարող կը զգայ ինքզինքը եւ թողելով Եսայ անունն ալ, վանքն ալ, 1843-ին կը հեռանայ Վիեննայէն եւ Պոլիս դառնալով՝ կ՛որոշէ հետեւիլ բժշկութեան ու կ՛արձանագրուի բժշկական դպրոցը 1844-ին։ Կայսերական Բժշկական վարժարանը յաճախող առաջին հայ ուսանողներէն եղած է Ֆէրուհեանի, Ասլանեանի, Բոլանդեանի եւ Յովհաննէսեանի հետ։

Վարժարանի տեսչութեան կողմէ Օրթագիւղի բժիշկ կ'անուանուի 1847-ին երբ ամբողջ Պոլիսը քօլերայի համաճարակէն կը կեղեքուէր։ Սեւեան 4 ամիս ճարտարօրէն կը դարմանէ հիւանդները։ 1849-ին աւարտելով քննութիւնները կը վկայուի Տօքթօր յիշեալ ընկերներուն հետ, եւ կ՛անուանուի բժիշկ։ Պոլսոյ Մալթէփէի զինուորական ծառայութենէն ետք կը նուիրուի ծովային բժշկութեան։ 1850-ին Տօթք․ Սեւեան առաջին հայը ըլլալով կը կարգուի բժիշկ Կայսերական Շահապը Պահրի մարտանաւին վրայ, որ ամիս մը վերջ կ՛ուղեւորուի Թուլօն, Դարջին Սամոս կը ղրկուի, որ այն ատեն ապստամբած էր եւ ուր Օսմանեան բանակներուն հրամանատար Պօնաբարդ Մուսթաֆա Փաշայէն բժշկապետ կ՛անուանուի՝ ծովային եւ ցամաքային հիւանդանոցներուն։

1851-52-ին պաշտօնավարելով, 1852-ին Սուրիա ղրկուած նաւատորմին գլխաւոր բժիշկ կը կարգուի եւ այդ պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ 1855։ 1856-ին Եգիպտոս կ'երթայ այցելելով հնութիւնները։ 1857-ին Անգլիա կը ղրկուի Ֆեթհիէ մարտանաւով, այս առիթով Տօքթ․ Սեւեան կը բարձանայ քայմագամի աստիճանին։ 1857-ին Ֆեթհիէ փոթորիկի մը բռնուելով ընկղմելու մօտ կ'երթայ Սպանիոյ եզերքը ֆէրրոլի մօտ, ուր կը ստիպուի խարիսխ նետել եւ մնալ ինը ամիս նորոգութիւններ կատարելու համար։ Հոն ոչ միայն իբրեւեւ բժիշկ անձնուիրութեամբ կը խնամէ հիւանդները, այլ եւ իբրեւեւ հաւատարիմ հպատակ իր տէրութեան անոր կենսական շահերն ալ կը պաշտպանէ քաջութեամբ։

Ֆեթհիյ իր նորոգութիւնները աւարտելէն ետք, 1858 Մայիսին Պոլիս կը վերադառնայ՝ Սուլթան Մէճիտ իր սոյն զբօսանաւով Սելանիկ Քիոս կղզին կը ճամբորդէ։ 1859-ին, Տօքթ․ Սեւեան դարձեալ բժիշկն էր Ֆեթհիյէին եւ կ'ընկերանար կայսերական զբօսանաւին։

Նոյն տարին կը ղրկուի Եգիպտոս Թայիֆ շոգենաւով, 1860-ին Թունուզ, նոյն տարին Ֆուատ փաշայի հետ Պէյրութ կ'երթայ դարձեալ Թայիֆ շոգենաւով։ Պէյրութէն վերադարձին, բաւական ատեն այլեւայլ մարտանաւերու մէջ իբրեւեւ բժշկապետ ծառայելով 1860 Մայիս 3-ին կ'ընտրուի անդամ Պոլսոյ Կայսերական Բժշկական ընկերութեան։ Իր ընտիր բժշկական յօդուածները կ'երեւան Gazette Medical d'Orientի մէջ։

1862-ին Սեւեան կը պաշտօնավարէ Պոլսոյ Ծովային հիւանդանոցը եւ այդ միջոցին կը պատրաստէ ընդարձակ տեղեկագիրներ (1862-65), որոնք կը ներկայացնէր ամէն տարի բժշկական ընկերութեան։ 1865-ի Հոկտեմբերին քօլերայի մեծ համաճարակէն վերջ իբրեւ աշխատութեան վարձք կը ստանայ 4-րդ կարգի Մենիտիյէ պատուանշանը։ 1871-ին բարձրագոյն հրամանով Ծովային Բժշկական խորհուրդին անդամ կ'անուանուի եւ այս առթիւ Պէյ տիտղոսով կը բարձրանայ միրալայի աստիճանին։ 1872-ին նախագահ կ'անուանուի։ 1876 Յուլիս 31-ին՝ Կարմիր Մահիկի ընկերութեան հիմնադիր ժողովին կը մասնակցի եւ գործօն ազդեցութիւն կ'ունենայ։

Հակառակ իր բազամազբաղ վիճակին չմոռնար ազգն ալ եւ 1878-ին կ՛ըլլայ հոգաբարձու Ս․ Գրիգոր Լուսաւորչեան վարժարանին Օրթագիւղի մէջ, ուր եռանդուն աշխատութեամբ մեծամեծ բարեկարգութիւններ կը գործադրէ, ուսմանց ծրագիրը ժամանակի պահանջներուն յամաձայն հիմնովին կը բարեփոխէ, դպրոցին նիւթականը կ'ապահովցնէ եւ կը յաջողի ընծայել ազգին՝ զարգացած երիտասարդներ։ 1879-ին կայսերական Իզզետտին շոգենաւին բժշկապետ կ'անուանուի եւ դարձեալ եգիպտոս կ'երթայ, Խտիվ Թէվֆիք փաշային հրովարտակը տանող պատգամաւորութեան հետ։ 1878-ին երբ հակահասունեան հայերէն ստուար խումբ մը առաջնորդութեամբ Հ․ Մաղաքիա Վ․ Օրմանեանի՝ կը դիմէր հայ Լուսաւորչական Եկեղեցւոյ, կը դառնայ Մայրենի Եկեղեցիին։

Սեւեան փաշա զբաղած է նաեւ գրականութեամբ եւ 1886-ին «Ճաշակ Ոսկեղէն Դպրութեան» հանդէսին մէջ գրած է ընտիր յօդուածներ, որոնց ամէնէն ուշագրաւն էր՝ «Տելեմաքայ Արկած» Ա․ գլուխին ոսկեդարու գրաբարով թարգմանութիւնը, որ այն ատեն բաւական աղմուկ հանեց եւ տեղի տուաւ մեծ բանակռիւներու։ Տելեմաքի թարգմանութենէն ետք Սեւան Պեյ «Կարեւորութիւն Լեզուի» անուն գրութիւն մըն ալ ունեցաւ 1993-ին Գուրգէնին «Պատկեր Աշխարհիկ» գրականութեան մէջ։

1892-ին Տօթք․ Սեւեան Ծովային նախարարութեան կողմէն կը մասնակցի Բ․ Դուռ գումարուած Առողջապահական Կայսերական Խորհուրդին, ուր արդիւնաւոր գործունէութիւն կ'ունենայ, ու կ'արժանանայ Կայսեր գնահատման եւ կը բարձրանայ Լիվա-Փաշայութեան։ Սեւան փաշա ունէր նաեւ Գ․ Կարգի Օսմանիյէ եւ Բ․ կարգի Մէճիտիյէ պատուանշանները։

12 Յունիս 1897-ին կը կանչուի հանգստեան։ Տօքթ․ Թորգոմեան հետեւեալը գրած է իր մասին․ «Սեւեան փաշա հազուագիւտ դէմք մըն էր ազգին մէջ, եւ ժամանակակից Օտեանի, Աղաթօնի, Տէրոյենցի, Միսաքեանի պէս երեւելի հայերու խմորովը շինուած, իր ամբողջ կանքին մէջ ուրիշ բան չէ մտածած, բայց միայն իր հէք ազգին մտաւորական յառաջադիմութիւնը։ Ինքզինքը երկու կէսի բաժնած Սեւեան, իր մէկ կէսովը՝ իբրեւեւ բժիշկ կէս դար շարունակ նկրտած է տառապեալ մարդկութեան ցաւերն ամոքելու, եւ միւս կէսովն իբրեւեւ մատենագիր, գրեթէ 60 տարեկանէն աւելի, հայ լեզուն ուսումնասիրած է․ արդեօ՞ք այս երկու կէսերն իրենց կիսադարեան կեանքին մէջ չունին ուրիշ աշխատութիւներ մեզ անծանօթ պահուած ու դիզուած»։ Մեռած է 1900 Նոյեմբեր 15/26-ին։