Jump to content

Բեմական Խօսք

Բեմական խօսք, բեմէն հնչող խօսք, գրական երկին բեմական մարմնաւորում տալու հիմնական միջոցներէն մէկը։

Թատրոնի պատմութեան ընթացքին բեմական խօսքը դիտուած է իբրեւ դերասանի վարպետութեան գնահատման գլխաւոր չափանիշերէն մէկը, սակայն տարբեր դարաշրջաններու չափանիշները փոխուած են՝ ըստ թատրոնի ոճական ուղղութիւններու փոփոխութեան (հին թատրոն, 17-18-րդ դարու ֆրանսական դասական թատրոն, ուր բեմական խօսքը գրեթէ անթերի էր, ռոմանթիք թատրոն, ուր բեմական խօսքը կառուցուած է յուզիչ կտրուկ հակադրութիւններու վրայ եւ այլն)։

19-րդ դարու կէսերէն, երբ իրապաշտութիւնը իբրեւ ուղղութիւն հաստատուն նաեւ թատրոնի մէջ, բեմական խօսքը սկսաւ աւելի մօտենալ խօսակցական լեզուին եւ առաջնահերթ կարեւորութիւն ստացաւ գործող անձի բնաւորութիւնը, ներաշխարհը, հոգեբանութիւնը բացայայտելու պարագան։ Անոր շնորհիւ հարստացաւ եղանակի արտայայտչական հնարաւորութիւններու պատկերացումը[1]:

Բեմական խօսքի տեսութեան մէջ կարեւոր էին Կոնստանթին Ստանիսլավսկիի դատողութիւնները՝ «Խօսել նշանակում է գործել», «Խօսքի գործողութիւն»[1]։

Բեմական խօսքը հայկական թատրոնին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բեմական խօսքը հայկական թատրոնին մէջ սկսած է մշակուիլ 19-րդ դարու 60-ական թուականներէն՝ Պետրոս Ադամեանի, Ազնիւ Հրաչեայի, Սիրանոյշի, Յովհաննէս Աբելեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Հետագային զարգացաւ Վահրամ Փափազեանի, Իսահակ Ալիխանեանի, Յովհաննէս Զարիֆեանի, Յասմիկի, Սաթենիկ Ադամեանի, Օլկա Գուլազեանի, Արուս Ոսկանեանի, Հրաչեայ Ներսիսեանի, Վաղարշ Վաղարշեանի եւ ուրիշներու շնորհիւ[1]:

Բեմական արուեստի ճիւղերէն է ասմունքի արուեստը, որուն ներկայացուցիչն է Սուրէն Քոչարեանը («Կենդանի խօսքի ոլորտներում» գիրքը)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 Լեւոն Հախվերդեան, Թատերագիտական բառարան (խմբ. Ռ․ Զարեան), Երեւան էջ 26. — 5000 հատ։