Արցախի բռնակցումը Խորհրդային Ազրպէյճանին

5 Յուլիս 1921-ին, «Ռուսական Կոմունիստական կուսակցութեան Կ. կոմիտէի Կովկասեան Բիւրոն», առանց օրինականութիւններ փնտռելու եւ կարգուկանոն յարգելու, ստալինեան կամայական որոշումով մը Ղարաբաղը կը պոկէ խորհրդային մականի տակ առնուած Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ կը բռնակցէ արդէն խորհրդային կարմիր դրօշ պարզած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան:

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման ու Արցախի Հանրապետութեան պատմակերտ նուաճումներէն ասդին` հայ քաղաքական միտքը երկու ուղղութիւններով իր քննարկումներն ու վիճարկումները կեդրոնացուցած է խորհրդայիններու այդ որոշման այժմէական արծարծման եւ իրաւական արժեւորուման վրայ:

Մէկ ուղղութիւնը հիմնաւորած ու դատապարտած է այդ որոշման կամայական, ապօրինի եւ անարդար բնոյթը: Հիմնաւորած է, թէ ինչո՛ւ ստալինեան որոշումին մէջ իրաւական որեւէ հիմք գոյութիւն չէ ունեցած, եւ պարզապէս Ռուսաստանի մեծապետական շահախնդրութեանց յագուրդ տուող գործարք մը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի բռնակցումը Ազրպէյճանին:

Երկրորդը հիմնաւորած է իրաւագիտական յենակէտերը ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային լիիրաւ ճանաչման` իբրեւ քաղաքական-իրաւական հիմքը արցախեան հարցի բանակցային լուծման համար հայկական կողմին առաջադրած եւ պաշտպանած տեսակէտին:

Ի պատասխան ազրպէյճանական կողմի այն հետեւողական պնդումին, թէ իբր յանուն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան` Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է վերադարձուի Ազրպէյճանի կազմին, հայկական կողմը իրաւաբանօրէն կը հիմնուի այն փաստին վրայ, որ ամբողջ Ղարաբաղը` դաշտային թէ լեռնային, երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ, հետեւաբար, անհիմն ու անհեթեթ է ամէն խօսակցութիւն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման մասին:

Արդարեւ, եթէ 1921-ին Ղարաբաղը յայտարարուած էր մէկ մասը Ազրպէյճանի, այդ քայլը իրաւաբանօրէն նախ եղած էր ապօրինի, ապա` բռնակցումը կատարուած էր ի սպաս Խորհրդային Ազրպէյճանի, այլ ոչ թէ` անկախ եւ իբր թէ «ժողովրդավարական» Ազրպէյճանի:

Բռնակցումին Ստալին փորձած էր տալ խորհրդային սահմանադրական հիմնաւորում` 7 Յուլիս 1923-ին արհեստականօրէն կեանքի կոչելով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ մը, որ սակայն 1991-էն ետք կը կորսնցնէ այդ առումով եւս իրաւական ամէն շինծու հիմնաւորում, երբ նոյնինքն Ազրպէյճան կը մերժէ ճանչնալ Խորհրդային Միութիւնն ու անոր սահմանադրութիւնը եւ դուրս կու գայ ԽՍՀՄ կազմէն, նոյնիսկ` նախքան անոր պաշտօնական լուծարումը:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստալին

Պատմութիւնը արձանագրած է, որ Ռուսական կայսրութեան անկումէն ետք, Կովկասի մէջ սկսած ազգային պետութիւններու «ձեւաւորման» փուլին, ամբողջ Ղարաբաղը 1918-20 թուականներուն կռուախնձոր կը դառնայ մէկ կողմէ ազգային-պատմական իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, միւս կողմէ, թրքական զօրքերու ներխուժման պայմաններուն մէջ Անդրկովկասի թաթարաբնակ տարածքներէն ձեւաւորուած նորելուկ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ[1]:

Այդ ատեն ծայր կ'առնէ հայ եւ թաթարական դաժան պատերազմ մը, որուն ընթացքին Արցախը հերոսաբար կը պաշտպանէ ինքզինք եւ պապենական իր հողը:

Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, իր կազմաւորման պահէն իսկ, շարունակաբար հողային պահանջներ կը ներկայացնէ Անդրկովկասի հայկական շրջաններուն նկատմամբ:

Թրքական կանոնաւոր զօրքերն ու Ազրպէյճանի մուսաւաթական զօրամիաւորները, օգտուելով Ա. Աշխարհամարտի եւ Ռուսական կայսրութեան անկման պատճառով ստեղծուած խառնաշփոթ իրավիճակէն, կը փորձեն իր աւարտին հասցնել հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան կողմէ 1915-ին գործադրութեան յանձնուած ցեղասպանութեան ոճիրը:

1918-1920, համաթրքական մեծ պետութիւն մը հիմնելու ցնորական ծրագիրով տարուած, թրքացեղ այդ զօրքերը կը բնաջնջեն հարիւրաւոր հայկական գիւղեր, կը կազմակերպեն հայերու ջարդեր Պաքուի եւ Գեանջայի (Գանձակ, Ա.) մէջ:

Բայց նոյնինքն Ղարաբաղի մէջ թուրք եւ ազրպէյճանական զօրքերը կը բախին լուրջ դիմադրութեան եւ պարտուած` նահանջի կը դիմեն, հակառակ անոր որ Արցախի ատենի մայրաքաղաք Շուշին 23 Մարտ 1920-ին հրկիզուած ու թալանուած էր, իսկ անոր հայ բնակչութիւնը` կոտորուած:

Ճիշդ այդ ժամանակ միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ կը համարէ միջամտել աննախընթացօրէն ողբերգական բնոյթ ստացած հակամարտութեան:

1 Դեկտեմբեր 1920-ին Ազգերու լիկայի 5-րդ կոմիտէն, իր 3-րդ ենթակոմիտէի զեկոյցին վրայ հիմնուելով եւ հակադարձելով Ազրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն ու ազերիներու ձեռամբ հայերու զանգուածային կոտորածներուն, միաձայնութեամբ կ'որոշէ մերժել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դիմումը` Ազգերու լիկային անդամակցելու:

Օրին Ազգերու լիկան նաեւ կ'որոշէ, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը, Ղարաբաղը ճանչնալ իբրեւ վիճելի տարածք, եւ այդ որոշումին շուրջ համաձայնութեան կը յանգին հակամարտութեան առնչակից բոլոր կողմերը, անոնց շարքին եւ` Ազրպէյճանը: Այսպէ՛ս, 1918-1920 թուականներուն, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանին, անոր գերիշխանութիւնը չէր տարածուած Ղարաբաղի, ինչպէս եւ Նախիջեւանի վրայ:

Այնուհետեւ, Անդրկովկասի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման կը հետեւի քաղաքական նոր քարտէսի սահմանագծումը:

Դեկտեմբեր 1920-ի վերջերուն, Խորհրդային Հայաստանի հռչակումէն ետք, Կարմիր բանակի զօրքերը, յատկապէս` կարմիր համազգեստ հագած ազերիներով լեցուած, առանց սպասելու Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի իրաւավիճակի միջազգային իրաւական խաղաղ լուծման, կը բռնագրաւեն հայապատկան զոյգ տարածքները:

Միաժամանակ, Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք, Ազրպէյճանի Յեղկոմը (Յեղափոխական կոմիտէն, որ պոլշեւիկեան այդ ժամանակուան իշխանութեան գլխաւոր մարմինն էր) պաշտօնական յայտարարութեամբ կը ճանչնայ «վիճելի տարածքներուն»` Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի Հայաստանի անբաժանելի մաս ըլլալը:

Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին ազրպէյճանական այդ յայտարարութեան պահուն հայկական տարածքները իրողապէս մաս չէին կազմեր արդէն Խորհրդային Ազրպէյճանին:

«Վիճելի տարածքներ»ու նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ազրպէյճանի յայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի կառավարութեանց միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ, 21 Յունիս 1921-ին, Խորհրդային Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը կը յայտարարէ իր անբաժանելի մասը:

Հայաստանի կառավարութեան ընդունած համապատասխան դեկրետը լոյս կը տեսնէ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ազրպէյճանի խորհրդային մամուլի էջերուն: Պաքուի «Աշխատաւոր» թերթը, որ Ազրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի օրկանն էր, 22 Յունիս 1921-ին լոյս կ'ընծայէ դեկրետը: Այդպիսով, տեղի կ'ունենայ Ղարաբաղի փաստացի միացումը Հայաստանին, ինչ որ միջազգային-իրաւական իմաստով Անդրկովկասի մէջ, կոմունիստական վարչակարգի ընթացքին, կ'ըլլայ վերջին օրինական քայլը Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերեալ:

Միացման այդ քայլը կ'ողջունեն ինչպէս միջազգային հանրութիւնը, այնպէս ալ` Ռուսաստանը, ինչ որ կ'ամրագրուի Ազգերու լիկայի ժողովի բանաձեւին մէջ (թիւ /18.XII.1920թ.), ինչպէս նաեւ Ազգերու լիկայի գլխաւոր քարտուղարին` Ազգերու լիկայի անդամ-պետութիւններուն ուղղուած տեղեկանք-նոթին եւ ՌԽՖՍՀ արտաքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիատի (նախարարութեան` իշխանութեան բարձրագոյն մարմնին) Խորհուրդներու 11-րդ նստաշրջանին ուղղուած 1920-1921 թուականներու տարեկան զեկոյցին մէջ:

Շուտով, սակայն, Ռուսաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը, համաշխարհային կոմունիստական յեղափոխութեան օժանդակելու իր քաղաքականութենէն մեկնելով եւ Թուրքիոյ վերապահելով «Արեւելքի մէջ յեղափոխութեան ջահակիր»ի դերը, ըստ այնմ կը փոխէ իր վերաբերմունքը վերջինիս ազգային ծագումով մերձաւոր Ազրպէյճանի եւ «վիճելի տարածքներ»ու խնդրին, այդ շարքին նաեւ` Ղարաբաղի նկատմամբ:

Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը Մոսկուայի ցուցմունքով կը վերսկսի խօսակցութիւններ ձեռնարկել Ղարաբաղի նկատմամբ իր յաւակնութիւններուն մասին:

Այսօր արդէն հանրագիտական հաստատուած տեղեկանք է, որ` «ՌԿ/բ/Կ Կովբիւրոյի պլենումը (նստաշրջանը), արհամարհելով Ազգերու լիկային որոշումը եւ մերժելով ժողովրդական հանրաքուէն` իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու որոշման ժողովրդավարական մեքանիզմ (աշխատակարգ), 5 Յուլիս 1921-ին, Ստալինի անմիջական ճնշումին տակ եւ ի հակադրումն միացման ակթի, արարողակարգային խախտումներով որոշում կու տայ Հայաստանէն Ղարաբաղի բռնի անջատման մասին` այդ հայկական տարածքներուն վրայ Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմին մէջ լայն իրաւասութիւններով ազգային ինքնավարութիւն կազմաւորելու պայմանով»[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]